Լեւոն Թադէոսեան (Պապաշա, 1865-1935). Հայ Յեղափոխական Շարժման Խստապահանջ «Հայրիկ»-ը
Ն.
19-րդ դարավերջին շղթայազերծուած հայ ազգային-ազատագրական պայքարը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան շարժիչ ուժը հանդիսացաւ ոչ միայն յեղափոխական հայորդիներու հերոսական մարտունակութեան եւ գաղափարական անձնազոհութեան շնորհիւ, այլեւ` հայ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս բարոյականութեան ու առաքինութեան ոգեւորիչ մթնոլորտ ստեղծելու իր իւրայատկութեամբ:
Սուլթաններու, խաներու եւ ցարերու լուծին տակ, դարաւոր գերութեան մէջ ապրելով, հայ ժողովուրդը շատ բան կորսնցուց ազգային իր արժանիքներէն եւ 19-րդ դար հասաւ եսակեդրոն, դրամապաշտ, վաշխառու եւ չերչի տիպարներու այլասերած ու հեղձուցիչ մթնոլորտով: Հայ իրականութիւնը խաւարամիտ կղերի եւ փողատէր մակաբոյծներու ստեղծած բարոյական անկումի այդ չարիքէն ազատագրելու բարոյական ինքնամաքրման եւ գաղափարական վերածնունդի պայքար մը եղաւ, նաեւ ու էապէ՛ս, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը:
Յատկապէս Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մօտ շեշտուեցաւ հայ ժողովուրդի բարոյական ու գաղափարական արժէքները ստրկութեան կեղտաջուրերէն մաքրելու եւ նորովի կենսագործելու խստապահանջութիւնը, որ կարեւորագոյն երաշխիքը եղաւ ՀՅԴ կազմակերպութեան հանդէպ մեր ժողովուրդին ցուցաբերած վստահութեան ու ակնածանքին:
Հայկական յեղափոխութեան եւ որոշապէս Դաշնակցութեան վերանորոգած բարոյական ու գաղափարական խստապահանջութիւնը անդին կ՛անցնէր սոսկ աստուածավախութեան եւ քրիստոնէականութեան քարոզած արժէքային համակարգէն: Կիզակէտ ունէր ՀԱՅ ժողովուրդին ամբողջական ազատագրումը` թէ՛ ազգային եւ թէ՛ ընկերային այն բոլոր արատներէն ու շղթաներէն, որոնք դարաւոր գերութեան ճնշումով պարտադրուած էին հայութեան: Ամբողջական ազատագրումի այդ պայքարին սեւեռակէտն էր, ամէն բանէ վեր, բաժնեկից ըլլալ ու օգնութեան հասնիլ եւ պահապան կանգնիլ անարդարութեանց ու չարաշահութեանց տակ կքած հայ գեղջուկին ու մշակին, ռենչպերին եւ բանուորին` մասնատուած ու ցիրուցան եսերու վերածուած հայու բեկորներէն հաւաքական կամք եւ միաձոյլ ուժ կերտելով:
Բարոյական ու գաղափարական խստապահանջութեան այդ աւանդը մարմնաւորած ու իբրեւ կազմակերպական դրամագլուխ հարստացուցած նուիրեալներէն է Պապաշան` Լեւոն Թադէոսեանը, որուն մահուան տարելիցը կը զուգադիպի այս օրուան:
1935-ի դեկտեմբեր 19-ին, Փարիզի մէջ, 70 տարեկան հասակին աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներէն Լեւոն Թադէոսեան, որ իր գաղափարական ու բարոյական առաքինութեան եւ անձնուէր ծառայութեան համար արժանացաւ «Պապաշա» (ռուսերէն` հայրիկ) անուանումին:
Թէ՛ գաղափարի իր ընկերներուն, թէ՛ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն համար անձնուէր «Հայրիկ»-ը եղաւ Լեւոն Թադէոսեան: Ապրեցաւ ու գործեց իբրեւ Հայ յեղափոխական շարժման «Հայրիկ»-ը` իր անսահման բարութեամբ ու անձնազոհութեամբ, ընկերասիրութեամբ ու մարդասիրութեամբ, պարզութեամբ ու հաւատարմութեամբ, սկզբունքայնութեամբ ու անշահախնդրութեամբ:
Քրիստափոր Միքայէլեանի քրոջ որդին էր Լեւոն, ծնած` Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղը, 1865 թուականի փետրուար 2-ին: Հայրը վաճառական էր եւ խանութ ունէր Զաքաթալայի մէջ, որ բաւական հեռու էր Ագուլիսէն: Երեք տարին մէկ անգամ կու գար Ագուլիս` տեսնելու ընտանիքը եւ այդ պատճառով ալ, ինչպէս Պապաշայի կենսագրութեան մէջ Սիմոն Վրացեան կը նշէ, երեք եղբայր եւ մէկ քոյր Թադէոսեանները իրարմէ երեք տարուան տարբերութիւն ունէին: Լեւոն անդրանիկն էր տան, Սամսոն` միջնեկը, իսկ Յովսէփ` կրտսերը: Երեքն ալ հանրային եւ յեղափոխական անուանի դէմքեր եղան հայ իրականութեան մէջ:
Իրենց հօր բացակայութեան, Թադէոսեան եղբայրները կազմաւորուեցան իրենց մօր շունչով, որ իր զաւակներուն զգաստացնելու եւ ուղղելու համար կը դիմէր «Քրիստափոր քեռիին»: Թէեւ այնքան ալ մեծ չէր տարիքի տարբերութիւնը Քրիստափորի եւ իր քրոջ որդիներուն միջեւ, այսուհանդերձ, իր անհատականութեան ու հասունութեան շնորհիւ, Քրիստափոր օրինակելի տիպար եւ առաջնորդող հեղինակութիւն մը եղաւ Թադէոսեան եղբայրներուն, յատկապէս Լեւոնին համար:
Պապաշա իր տարրական կրթութիւնը ստացաւ Ագուլիսի ծխական վարժարանին մէջ` ուսուցիչ ունենալով Րաֆֆին: Այնուհետեւ, Քրիստափորի օրինակին հետեւելով, գիւղի հոգաբարձութեան ծախսերով ուղարկուեցաւ քեռիին մօտ, Թիֆլիս, Ներսիսեան վարժարանին մէջ ուսումը ամբողջացնելու եւ Ագուլիս վերադառնալով չորս տարի գիւղին մէջ ուսուցչութիւն ընելու յանձնառութեամբ: Հայրը կանխահաս մահ ունեցաւ, Թադէոսեանները որբացան եւ Լեւոն պատանի հասակէն իր վրայ վերցուց ընտանիքին հոգը:
Աստուածավախ եւ հաւատացեալ էր Լեւոն, որ Քրիստոսի մէջ մարմնաւորուած կը տեսնէր յանուն մարդկութեան եւ հասարակութեան ազատագրումին իր անձն ու կեանքը նուիրաբերող մեծ մարդասէրն ու ընկերային գործիչը: Այդ ներշնչումով ալ Պապաշայի մտածողութեան եւ նկարագրին մէջ ամուր տեղ գրաւեցին սեփական ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու եւ ցաւերը ամոքելու հոգածութիւնն ու անձնուիրումը:
1883-ին ցարական ոստիկանութիւնը փակեց հայոց ծխական վարժարանները: Քրիստափորի յորդորով Լեւոն անցաւ Գանձակ, ուր թեմական վարժարանին մէջ ուսուցչութեան լծուեցաւ, բայց շուտով բախում ունեցաւ տեղւոյն կղերամիտ եւ պահպանողական մտայնութեանց հետ: Էջմիածնէն, Մակար կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ, կրթական յատուկ քննիչ ուղարկուեցաւ Գանձակ: Ըմբոստ աշակերտութիւնն ու ուսուցիչները պատժելու իր կարգադրութեանց ճամբով, Էջմիածնի առաքած քննիչը Լեւոն Թադէոսեանին զրկեց ոչ միայն տեղւոյն դպրոցին մէջ, այլեւ որեւէ թեմական վարժարանի մէջ պաշտօնավարելու եւ դասաւանդելու իրաւունքէն: Այդպիսով վերջ գտաւ ուսուցչական ասպարէզը Պապաշային համար, որ այնուհետեւ հաշուապահական իր ընդունակութիւններով նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ` միաժամանակ նուիրուելով հետզհետէ թափ ստացող հայ յեղափոխական շարժման:
1890-ականներուն Պապաշա աշխուժ մասնակցութիւն բերաւ Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովներուն եւ սկզբնական կազմակերպումի քայլերուն: Անբաժան գործակիցը դարձաւ Քրիստափորի, որ Լեւոնին մէջ գտած էր ոչ միայն ժողովուրդի լայն խաւերուն հետ հաղորդակցելու եւ վստահութիւն ներշնչելու բարոյական մեծ դրամագլուխի տէր յեղափոխականը, այլեւ` կազմակերպական անդուլ աշխատանքի, անշահախնդրութեան, անկաշառ նկարագրի եւ տնտեսումի բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած գործիչը:
Լեւոն Թադէոսեանի դաշնակցական եւ ազգային-հանրային գործունէութեան հիմնական ասպարէզը դարձաւ Պաքուն, ուր ան հաստատուեցաւ 1900-ին, եւ ուր անդուլ գործեց մինչեւ 1918-ի սեպտեմբերին քաղաքին գրաւումը թուրքերուն կողմէ:
Կովկասի նաւթարդիւնաբերութեան կեդրոն Պաքուն եւ ՀՅԴ Ոսկանապատի Կեդրոնական կոմիտէն, այդ ժամանակաշրջանին, ընդհանրապէս կեդրոնական տեղ կը գրաւէին հայ իրականութեան մէջ: Իսկ Լեւոն Թադէոսեան շուտով դարձաւ հայ ազգային-քաղաքական եւ ռուս աշխատաւորական-յեղափոխական վերիվայրումներու առանցքային դերակատարներէն մէկը, որոշ պարագաներու նաեւ` «Հայրիկ»-ը, որ հիմնական դեր ունեցաւ հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան պահպանման, ամրապնդման եւ ընդլայնման մէջ: Պապաշայի դերակատարութիւնը մեծ եւ անփոխարինելի եղաւ թէ՛ «Փոթորիկ»-ի ճամբով հայկական ազատամարտին մեծահարուստ հայերու նիւթական աջակցութիւնը ապահովելու գործին մէջ, թէ՛ Դաշնակցութիւնը ներքնապէս պառակտելու փորձերուն դիմագրաւման մէջ` 1904-1907 թուականներուն, թէ՛ հայ-թաթարական արիւնալի ընդհարումներու հանգրուանին` 1905-ին, թէ՛ ցարական իշխանութեանց հակադաշնակցական հալածանքը ձախողութեան մատնելու ճակատին վրայ` 1908-1912 տարիներուն: Պապաշա իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ ցարիզմին կողմէ, ճաշակեց Մետեխի բանտը, բայց անպարտ արձակուեցաւ Դաշնակցութեան դատէն ետք եւ միշտ մնաց պատնէշի վրայ` ղեկավար մասնակցութիւն բերելով, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, Պաքուի հերոսական ինքնապաշտպանութեան կռուին:
Պաքուի անկումէն ետք, ընտրուած ըլլալով անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի պատգամաւոր, Պապաշա տեղափոխուեցաւ Երեւան եւ մեծ գործ կատարեց խորհրդարանի ելեւմտական յանձնաժողովին խօսնակի իր պաշտօնավարութեամբ: Կարեւոր ներդրում ունեցաւ Հայոց նորահաստատ պետականութեան ելեւմտական հիմերու ամրապնդման մէջ:
Պապաշա ապրեցաւ եւ գործեց Երեւանի մէջ մինչեւ 1921-ի փետրուարեան ապստամբութեան աւարտը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ ղեկավարութեան հետ` իր կարգին անցաւ Ատրպատական` Թաւրիզ: Դժուարին այդ ժամանակաշրջանին էր, որ պատմական դերակատարութիւն վիճակուեցաւ Պապաշային` իբրեւ ՀՅԴ Գերագոյն դատական ատեանի անդամի, պաշտօն մը` որուն ան ընտրուած էր 1919-ին, Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ:
1923-ին Պապաշա անցաւ Ժընեւ, ապա` Փարիզ, ուր ստանձնեց ՀՅԴ Կեդրոնական դիւանի վարիչի պաշտօնը: Պապաշային առողջութիւնը քայքայուած էր եւ 19 դեկտեմբեր 1935-ին ան բաժնուեցաւ մեր աշխարհէն` «Հայրիկ»-ի հետեւեալ պատգամը կտակելով յեղափոխական հայորդիներուն եւ մանաւանդ իր պաշտած Դաշնակցութեան.
«Սիրեցէք իրար միշտ անկեղծօրէն եւ ներողամտաբար ուղղեցէք իրարու սխալները. միշտ զսպեցէք ձեր ինքնասիրութիւնը, որ պզտիկ բաներից վեր մնաք»: