Լուսադէմի. Հայոց Ընտիր Տղաները Կրկնակի Սրբացած Յանձնուեցան Հայրենի Հողին (Հայ Օդաչուներու Յիշատակին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

10687170_10153001167560809_1458913500755406238_nԳերազանց ճշմարտութիւն մըն է այն, որ հայոց աշխարհը վերջին ամիսներուն ապրեցաւ բարոյահոգեբանական այնպիսի վիճակ մը, որուն նմանը հազուադէպ կը տեսնենք մեր` հայ կեանքին մէջ:

Եզակի պատահար կամ արիութեամբ յատկանշուած արարք մըն էր անիկա: Սխրալի արարք, որուն հայութիւնը վարժ ըլլալով հանդերձ, ազգովին կը նուաճէր նոր մակարդակ, կը հաստատէր լինելութեան բարձունք, ցոյց կու տար հաւատամքի ու հայրենասիրութեան վճիտ արտայայտութիւն, կը բարձրաձայնէր իր պոռթկումին եւ ցասումին որոտները, կ՛ակօսէր հայրենապաշտութեան ամէնէն խոր արտերը, բայց մանաւանդ` երեւան կը հանէր հայ ազնուասիրտ ու ռազմավար զինուորի անկրկնելի պահուածքն ու ընկերասէրի կազմաւորումը:

Պահ մը երեւակայել է պէտք, թէ դաւադրաբար ինկած հայ օդաչուներուն մասունքները մնային անթաղ ու մինակ, եւ անոնք յանձնուէին թուրք-ազերի վայրագներու քմայքին ու բնութեան անփոյթ վերաբերումին:

Ինչպիսի՛ պատգամ փոխանցած պիտի ըլլայինք առաջին հերթին մեր ներկան ապրող հայ զինուորին, որ տիւ եւ գիշեր իր արեամբ ու բազուկներով տէր է կանգնած հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան:

Հայ սպային պատիւն ու արժանապատուութիւնը որքա՜ն խոցած պիտի ըլլայինք հաւաքաբար, հակառակ անոր որ հայ զինուորին վիճակուած է ամէն ցաւ ու տառապանք տանիլ` Արարատի եւ հայութեան անվտանգութեան պահպանման ի խնդիր:

Միթէ բազում յաղթանակներու երթին շեշտակի հարուած հասցուցած պիտի չըլլայի՞նք, եւ կամ` անագորոյն ու տխեղծ  թշնամիին ծիծաղին ու հեգնանքին պատեհ առիթ շնորհած, պարզապէս խուսափելով վրէժի հասկացողութենէն, տիրութիւն ընելու իրաւունքէն, մենք մեր ճակատագիրին ապաւինելու մօտեցումէն, այլապէս ազգային մեր շտեմարանը սնուցանելու հրամայական պահանջէն:

Հապա նորահաս սերունդներու ինչպիսի՛ կեցուածք, պատմակշիռ ու ցեղային առանձնայատկութիւններու պատգամ փոխանցած պիտի ըլլայինք, ճի՛շդ այս ժամանակահատուածին, երբ բարբարոս թուրք-ազերին կը շարունակէ որոճալ հայաջինջ ծրագիրներ եւ նախաձեռնել թրքավարի սադրանքներու:

Աւելի՛ն. հայ պետականութեան ամրապնդման, ազգային արժանապատուութեան ամէն քայլափոխի բոցավառման, եւ յայտնապէս հայոց բանակի զինուորագրեալ իրերայաջորդ շարասիւներու` ապրելու եւ գոյատեւելու ինչպիսի՛ նուիրական արժէքներ պիտի ժառանգէինք, եթէ երբեք ամրապինդ եւ ոգեշնչող որոշումով մը` հայոց բանակի ընտրելագոյն զինուորներ, արագասոյր եւ հրաշատիպ հարուածով մը հայրենիք չվերադարձնէին, նոյնքան խնկելի եւ ընտիր մասունքները անոնց, որոնք ինկան պատերազմի դաշտին վրայ` վեհափառ ճակատով եւ վճռակամօրէն:

Այո՛, կրկնակի սրբացած հայրենիք վերադարձան հայոց մեծահոգի եւ ազնուասիրտ օդաչուները, որոնց մարդկային ու ազգային կերպարին դիմաց ազգը միայն կրնայ խոնարհիլ, անոնցմով հպարտանալ եւ զօրանալ:

Հայ հերոս օդաչուները հայրենիքի նահատակներ ըլլալու կողքին, անոնք ազգին ընտիր տղաներն էին, որոնք թէեւ դաւադրաբար ինկան հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի ազատութեան ի խնդիր կազմակերպուած զինուորական մարզումի մը ընթացքին 12 նոյեմբեր  2014-ին, այդուհանդերձ անոնց սրբահրաշ կոչումին եւ ամբողջական նուիրումին դիմաց սերունդներ պիտի մնան երախտապարտ ու միշտ հաւատարիմ:

Հայոց վերանկախ պետականութեան եւ նորահաստատ բանակին հիմնական սիւներն էին անոնք, ազատութեամբ շնչող պայծառ երկինքին թեւաւոր զինուորագրեալները, հայոց վեհափառ լեռներու գագաթներու պահապան անբասիր սպաները, դէպի Արարատի բարձունքին ճախրելու պատրաստ արծուասիրտ հայոց օդաչուները:

Ի դէպ, մենք զարտուղի  եւ անսովոր ժողովուրդ մը ըլլալու յաւակնոտութիւնը չունինք, չենք ունեցած, երբե՛ք: Այդուամենայնիւ, դարերու խաչմերուկներուն եւ օրհասի կիզակէտին միշտ ալ ցոյց ենք տուեր ազգային արժանապատուութեան, նուիրումի, զոհողութեան, գաղափարայնութեան եւ մարտունակութեան այնպիսի բարձադիր արտայայտութիւններ, որոնք շատ անգամ ամբողջ մարդկութիւնն են շշմեցուցեր` ի տես վեհավառ սխրանքներու եւ ազնուազարմ կեցուածքներու:

Փաստօրէն, վերջին տասնամեակներուն Արցախեան հերոսական մարտերու եւ զոհողութիւններու ամբողջ ընթացքին, թէեւ հայութիւնը կրցաւ պատուաբեր յաղթանակներ տանիլ եւ ծունկի բերել թուրք-ազերի հորդաները, եւ ազատութեան դրօշը հաստատել Մռաւի գագաթին եւ Շուշուայ գեղանիստ կատարին, այդուամենայնիւ, նման բարոյահոգեբանական վիճակներու թատերաբեմ չէր դարձած հայրենի երկիրը:

Ընթացիկ տարուան օգոստոսեան օրերուն, երբ թուրք-ազերի վեհերոտ վարձկաններ հայոց ազատագրեալ հողեր ներթափանցումի ձախող եւ լպիրշ փորձէ մը ետք կ՛ուզէին իրենց զգետնուած կորովն ու ամօթալի խարանը «սրբել», այս անգամ հարուածելով հայկական ուղղաթիռը, եւ նուաստացնել հայ սրբազան սպաներու մասունքները, հայ մարտունակ բազուկի հարուածն ու շեշտակի տրամադրուածութիւնը չէր ուշանար, եւ օրեր ետք` 22  նոյեմբերին, հայոց մասնայատուկ ուժերու ընտրանի մը արագասոյր եւ նպատակասլաց հարուածներու ուժգնութեան տակ, իր կարգին կը զգետնէր թշնամի թիրախներ եւ ուսամբարձ իր եղբայրներուն մասունքները կը վերադարձնէր հայրենի հող` նահատակներուն հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան արժանապատուութիւնը բարձր պահելու հաստատ վճռակամութեամբ:

Սա արդէն հայոց զինեալ ուժերու մեծագոյն նուաճումն էր, առասպելական արարքներ գործելու տրամադրուածութիւնն ու մարտական արժանիքներու հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու խոր գիտակցութիւնը:

Ի դէպ, սրբազան եւ առաքինի արարքին լոյսի տակ, եթէ մէկ կողմէ հայ պետական կարգ ու սարքը, զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնն ու ամբողջ հայութիւնը կ՛ապրէր իր լինելութեան եւ խանդավառութեան տարերքը, ապա միւս կողմէ` միջազգային քաղաքական թէ զինուորական որոշումի տարբեր կեդրոններ, պահ մը իրենց կարգին անակնկալի եկած` հաշուի կ՛առնէին հայոց խիզախ եւ յանդուգն որոշումը, եւ` մեկնելով իրենց շահամոլի վարքագիծէն, կը զգուշացնէին հայն ու ազերին յաւելեալ վատթարացումներէ:

Այլ խօսքով, անոնք` միջազգային տարբեր տիպի ու յանձնառութիւններու շրջանակներ առանց խպնանքի եւ անամօթաբար զոհն ու դահիճի հաւասարեցումի  իրենց հնաբոյր քաղաքական վարքագիծի մէկ այլ  տարբերակը կը հնարէին, կրկին անգամ:

Ի պատիւ հայ իրականութեան, եւ հակառակ թշնամական բազմաբնոյթ սադրանքներու եւ անվերջանալի զինական խախտումներու, ազգը կրցաւ շրջանցել իրեն պարտադրուած նման նուաստացում եւ յաջողութեամբ պսակել յաղթանակի նոր արտայայտութիւն մը:

Արդ, հայ նորահաս սերունդի ներկայ ու ապագայ շառաւիղներ, ինչպիսի՛ բնորոշում կրնայինք տալ եւ կամ պիտի տանք հետագային, նման արժանավայել եւ սխրանքով պարուրուած գործողութեան, եթէ ոչ այն, որ պէտք է միշտ մեզ յուշէ, թէ` մենք` հայոց զինեալ ուժերու մասնայատուկ տղաները  կրցանք անվերապահ եւ քաջասիրտ հոգեկանութեամբ մերժել զազիր թշնամւոյն խաղի հնամաշ օրէնքները եւ մարտահրաւէր կարդալ ամբողջ մարդկութեան` ըսելով, թէ հայ մարտունակ բազուկի ու կորովի արմատներն խարսխուած են Արարատի ընդերքին եւ շաղախուած անոր ձիւնածածկ կատարին ուժգնութեամբ:

Անվերապահօրէն եւ բարձրագոռ կրնանք ամբողջ մարդկութեան երեսին գոչել, թէ հայ օդաչուներու սուրբ մասունքները կը հանգչին հայրենի հողին մէջ եւ լոյս կը սփռեն համայն հայութեան սրտերուն ու հոգիներուն, այնքան մը հզօր, հմայիչ եւ անպարագծելի, ինչպէս հայոց աշխարհի դարաւոր մեծութիւնները:

Փա՛ռք հայ մարտունակ եւ անընկճելի բազուկին:

Բի՛ւր յարգանք հայոց պայծառ երկինքը նուաճած հայ օդաչուներու յիշատակին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )