«Քունի Հիւանդութիւն»-ը Կը Շարունակէ Ահաբեկել Ղազախական Գիւղի Բնակիչները

1223_Kalachi«Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի հիւսիսը գտնուող Քալաչի գիւղի չորս բնակիչներ հիւանդանոց փոխադրուած են` «քունի հիւանդութեան» ախտանշանով:

Բժիշկները յայտնած են, որ քնացածներուն կարգին են երեխայ մը եւ երեք չափահաս: Նաեւ կը նշուի, որ շաբաթ օրուընէ ի վեր նոյն ախտանշանով հիւանդանոց մուտք գործած է տասը մարդ:

Քալաչիի բնակիչները անցեալ մարտէն ի վեր սկսած են բողոքել օրեր տեւող քունէն, յիշողութեան կորուստէն ու տարբեր տեսլահարութիւններէ: Աղբիւրը կը նշէ, որ մասնագէտներու կատարած բազմաթիւ հետազօտութիւնները արդիւնք չեն տուած, եւ օրեր տեւող քունին պատճառը կը շարունակէ անյայտ մնալ:

Տեղւոյն բնակիչները նկատած են, որ հիւանդութիւնը աւելի սաստիկ կը դառնայ յատկապէս տաք օրերուն: Տեղւոյն իշխանութիւնները խոստացած են 2015-ին Քալաչիի բնակիչները վերաբնակեցնել այլ վայրի մը մէջ:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ խորհրդային տարիներուն գիւղին կից գտնուած են իւրանիոմի հանքեր, որոնց շահագործումը այժմ դադրեցուած է: Ուստի չի բացառուիր, որ մարդոց առեղծուածային քնոտութիւնը կապուած ըլլայ նշեալ հանքերուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )