Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Արուեստ Կը Ստեղծենք

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՀԱՐՑՈՒՄԸ ԴՐՈՒԱԾ Է ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ Ի ՎԵՐ: ԱՅՆՈՒՀԵՏԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ` ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍԻՐՈՅՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՎԻՃԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ: ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԸ ՊԵՂԱԾ Է ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԵՒ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՈՒՂԵՂԸ` Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՃԱՌԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» Կ՛ԱՐՏԱՏՊԷ ՀԱՏՈՒԱԾ ՄԸ ԱՆՈՐ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԳԻՐՔԷՆ, ՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԷ` ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՐԶԵՐՈՒ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՆԵՐԷ:

«Լաւ գեղանկարիչը պէտք է կարենայ գծել երկու հիմնական բան. մարդը եւ նպատակը` անոր ուղեղին մէջ: Առաջինը դիւրին է, իսկ երկրորդը` դժուար»: Լէոնարտօ տա Վինչի, այն մարդը, որ այս մասին խորհրդածած է դարեր առաջ, յայտնագործումներ կը կատարէր արուեստի եւ գիտութեան մէջ, համակուած էր ոչ միայն գեղեցկութեան սաստկութեամբ, այլ նաեւ` իր ուղեղին մէջ կատարուող ստեղծագործական գործընթացներով: Լէոնարտ Շլայն, հեղինակը` շատերու ծանօթ «Արթ էնտ ֆիզիքս» գիրքին, յայտնաբար տա Վինչիի դրօշը կրած էր 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն: (Ան մահացած է 2009-ին, 71 տարեկանին, ուղեղի քաղցկեղի պատճառով, «Լէոնարտօ՛զ պրէյն» գիրքը գրելէն կարճ ատեն մը ետք):

Այս ամսուան սկիզբը լոյս տեսած իր գիրքին մէջ Շլայն կը հետազօտէ Լէոնարտոյի ստեղծագործ ուղեղին գործելաոճը եւ կը կեդրոնանայ ուղեղին աջ եւ ձախ կիսագունդերը օգտագործելու մեծ արուեստագէտին կարողութեան վրայ: «Մոնա Լիզա»-ն ունենալով իբրեւ կիզակէտ` ան կը խորանայ արուեստի եւ գիտութեան հասարակաց եզրերուն վրայ եւ կը փորձէ բացատրել, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մարդիկ արուեստ կը ստեղծեն: Ստորեւ` հատուած մը Շլայնի գիրքին «Վախ, ցանկութիւն եւ գեղեցկութիւն» գլուխէն:

985ART

«Լէոնարտոյի ուղեղը»:

Ստեղծագործականութիւնը հիմնականին մէջ վախի եւ ցանկութեան ծնունդն է: Վտանգը եւ սեռային ցանկութիւնը հիմնական գործընթացներ են, որոնց աւանդաբար կը դիմեն արուեստագէտները` արուեստի գործ մը ստեղծելու համար: Անշուշտ արուեստագէտը չի գիտակցիր, թէ այս երկուքը արմատն են իր ստեղծագործական մղումին: Ստեղծագործականութիւնը կը սկսի ծրագիր մը, պատկեր մը կամ սովորական իրի մը այլ ձեւի գործածութիւնը երեւակայելով: Նոր բան մը ի յայտ բերելէ ետք արուեստագէտը կը սկսի իր դիտարկումը կեդրոնացնել անոր բաղկացուցիչ մասերուն վրայ: Ասիկա մաս կը կազմէ գլխաւորաբար ուղեղին ձախ կիսագունդին գործունէութեան, որ իրերը կը վերածէ իրենց բաղկացուցիչ մասերուն եւ կը վերլուծէ: Արուեստագէտը բաղկացուցիչ մասերը կը հաւաքէ նոր եւ գրաւիչ ձեւով, այնպէս, որ մարդիկ զայն ճանչնան իբրեւ արուեստ: Սակայն արուեստի գործը նաեւ պէտք է պարունակէ «կիրք»: Անիկա պէտք է ըլլայ «սիրոյ» արդիւնք, սրբազան ներշնչումի արդիւնք: Սիրոյ արմատները կ՛արձակուին ուղեղին աջ կիսագունդին մէջ. երանութեան զգացումը ուղեղին աջ կիսագունդին յատուկ փորձառութիւն մըն է:

Գիտնականը կը գործէ նոյն ձեւով, սակայն կ՛ուզէ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս բաղկացուցիչ մասերը կ՛առնչուին ամբողջութեան հետ: Մինչ ան իրերը աւելի փոքր մասերու վերածելու եւ համադրելու միջոցը ի սպաս կը դնէ գիտութեան յառաջդիմութեան, անդին` արուեստագէտը նոյն միջոցը ի սպաս կը դնէ գեղագիտութեան: Արուեստագէտը պատկերներու եւ փոխաբերութիւններու կը դիմէ` իրականութեան կապերը վերլուծելու համար, իսկ գիտնականը թիւեր եւ հաւասարութիւններ կը կիրարկէ բնութեան վրայ` իրականութեան կապերը ցոյց տալու համար: Գրագէտ Վլատիմիր Նապոքով առիթով մը դիտել տուած է. «Գիտութիւն գոյութիւն չունի առանց երեւակայութեան, արուեստ գոյութիւն չունի առանց տուեալներու»: Յեղափոխական արուեստագէտը եւ տեսլապաշտ գիտնականը երկուքն ալ հիմնականին մէջ կը փորձեն պեղել իրականութեան էութիւնը:

Գեղեցկութեան զգացողութիւնը եղափոխութիւն մը պիտի չապրէր, եթէ մարդոց յաւելեալ զէնք մը չպարգեւէր` անասուններու դէմ պայքարելու համար, կամ` բնական աղբիւրներ գտնելու: Սակայն պէտք է հարց տալ. ի՞նչ բարիք կարելի էր քաղել հոյակապ արեւածագ մը դիտելով խոր երկիւղածութեամբ, երբ այդ պահուն համակ կեդրոնացումի պատճառով պիտի տկարանար վտանգի զգացողութիւնը:

Դժբախտաբար գեղեցկութիւնը ամէնէն կարճ, յեղյեղուկ եւ բազմաթիւ նպատակներու ծառայող բառ մըն է, որ կը նմանի օղակի մը մէջէն պղպջակներ փչելու մանկական խաղին: «Գեղեցկութիւն» բառին գործածութիւնը այնքա՛ն սովորական է տարբեր պարունակներու մէջ, որ զայն սահմանելու փորձ մը կատարելը կը նմանի ծիածանը գրկել փորձելու: Գեղեցկութեան փորձառութիւնը ենթակայական է, սիրոյ եւ ճշմարտութեան պէս: Անոր ոչ-առարկայական բնոյթին գիտակցելու պատճառով է, որ գիտնականներ ընդհանրապէս խուսափած են գործածել այս բազմիմաստ բառը:

Այսուհանդերձ, գեղեցկութեան յաւելեալ սահմանումներ առիթ կու տան զայն բաժնելու տարբեր տեսակներու: Գոյութիւն ունին երեք տեսակի տարբեր գեղեցկութիւններ. սեռային, բնական եւ արուեստի իրի մը, այսինքն` մարդկային ձեռքով շինուած իրի մը յատուկ գեղեցկութիւն: Այս երեք տեսակի գեղեցկութիւնները կը միաձուլուին:

Ամէնէն տարօրինակը արուեստի իրի մը գեղեցկութիւնն է: Թէեւ մարդը բազմաթիւ այլ արարածներու պէս գործիք կը շինէ յատուկ նպատակի մը համար, սակայն միակ արարածն է, որ գեղագիտական ճաշակով կը շինէ զայն: Արհեստագործութեան նպատակով գործիք շինող մարդը զարգացում մը ապրելով` դարձած է արուեստագէտ: Անոր շինած իրերը հետզհետէ նուազ գործածական արժէք ստացած են, մինչեւ որ արուեստագէտը մղուած է շինելու բան մը, որ գործածական չէ, այսինքն` կիրարկած է արուեստ` արուեստի սիրոյն: Սակայն, ինչո՞ւ մէկը ժամանակ եւ ուժ պիտի տրամադրէր ստեղծելու համար բան մը, որ ոչ մէկ ձեւով պիտանի էր եւ կը ծառայէր միայն հակազդեցութիւն մը ստեղծելու ակնդիրին քով կամ նոյնինքն` արուեստագէտներուն: Ինչո՞ւ կը ձգտինք գեղեցկութեան` գեղեցկութեան սիրոյն:

«Գեղեցկութիւն գնահատելու» գաղափարը ծնունդ առած է սեռային գրաւչութեամբ: Այսինքն, երբ մարդը իր բնազդային մէկ մղումը` սերդնագործելու իր տենչը վերածած է այն ուժին, որ Լէոնարտոն մղած է գծելու «Վերջին ընթրիքը»: Ասիկա կ՛օգնէ մեզի հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս գեղեցկութեան փնտռտուքը դարձած է մարդկային ստեղծագործականութեան անբաժան մէկ մասը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )