Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պոլիվիոյ Պատուոյ Հիւպատոսին

001-121604Երեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմինէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մօտ Պոլիվիոյ հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ուալիտ Ժոզեֆ Խուրիի:

Պատուիրակութիւնը նշուած մարմինին կողմէ նամակ մը փոխանցեց հիւպատոսին, որուն ընդմէջէն ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պոլիվիոյ խորհրդարանին, ծերակոյտին, կառավարութեան ու ժողովուրդին` Պոլիվիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար խոստանալով նամակը փոխանցել Պոլիվիոյ կառավարութեան: Ան աւելցուց թէ Պոլիվիոյ հանրապետութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է ճշմարտութեան եւ արդարութեան առանց տեղի տալու որեւէ հակազդեցութեան:

Պատուիրակութիւնը հիւպատոսին տեղեկացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմինին յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, եւ վերջինս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ներկայ գտնուելու եւ գործակցելու 2015 տարուայ մարմինին կազմակերպելիք ձեռնարկներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )