Ակնարկ. Խորհուրդներ` Հակառակ Ուղղութեամբ

Davutoglu-MahcupyanՈրքան մօտենայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, այնքան պիտի շատնան  Թուրքիոյ վարչապետին հայազգի խորհրդականին յայտարարութիւնները: Եւ այս առումով երեւոյթը պէտք է ընկալել օրինաչափ. ի վերջոյ ճիշդ չեն այն պնդումները, որ Մահճուբեանի նշանակման մէջ դեր չէ ունեցած անոր հայազգի ըլլալը եւ թէ Մահճուբեանը ընդհանրապէս թրքական հրատապ հարցերու նկատառումով է, որ նշանակուած է  վարչապետի խորհրդական:

Անգարայի համար երեւոյթը ինքնին լիարժէք շահարկման ենթակայ է. միջազգային ընտանիքին ցոյց տալ, որ ազգային փոքրամասնութիւնները կը յարգուին աշխարհիկ կարգերով ղեկավարուող կառավարման համակարգին կողմէ: Խորքին մէջ Մահճուբեանին առաքելութիւնը կը կապուի ուղղակիօրէն հայկական գործօնին հետ եւ աւելի մասնակի` 100-ամեակի հետ կապուած  Անգարայի ձեռնարկած գործողութիւններուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ սահմանի բացումի պայմանականութեան մասին խօսելով Տաւութօղլուին խորհրդականը պարզապէս վերաբանաձեւած է Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութիւնը: Բեկումնային այլ յայտարարութիւն ակնկալելը քաղաքականօրէն կրնար մեկնաբանուիլ պարզամտութեամբ:

100-ամեակին ընդառաջ հայկական ծայրայեղականութեան աճի մասին նախատեսութիւն ընելով, Մահճուբեանը` իբրեւ Թուրքիոյ պետական գործիչ, հայկական կողմին վրայ բարդած է փոխզիջումներով լուծումի չյանգելու պատասխանատուութիւնը:

Այս յայտարարութիւնները Անգարայի դասական տեսակէտներուն համահունչ եւ գուցէ նաեւ ակնկալելի կեցուածքներ են: Հայկական կողմը քաղաքական, հասարակական թէ լրագրական մակարդակներով աղմուկ բարձրացնելու տենդին չլծուելու հարկադրանքին առջեւն է: Ասիկա տակաւին սկիզբն է եւ  նախանշած է որոշ վարքագիծ մը 100-ամեակի հետ կապուած թրքական քարոզչաքաղաքական գործողութիւններուն:

Այս վարքագիծին առընթեր, այսինքն պաշտօնական կեցուածքներու  յայտարարութիւններուն կողքին, կը սպասուին այլ քայլեր: Հաշտեցման միտող սեմինարներ, նման խորհրդաժողովներու համար յատկացուելիք դրամաշնորհներ, «Թուրքիա հրամմեցէք»-ի տարբեր հրաւէրներ, արուեստի եւ մշակոյթի միացեալ ելոյթներ, ձեռնարկներ եւ նմանատիպ նախաձեռնութիւններ:

Սահմանը փակ պահելով, ժողովուրդներու բարեկամութեան, հաշտեցման, «Անատոլուի հասարակաց մշակոյթ»-ի ներկայացման յատկացուած երեկոներու կազմակերպում եւ Թուրքիոյ կերպարի դրական կարծրատիպերու ստեղծման փորձերը հետեւողական, աշխուժ եւ անընդմէջ պիտի շարունակուին Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր:

Հրաւէր ստացող հայկական կողմը կա՛մ մերժելու եւ կա՛մ ալ այս բոլորը գիտնալով ընդառաջելու եւ այնտեղ կարելիի սահմաններուն մէջ հարցերը արծարծելու ընտրանքին առջեւ է: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն վերականգնելու առիթներ, պապենական կալուածներու վերատիրանալու կամ անոնց փոխհատուցումը ստանալու իրաւական ճանապարհներէ անցնելու ցուցմունքներ հետզհետէ շօշափելի կերպարանք պիտի ստանան:

Մահճուբեանը թէ՛ պիտի յայտարարէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու պայմանական ըլլլաը հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն հետ. այսինքն սահմանը փակ է, այնքան ատեն որ իբրեւ առաջին նախապայման` հայկական զօրքերը չեն հեռացած Արցախէն: Թէ՛ ալ հայ-թուրք ժողովուրդներու հաշտեցման միտող ձեռնարկներ պիտի թելադրէ, կազմակերպել տայ, ուղերձներ յղէ: Միաժամանակ մեղադրէ 100-ամեակին առիթով հայկական զարգացող ծայրայեղականութիւնը:

Այս բոլորը վարչապետին ծրագիրներն են, յայտարարուած այս կամ այն ձեւով, նախապէս: Մահճուբեանը խորհրդական է այնպիսի երկրի մը վարչապետին, ուր խորհրդականները փոխանակ խորհուրդ տալու, կ՛իրականացնեն վարչապետին տուած ցուցմունքները, պատուէրները: Նաեւ խորհուրդները` հայկական հարցերուն առնչութեամբ:

«Ա.»

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Hagop Atamian 9 years

    Պրն. Մահճուպեան.- «Ըսէ ինծի, թէ ո՞վ է ընկերդ, ըսեմ քեզի թէ՝ ով ես…»
    եւ կամ.- «Եթէ ընկերդ ագռաւն է, քիթդ ք…էն դուրս բնաւ դուրս չելլեր…»

  • Disqus ( )