50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1964)

Տոմսեր

Կաղանդ Եւ Ծնունդ
Եւ Չարաշահութիւն…

Տօնական օրեր: Կաղանդ: Ծնունդ:

Պէյրութ եւ վաճառականութիւն: Ճամբաները` պազար:

Մարդիկ, սա օրերուն, քիչ մը աւելի լայն կը բանան իրենց քսակները, կը ծախսեն քիչ մը աւելի, առանց հաշուելու, կը ծախսեն նաեւ… իրենց չունեցածը:

Վաճառականները կը խայտան: Պսպղուն լոյսեր` ամէնուրեք: Աղուոր, շա՛տ աղուոր խաղալիքներ, մեծերուն հետաքրքրութիւնը անգամ արթնցնող խաղալիքներ:

Աղուոր բան է Կաղանդը:

Բայց Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը այսօր, վաճառականական արժէքներ են: Առիթներ են մարդիկ շորթելու, կողոպտելու: Խաղալիք մը Պապ Իտրիսի շուկան կ՛արժէ տասնեւհինգ ոսկի, Սուք Սըրսոք կ՛արժէ տասը, Պուրճ կ՛արժէ ութ, Նահր կ՛արժէ հինգ:

Եւ ըսել, որ հինգով ծախողն ալ կը շահի…

Հապա ի՞նչ կ՛ընէ տասնեւհինգի ծախողը…

Վաճառականութիւնն ալ, ի վերջոյ, իր ուղղամտութիւնը պէտք է ունենայ. շահիլ, այո՛, բայց չկողոպտել:

Ծախել Յիսուս Մանուկը, ծախել խաչ, ծախել խոզ, ուրախացնել մանուկներ ու մեծեր, բայց ուրիշի քանի մը օրուան աժան երջանկութեամբ (ո՞վ գիտէ` ի՛նչ տքնաջան աշխատանքով շահուած) հարստութիւն դիզել: Եթէ գիտնար այդ համեստ Նազովրեցին, զոր հրեաները օր մը խաչ հանեցին, որ իր պատկերները, իր արձանիկները իր Ծննդեան օրը այսպէս պիտի ըլլային, պիտի ըլլար առուծախ, շահ ու կողոպուտ, անկասկած չէր ծներ: Օր մը, ինք ալ, քաշեց մտրակը եւ իջաւ տաճար` դուրս շպրտելու համար ամէն կարգի փերեզակները, ըսելով, թէ մի՛ վերածէք իմ հօրս տունը շուկայի…

Չէր գիտեր, ինչպէ՜ս գիտնար, որ օր մը զինք ալ շուկայ պիտի իջեցնեն…

ՄԱԿԱՐ

 

«Թռչնոց Բոյն»-ի Ի Նպաստ
Շարժանկարի Երեկոյթը

Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի բարեկամները տարեկան իրենց 15-րդ շարժանկարի երեկոյթը տուին անցեալ հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր, «Սինեմա Սարուլլա»-ի մէջ: Յարգելի հիւրերուն մէջ կը գտնուէին հանրօգուտ շինութեանց նախարարը եւ Փիեռ Ժեմայել, Ռաշիտ Քարամէ, Ֆիլիփ Թաքլա, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, Փորթուգալի դեսպանը, տէր եւ տիկին Ֆուահ Պութրոս, Ռեմոն Էտտէ եւ տէր եւ տիկին Փիեռ Էտտէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )