Հայկ Դեմոյեան Թուրքիոյ Հասարակական Կազմակերպութիւնները Հրաւիրեց Այցելելու Երեւանի Ցեղասպանութեան Թանգարանի Ցուցահանդէսը

1223temoyanԹուրք մամուլը պարբերաբար կը հաղորդէ, որ բազմաթիւ թուրք յառաջապահական մտաւորականներ ու հասարակական կազմակերպութիւններ որոշած են այս տարի աւելի ընդլայնել 24 ապրիլի յիշատակութիւնը: Ինչպէս յայտնի է, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով թուրք մտաւորականներ Թաքսիմի հրապարակին վրայ մասնաւոր խմբաւորումով սկսան յիշատակել 24 ապրիլի ողբերգութիւնը եւ ոգեկոչել մասնաւորաբար Պոլիսէն կալանաւորուած, աքսորուած, ապա նահատակուած հայ մտաւորականներուն յիշատակը: Նոյն հասարակական կազմակերպութիւնները որոշած են այս տարի աւելի ընդարձակել յիշատակութեան ծիրը, քանի որ այս տարուանը հարիւրերորդ տարելիցը կը դառնայ:

«Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջի եւ «Նոր Մարմարա»-ի պատուակալ աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Թուրքիոյ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրեց 2015-ին այցելելու Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանը: Դեմոյեանին հրաւէրը պատասխան մըն է Թուրքիոյ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ Հայաստանի ժողովուրդին ուղղուած հրաւէրին: Արդարեւ, Թուրքիոյ հասարակական կազմակերպութիւնները հայաստանցիներն ալ հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու այն ոգեկոչման հաւաքոյթին, որ 24 ապրիլին պիտի կատարուի Պոլսոյ մէջ: Հայկ Դեմոյեան, Երեւանի մէջ գործող «Ազատութիւն» ռատիոկայանին հետ խօսելու ընթացքին այս հրաւէրին պատասխանելով` ըսաւ. «Թուրքիա երթալ, ինչո՞ւ: Որպէսզի լսենք մեզ մեղադրող խօսքե՞ր: Կամ, որպէսզի իմանանք, որ այլեւս Թուրքիոյ մէջ հասկցած են, որ Ցեղասպանութիւնը ի՛նչ հետեւանքներ ստեղծած է, եւ հիմա պատրա՞ստ են այդ հետեւանքներուն մէկ մասը գոնէ սրբագրելո՞ւ»:

Պատմաբան Հայկ Դեմոյեան, որ հարիւրամեակի ոգեկոչման համակարգիչ խորհուրդի քարտուղարութեան պաշտօնը ստանձնած է, Թուրքիոյ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ բոլոր փափաքող Թուրքիոյ քաղաքացիները հրաւիրեց այցելելու Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանը, որ բաց պիտի ըլլայ ամբողջ 2015-ի տեւողութեան: Դեմոյեան, որ 2006 թուականէն ի վեր թանգարանին տնօրէնն է, ըսաւ, որ նոր բացուելիք ցուցահանդէսը այցելող թուրքերը այս կերպով պիտի տեսնեն Թուրքիոյ այն պատմութիւնը, որ կը մերժուի թուրք ղեկավարներուն կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )