«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ընդմէջէն. Պէյրութի Եւ Լեռներու Ճակատները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանանահայ Գաղթականները Կիպրոսի Մէջ

Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատը

Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատը

Նապաայի եւ Թէլ Զաաթարի անկումէն ետք, բուռն կռիւները շարունակուեցան Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ:

Հազմիէէն Հատէթ եւ Շիահ տանող ճամբուն վրայ գտնուող Կալըրի Սըմաանի շրջանը 1976-ի օգոստոսի կիսուն բուռն կռիւներու թատերաբեմ դարձաւ: Թէեւ Կալըրի Սըմաանի շրջանը միշտ բախումներու եւ ռումբերու թատերաբեմ հանդիսացած էր, բայց օգոստոս 14-ին եւ 15-ին ծանրագոյն բախումներու ճակատ դարձաւ: Թնդանօթներ, հրասայլեր, զրահապատ կառքեր, ծանր գնդացիրներ եւ ամէն տեսակի զէնքեր ու լուսարձակ ռումբեր գործածուեցան շրջանին մէջ, որ ռազմագիտական մեծ առաւելութիւն մը ունենալուն պատճառով յառաջդիմական ու պաղեստինեան ուժերուն կողմէ բուռն յարձակման ենթարկուեցաւ:

Քանի մը ժամ տեւող գօտեմարտերու ընթացքին ինկան 74 զոհեր եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներ: Օգոստոս 14-էն 15 լուսցող գիշերուան ընթացքին փաղանգաւոր եւ ազատական 500 միլիսներ ռազմաճակատ ղրկուեցան փրկելու համար Կալըրի Սըմաանը: Փաղանգաւորներ զինուորական գօտի հռչակեցին շրջանը:

* * *

Երկուշաբթի, օգոստոս 16-ին լեռներու պատերազմը պայթեցաւ: Փաղանգաւորներ զինուորական կարեւոր կեդրոնացումներ կատարեցին. անոնց զրահապատ կառքերը եւս նոր դիրքեր գրաւեցին մաքրելու համար գիւղերու մէջ գտնուող պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն դիրքերը:

Բուռն բախումները եւ ռմբակոծումները սկսան Մեթնի կարգ մը գիւղերու մէջ, յատկապէս Պասքինթայի, Այնթուրայի, Մթէյնի, Մրուժի եւ Պոլոնիայի մէջ, մինչ Սաննինի գագաթին վրայ հրասայլային կռիւներ մղուեցան:

Փաղանգաւորները, որոնք վեց ամիս անընդհատ պայքարած էին Պոլոնիա-Զաարուր-Տհուր Շուէյր ճակատին վրայ կատարուող յարձակումները ետ մղելու համար, սուրիական բանակին Պեքաա մուտքէն ետք զօրացուցին իրենց դիրքերը եւ Թէլ Զաաթարի անկումէն ետք իրենց ուժերը կեդրոնացուցին յատկապէս Պոլոնիայի մէջ, ուրկէ սկսան բախումները:

Պաղեստինցիք պաշարուեցան Այնթուրայի, Մթէյնի եւ Թարշիշի մէջ: Անոնց հիւսիսային եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ դիրք գրաւած էին փաղանգաւորները, իսկ հարաւային եւ արեւմտեան շրջաններուն վրայ կը գտնուէր սուրիական բանակը: Պեքաայի մէջ կեդրոնացած պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը չէին կրնար օգնութեան փութալ, քանի որ Թարշիշի վրայ պաշարումը սեղմուած էր, իսկ սուրիական բանակը կը յառաջանար դէպի Համմանա: Սալիմա-Պաապտաթ ճակատին վրայ եւս ծանր ռմբակոծումներ տեղի ունեցան:

Մթէյնի, Այնթուրայի եւ Սալիմայի վրայ կատարուած յարձակումներուն զուգահեռ, Սաննինի կռիւները սաստկացան եւ Ֆարայայի բախումներուն  հետ միատեղ ցնցեցին Լեռնալիբանանի բոլոր գագաթները եւ գիւղերը:

Սուրիական բանակը, որ Սոֆար կը մնար եւ Մտէյրէժի մէջ հաստատած էր ռազմագիտական կարեւոր կեդրոն մը, նոր յառաջխաղացք արձանագրեց եւ կտրեց պաղեստինցիներու եւ յառաջդիմականներու զինամթերքի փոխադրութեան ճամբան:

Պասքինթա-Պոլոնիա-Զաարուր-Մրուժ-Շըլլամա-Տհուր Շուէյր-Պաապտաթ գիւղերուն բնակիչները ծանր օրեր ապրեցան եւ ահաւոր պայթումներէն շնչասպառ եղան: Տհուր Շուէյրի մէջ սարսափ տիրեց եւ բազմաթիւ բնակիչներ հեռացան գիւղէն: Թնդանօթներով տարուած կռիւներուն երկուստեք բազմաթիւ զոհեր ինկան:

* * *

phalang-121704Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատին վրայ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը ուրբաթ, օգոստոս 20-ին զրահապատ կառքերով մեծ յարձակողական մը շղթայազերծեցին Այն Ռըմմանէի վրայ եւ փորձեցին գրաւել շրջանը, լուծելու համար Թէլ Զաաթարի անկումին վրէժը:

Անակնկալի եկած, փաղանգաւոր եւ ազատական ուժերը ահազանգի մատնուեցան եւ ծանր ժամեր անցուցին: Յետոյ 1500 միլիսներ հակայարձակողականի անցան եւ յաջողեցան ետ մղել յարձակողները: Երկուստեք մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ ինկան, յատկապէս` Մար Մարուն ճամբուն վրայ:

Օգոստոս 21-ին Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներու ճակատները բռնկեցան: Առեւտրական շուկաներէն մինչեւ նաւահանգիստ եւ հրապարակները բուռն կռիւներ արձանագրուեցան: Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը Սայֆին Պ. 7, Էր. Փէ. Ժէ. եւ 82 միլիմեթրնոց հրթիռներով ռմբակոծեցին եւ փորձեցին ճակատը ճեղքել: Ռեժանթ պանդոկին մօտ զրահապատ կառք մը կրակ առաւ:

Յետմիջօրէին, ժամը 14:30-ին Փիկալի ճակատին վրայ փաղանգաւորները հակայարձակողականի անցան եւ մտան Սիթի Սէնթըրի շէնքը, ուր հինգ հոգի սպաննեցին, բայց երեկոյեան քաշուեցան:

Մինչ կեդրոնական հրապարակներուն վրայ բուռն մարտեր կը մղուէին, պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը միաժամանակ Հատէթի մէջ հրասայլերով եւ զրահապատ կառքերով յարձակման անցան փաղանգաւորներու դիրքերուն վրայ: Հակաօդային 40 միլիմեթրնոց հրթիռներու տարափին տակ տարուող կռիւները տեւեցին երեքուկէս ժամ: Երկու կողմերն ալ մեծ կորուստներ տուին: Փաղանգաւորները մտան Մաալէմի շրջանը եւ գրաւեցին ղովմիներու կեդրոնը, սպաննելով 20 գերիներ:

Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատին վրայ եւս բուռն մարտերը կը շարունակուէին: Պաղեստինցիք թափանցեցին Մազտայի շրջանը, բայց յետոյ փաղանգաւորները գրաւեցին Շամունիէ թաղը:

* * *

Պէյրութի փողոցներուն մէջ

Պէյրութի փողոցներուն մէջ

Կիրակի, 22 օգոստոսին Պուրճ Համուտ եւ շրջակայքը  եւ Խալիլ Պատաուի թաղամասը ռմբակոծուեցան: Վեց ռումբեր ինկան Նահրի երկաթէ կամուրջին մօտ, Խալիլ Պատաուի եւ ՀՄՄ-ի ակումբին առջեւ, ուր երկու երիտասարդներ` Րաֆֆի Սաղըրեան եւ Վիգէն Մանկրեան վիրաւորուեցան, մինչ կամուրջին մօտ ինկած հրթիռ մը խլեց զոհ մը:

Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատին վրայ յառաջդիմական քոմանտօ մը, 21 միլիսներով, Ասաատ Ասաատ ճամբէն ջաղացքներու շրջանը մտաւ, ուր գիրկընդխառն կռիւներ մղուեցան: Արեւելեան շրջան թափանցումի փորձը կրկին անգամ ձախողեցաւ:

Երկուշաբթի, օգոստոս 23-ին, մինչ Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ բուռն ռմբակոծումները կը շարունակուէին, փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներ յարձակումի անցան եւ յառաջդիմականներուն պաշտպանողական առաջին գիծը ճեղքելով մտան Խանտաք Ղամիք, Հութ, Ռաս Նապաա եւ Ֆուատ Ա. պողոտայ:

Չորս ճակատներու վրայ, որոնք կ՛իյնային արեւմտեան Պէյրութի մէջ, բուռն կռիւներ արձանագրուեցան:

Խանտաք Ղամիք մտնելով եւ 150 մեթր յառաջանալով, փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսները գիրկընդխառն կռիւներ մղեցին, անակնկալի բերելով շրջանի զինեալները, որոնք զոհեր տալէ ետք վերախմբուեցան եւ ետ մղեցին յարձակողները: Երկար ժամեր տեւող կռիւներուն տասնեակներով զինեալներ սպաննուեցան եւ բազմաթիւ ուրիշներ վիրաւորուեցան: Փաղանգաւորներուն պատկանող զրահապատ կառք մը, 106 միլիմեթրնոց թնդանօթ փոխադրող ճիփ մը եւ զինուորական երկու ինքնաշարժներ քանդուեցան:

Իսկ Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատին վրայ պաղեստինցիք երեք յարձակումներ կազմակերպելով փորձեցին մտնել քրիստոնեայ շրջանը, բայց ետ մղուեցան զրահապատ կառքերով:

Օգոստոս 24-ին ազատականներ նոր յարձակողական մը շղթայազերծելով մտան Ռաս Նապաա, ուր գիրկընդխառն կռիւներ մղուեցան: Ինկան տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ: Քանի մը ժամ ետք ազատականները վերադարձան իրենց մեկնակէտը:

* * *

palest-121704

Պաղեստինցի ֆետայիներ

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ, մէկ կողմէ զղարթացիներուն եւ միւս  կողմէ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ բուռն կռիւներ կը մղուէին Ռաս-Մասքա-Պարսա-Մոն Միշէլ-Թրիփոլի ճակատին վրայ:

Սուրիական ուժեր օգնութեան հասան զղարթացիներուն եւ պաշարեցին Թրիփոլին, որ օգոստոս 22-ին բուռն կերպով ռմբակոծուեցաւ ծովէն եւ ցամաքէն, արեւելքէն եւ հիւսիսէն: Իսկ պաղեստինեան Նահր Պարէտի գաղթակայանի մէջ դժոխային կացութիւն ստեղծուեցաւ:

Պաշարուած Թրիփոլիի մէջ քաղաքացիք դժուար օրեր անցուցին, առանց ջուրի, ելեկտրականութեան, հացի եւ վառելանիւթի, հրթիռներու եւ ռումբերու տարափին տակ պայքարեցան մահուան դէմ:

Կռիւները կը տարուէին քաղաքին մօտակայ բլուրներուն վրայ, հրասայլերով եւ ծանր թնդանօթներով: Քոսպա-Ապու Սամրա շրջաններուն մէջ զետեղուած աննահանջ թնդանօթները սաստկօրէն կը ռմբակոծէին քաղաքը:

Նաւահանգիստին եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ կատաղի կռիւներ մղուեցան եւ շարք մը յարձակումներ ու հակայարձակումներ կազմակերպուեցան:

Զղարթացիներու եւ փաղանգաւորներու հակակշիռին ենթակայ գօտին կ՛երկարէր Շեքքայի ծովեզերեայ գօտիէն մինչեւ Թրիփոլիի մուտքը: Իրենց կողմէ սուրիական ուժերը իրենց հակակշիռին տակ առած էին քաղաքին հիւսիսային շրջանը:

Թրիփոլիցիք, հակադարձելով` ռմբակոծեցին Զղարթայէն Էհտէն երկարող գօտին: Իրենց կարգին զղարթացիք ռմբակոծեցին նաեւ Տըննիէն:

* * *

Լիբանանէն խուճապահար հեռացող հայեր Ճիւնիի նաւահանգիստէն Կիպրոս կը մեկնէին, հոնկէ ալ Եւրոպա, Ամերիկա կամ այլ երկիրներ ապաստանելու նպատակով: Սակայն, Եւրոպա կամ Ամերիկա մուտքի արտօնութիւն ստանալու համար անհարթելի դժուարութիւններ կային: Հետեւաբար խուճապահար հեռացողները աւելի ահաւոր կացութեան, գաղթականի թշուառութեան մատնուած էին Կիպրոսի մէջ:

Խղճալի պատկերներ պարզուած էին կղզիին հայկական հաստատութիւններուն մէջ, ուր խճողուած էին հայ «գաղթականները»: Ընդարձակ սրահներու մէջ գետինը փռուած ծածկոցներ, որոնք անկողինի դեր կը կատարէին: Ընտանիքներ, նորապսակ զոյգեր, կիներ, ամուրի մարդիկ եւ երիտասարդներ ստիպուած էին քով-քովի ապրիլ նոյն սրահին մէջ, կրելով անոր հետեւող բնական անպատեհութիւնները: Կային նաեւ իրենց խնայողութիւնը սպառած եւ յուսահատական վիճակի դատապարտուած գաղթականներ, որոնք ամէն ձեւի դժուարութեանց մատնուած էին եւ կը մատնէին գաղութին պատասխանատուները:

Գաղթականական այս երեւոյթին անդրադառնալով «Ազդակ» 25 օգոստոս 1976-ի թիւով եւ «Վերջ տուէք ազգային այս ամօթին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Ազգային ամօթ մըն է Կիպրոսի մէջ պարզուած այս երեւոյթը, որովհետեւ խորքին մէջ ատիկա կը խորհրդանշէ դրժումը ա՛յն արժէքներուն, որոնց համադրումով կը բնորոշուի ազգային ամբողջութիւն մը: Անտէր ու թշուառ ամբոխ չէ հայ ժողովուրդը, եւ երբ հայ անհատներ հակառակին փաստը տուող «գաղթականութիւն» մը կը պարզեն, համայն աշխարհի հայութեան պարտականութիւնն է անխնայ պայքար բանալ նման պարտուողականութեան մը հանդէպ:

Այս իմաստով յանցանքի պատասխանատուութեան մեծ բաժին մը կը ծանրանայ Կիպրոսի հայկական ռատիոժամի կազմակերպիչ մարմնի ուսերուն: Հաւանաբար մարդկային ծառայութիւն մը մատուցանելու դիտաւորութեամբ նախաձեռնուած «հարազատները կը հաղորդեն» յայտագիրը փաստօրէն վերածուած է խուճապ հրահրող դատապարտելի բեմի մը, ուրկէ հայ մարդիկ` առանց ամօթի դոյզն զգացումի, Լիբանանի հայութիւնը բարոյապէս ընկճելու իրենց արշաւը օր-ցերեկով կը  կատարեն…

Մարդիկ ինչպէ՞ս չեն անդրադառնար որ կը ջլատեն Լիբանանի հայ զանգուածներուն ազգային դիմադրողականութիւնը, երբ երկիրը լքող ու հեռացող դասալիքներուն կը տրամադրեն այս ազդու բեմը: Ինչպէ՞ս կրնան հանգիստ խղճով շարունակել ազգադաւ նման գործունէութիւն մը, երբ նոյն ինքն Կիպրոսի մէջ թրքական բաժինի ղեկավար Ռաուֆ Տենքթաշ անարգական շեշտով մը կը յոխորտայ. «Հայերուն ողնայարը կոտրեցաւ լիբանանեան տագնապով»:

* * *

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ, հայ առաքելական եկեղեցւոյ, հայ կաթողիկէ ու աւետարանական համայնքներու կրօնական եւ աշխարհական, ինչպէս նաեւ հայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ու հայ երեսփոխաններու մասնակցութեամբ 26 օգոստոսին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ գաղութի վերականգնումի եւ Լիբանանի վերակառուցման աշխատանքներուն հայ ժողովուրդին բերելիք մասնակցութեան հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողով մը:

Ժողովականները, բոլոր հարցերը լուրջ քննութեան ենթարկելէ ետք շեշտեցին միասնականութեան սքանչելի երեւոյթը, ցանկութիւն յայտնեցին զայն աւելի ամրապնդել եւ սեփականութիւնը դարձնել ժողովրդային զանգուածներուն:

Իբրեւ անմիջական միջոցառում կոչ մը ուղղուեցաւ բոլոր կողմերուն, վերջ դնելու եղբայրասպան կռիւներուն եւ քանդումներուն, եւ լծուելու լիբանանեան հայրենիքի վերաշինութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )