Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

1220_zokՇաբաթ, 20 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 15:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած «Ճշդէ՛ ապագադ» խորագիրով համալսարանական մասնագիտութիւններու միացեալ արեւելումը, որուն նպատակը եղաւ մէկտեղել հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութիւնն ու բոլոր մասնագիտութիւններէն աւարտած եւ իրենց ասպարէզին մէջ աշխատող երիտասարդները:

Այսպիսով, աշակերտները առիթը ունեցան զրուցելու այդ երիտասարդներուն հետ իրենց նախասիրած մասնագիտութիւններուն մասին`  յստակացնելու ապագայի իրենց գործի առիթներն ու պայմանները:

Ներկայ եղան մեծ թիւով աշակերտներ եւ կարգ մը ուսուցիչներ, որոնք ընկերացած էին իրենց աշակերտներուն` քաջալերելով զանոնք մասնակցելու այս ձեռնարկին:

Նշենք նաեւ, որ բոլոր ներկաներուն անունները արձանագրուեցան, եւ վիճակահանութեամբ մէկ աշակերտ կրթաթոշակի օժանդակութիւն մը պիտի ստանայ` ԱՖՀԻԼ հաստատութեան կողմէ տրամադրուած:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )