«Կեանք Չկայ…». «Եկեղեցիէն Յոյս Առաւ Հայ Ժողովուրդը» Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

HrairJebejian_15-1024x6821980-ական տարիներուն էր, Պէյրութ: Համալսարանական ուսանողներ էինք: Արաբական ծոցի տարածաշրջանէն մեծ գործարարներու ներկայացուցիչներ կը հանդիպէին ուսանողներու հետ եւ կը ջանային համոզել մեզ` մեկնելու այս երկիրներ`աշխատանքային կարելիութիւններու համար: Եթէ մէկ-մէկ կը թուէին աշխատանքային տուեալները, պայմանները ու առաւելութիւնները, բայց կը յստակացնէին նաեւ, թէ տարածաշրջանին մէջ «կեանք չկայ», բայց կայ «աշխատանք», նաեւ` «վարձատրութիւն»:

Հասկնալով հանդերձ անոնց անկեղծութիւնը, պէտք էր նաեւ փորձէինք հասկնալ, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել «կեանք չկայ»: Ու տակաւին, որպէս երիտասարդներ ու կեանքին սեմէն նոր մտած տաքարիւն հայեր, բնականաբար պիտի ուզէինք կերտել մեր ապագան, բայց նաեւ` ապրելով կեանքը: Եւ այս իրականութիւնները եթէ մեզ մէկ կողմէ կը քաջալերէին, բայց նաեւ տարակուսանքի մթնոլորտ կը ստեղծէին մեր երիտասարդական տրամադրութիւններուն մէջ:

Եւ չեմ գիտեր, թէ նախախնամութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ, եւ կամ` պատահականութիւն պարզապէս: Իւրաքանչիւրիս կեանքը ունեցաւ իր ընթացքը` կամովի՞ն, թէ՞ այլ, ատիկա տարբեր հարց, սակայն յստակ է, որ վերջին քսանհինգ տարիները (եւ մինչեւ այսօր) պիտի աշխատէի Արաբական ծոցի մէջ, ուր ապրած իւրաքանչիւր տարուան հետ  պիտի փորձէի մէկ-մէկ «քակել» անցեալի ուսանողական տարիներուն մեզի տրուած պատուէրը, թէ` «կեանք չկայ», որպէսզի բացայայտէի, թէ ինչո՞ւ եւ ո՞ւր «կեանք չկար»: Բայց արդեօք ի՞նչն էր, որ կեանքին կու տար արժէք եւ կը ճշդէր անոր ըլլալ-չըլլալը: Ու տակաւին, ի՞նչն էր աշխատանքի տարողութիւնը ու անոր կերտած արժէքը կեանքին մէջ, հապա վարձատրութի՞ւնը…:

Ու կեանքի փորձառութիւնը երեւի պիտի սորվեցնէր, թէ «կեանքը» կերտող ու կերտուող իրականութիւն է…: Եւ այս` եթէ մէկ կողմէ անհատական ու ընտանեկան, բայց նաեւ` հաւաքական:Եւ այս կերտող ու կերտելու իրականութիւնը մարդուն կեանքին իմաստ տուող հասկացողութիւն է, եւ` հաւաքական կեանքի մէջ մասնակից դառնալու գրաւական, որ կը լիցքաւորէ եւ նպատակ ու նշանակութիւն կու տայ իւրաքանչիւրիս: Այս նպատակակէտը նշանակութիւն է, որ յոյս կը ներմուծէ մարդու ու հաւաքականութեան կեանքերուն մէջ եւ կը փորձէ նայիլ «վաղուան»`աւելի լաւը կերտելու տեսլականով:

Եւ Արաբական ծոցի շրջանի երկիրներու մէջ «կեանք չկայ»-ի իրականութիւնը սկսայ տեսնել այս պրիսմակէն եւ վերջին քառորդ դարուն ապրած իրականութեան փորձառութենէն: Սկսայ սորվիլ եւ սորվելով ալ ապրիլ այն իրականութիւնը, թէ կեանքը կ՛ըլլայ ու կը կերտուի, եթէ կայ տրամադրութիւնը եւ վճռակամութիւնը, թէ նոյնինքն կեանքը կարելի է «ապրիլ» ու «ըլլալ»…

Բայց արդեօք ասիկա նաեւ հայուն փորձառութիւնը չէ՞ աշխարհով մէկ, յատկապէս` Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, երբ հայը կառչեցաւ կեանքը ապրելու եւ նոյն կեանքով ըլլալու իրականութեան: Հայը` իր անհատական ինքնութեամբ, եւ` անպայմանօրէն հաւաքական…: Այս նոյնքան իրական է, եւ ապրուած փորձառութեամբ Արաբական ծոցի տարածաշրջանին մէջ:

HrairJebejian_3a1-1024x682Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը` Ապու Տապիի նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման արարողութեան ընթացքին, ուրբաթ, 12 դեկտեմբերի 2014-ին, արդէն իսկ կը հիմնաւորէ հայուն կեանքը ապրելու եւ ըլլալու միտք բանին: «Եկեղեցիէն յոյս առաւ հայ ժողովուրդը…», որովհետեւ հայը իր կեանքը ապրեցաւ ու տակաւին` այս յոյսով… Եւ այս յոյսին մէջ ու անոր միջոցով «կեանք չկան» վերածեց «կեանք կայ»-ի: Եւ թէ` հայը կերտեց իր անհատական ու ընտանեկան կեանքը ու անոր բարօրութիւնը, բայց նաեւ տքնեցաւ հաւաքական կեանքի իրականացման ի խնդիր, որովհետեւ այդ հաւաքական կեանքին մէջ տեսաւ իր ապրելու հրամայականը: Եւ այս մեծ գաղութներէն սկսած մինչեւ ամէնէն փոքրը`թուային թէ այլ հաշուարկներով:

Եւ Ապու Տապիի փոքրաթիւ հայկական գաղութին ապրելու այս յոյսը եւ իրականութեան վերածելու զայն` ապրուած ու ապրելու տենչին ձգտող լաւագոյն փորձն է: Բայց կայ նաեւ աւելին: Ապու Տապիի փոքրաթիւ գաղութին ապրելու այս տենչը հիմնաւորուած էր պատմութեան կերտած յաջող փորձին ու անոր վրայ: Թէ` գաղութ մը կազմաւորելու եւ միաւորելու համար անհրաժեշտ է կառուցել նախ եկեղեցին եւ անոր կողքին դպրոցը: Այդ օրը վեհափառ հայրապետին «յիշեցումը» մեզի կը մեկնի այս տուեալներէն: «Հայը իր տունը շինելէն առաջ եկեղեցին շինեց, որովհետեւ հաւատաց իր կենդանութեան եկեղեցւոյ միջոցով»:

Հոս արժէ բանալ փակագիծ մը, որովհետեւ Ապու Տապին ու Արաբական ծոցի տարածաշրջանը ունին նաեւ իրենց իւրայատկութիւնները:

Քրիստոնէական ներկայութիւնը եւ եկեղեցին` Արաբական ծոցի տարածաշրջանին մէջ, ունին իւրայատուկ պիտակ: Արդարեւ եկեղեցին ու անոր գործունէութիւնները «ամփոփուած» են որոշ հողաշերտի ու տարածքի մէջ, եւ` պատշաճեցուած այս տուեալներէն մեկնելով: Այս իմաստով, այս ամփոփումն ու անոր պատշաճեցումը քաջալերած է եկեղեցիներ` ընդհանրապէս համխմբուելու եւ միասին գործակցելու: Այս իրական է նաեւ հայկական գաղութին համար, ուր եկեղեցին կ՛անուանուի որպէս «Հայկական եկեղեցի» (Ալ-քանիսէ ալ-արմանիէ): Եւ այս հայկականը ստեղծած եւ եղած է «հաւաքական տուն»` եկեղեցիին միջոցով, ուր ամբողջ հայութիւնը կը մէկտեղուի անոր շուրջը: Ամբողջ հայութիւնը պիտի ընդգրկէ տարբեր հայկական համայնքային-եկեղեցական պատկանելիութիւններ, որոնք պահելով հանդերձ իրենց ինքնութիւնը, մէկտեղուած են «Հայկական եկեղեցիի» շուրջ եւ անոր մէջ եւ միասին կ՛ապրին ու կը գործեն…: Եւ այ գաղութին ու անոր հաւաքական կեանքին առաջնահերթութիւններէն մէկն է, ուր հայը կ՛ապրի հաւաքական «հասկացողութեամբ», նոյնինքն հաւաքական «տան» մէջ…

Բայց արդեօք այս չէ՞ հայուն ապրելու եւ գոյատեւելու մղիչ ուժը: Ստեղծել հաւաքական «հասկացողութիւն»-ը եւ զայն դնել հաւաքական «տան» ու «երդիքի» տակ…: Ու տակաւին, եւ ինչպէս վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ այս տունը, իմա եկեղեցին, «պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց մնաց զօրեղ»,  որովհետեւ հայը այս եկեղեցիով եւ անոր դաստիարակած եւ ներշնչած յոյսովն է, որ ապրեցաւ, վերապրեցաւ եւ մնաց «զօրեղ», իսկ «կեանք չկան» դարձաւ մարտահրաւէր` զայն վերածելով «ընելու» եւ «ըլլալու» կեանք մը, բայց մանաւանդ` «ապրելու»…

Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց նորաշէն եկեղեցիով տեղական հայկական փոքր «գումարտակը» կառչեցաւ կեանքին մէջ «ապրելու» եւ «ըլլալու» տեսլականին: Անոնք այս եկեղեցիին ու անոր նորակառոյց շէնքին մէջէն տեսան «յոյս»-ը…: «Յոյս»-ը, թէ հայը պիտի ապրի իր հաւատքով եւ ազգային ինքնութեամբ:

Աշխարհատարած հայուն ժառանգած կտակն ու պատուէրն է ասիկա:

Եթէ «կեանք չկայ», բայց կայ վճռակամութիւնը զայն «ընելու» եւ «ապրելու»:

Որովհետեւ հայը որոշած է ապրիլ Ապու Տապի եւ ամէն տեղ, եւ ապրիլը յոյսով ու հաւատքով է:

Եւ այս յոյսին ու հաւատքին կառչելով է, որ հայուն համար «կեանքը (չ)կայ»…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )