«Սի.Էն.Էն.»-ը Հայաստանի Մասին Վաւերագրական Ժապաւէն Մը Ցուցադրած Է

1216CNNՇաբաթ, 13 դեկտեմբերին «Սի.Էն.Էն.»-ը «Ճամբուն վրայ» հաղորդաշարի ծիրին մէջ փորձած է ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնել այսօրուան Հայաստանը` իր տարբեր կողմերով: Ներկայացուած են` նոր սերունդի նորարարական ներուժը, ճատրակի նկատմամբ հայ ժողովուրդին տածած սէրն ու վարպետութիւնը, հայոց պատմութեան քառուղիներն ու աւանդութիւնները:

Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնը ներկայացուած է իբրեւ աճող սերունդի դաստիարակութեան այն դարբնոցներէն մէկը, որ կը նպաստէ ազգի նորարար ներուժի պատրաստութեան: «Սի.Էն. Էն.»-ի նկարահանող խումբը այցելած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ գործող ճատրակի ակադեմիա, ուր ծնողներուն ներկայութեամբ ճատրակի խաղատախտակին դիմաց երեխաները իրենց կարողականութիւնն ու հմտութիւնը ցոյց տուած են այս հինաւուրց խաղին մէջ` ընդգծելով այն փաստը, որ ճատրակը Հայաստանի մէջ ներառուած է դպրոցական ուսումնական ծրագիրին մէջ:

Վաւերագրական ժապաւէնին հեղինակները Հայաստանի ոգիի փնտռտուքներուն մէջ այցելած են նաեւ միջնադարեան Գեղարդ վանական համալիր եւ երկրին մէջ պահպանուած միակ հեթանոսական Գառնիի տաճար` ընդգծելով, որ Հայաստանը 301-ին քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած առաջին երկիրն է: Անոնք նաեւ համտեսած են հայկական աւանդական ճաշատեսակը` խաշը, ArmComedy հաղորդման երիտասարդ երգիծաբան Սերգէյ Սարգսեանի հետ:

Ընդգծելով այն փաստը, որ այսօր աշխարհի մէջ ապրող 10 միլիոն հայերէն Հայաստանի մէջ կ՛ապրին միայն 3 միլիոն հայեր, վաւերագրական ժապաւէնը ներկայացուցած է «Դէպի Հայք» ծրագիրի ծիրին մէջ սփիւռքահայ երիտասարդներուն իրենց հայրենիքը այցելելու փորձառութիւնը:

Երեւանի մէջ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը ցոյց տալու ատեն վաւերագրական ժապաւէնին հեղինակները նշած են, որ անիկա նուիրուած է օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Ժապաւէնին մէջ կ՛երեւի նաեւ «Տատիկ-պապիկի» («Մենք ենք, մեր սարերը») արձանը, որ Լեռնային Ղարաբաղի ամէնէն ճանչցուած խորհրդանշաններէն է:

Ժապաւէնը դիտելու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքը. http://armenianow.com/news/59346/armenia_cnn_on_the_road

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )