10 Խորհուրդ` Տօնական Օրերուն Չգիրնալու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամանոր, խթում, ծնունդ… Տօնական այս օրերէն ետք 2-3 քիլօ գիրնալը անխուսափելի է: Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն մասնագէտ սննդագէտները` այս անպատեհութենէն խուսափելու համար:

 

1

 

1225jogging-on-beachՄարզա՛նք ըրէք: Պայման չէ մարզասրահ երթալ, կը բաւէ, որ տօներու նախօրեակին եւ անոնց յաջորդող օրերուն օրական մէկ ժամ քալէք:

 

2

Ջուր խմեցէք: Շատ պարզ է` որքան ջուր խմէք, այնքան ձեր մարմնէն դուրս կը քշէք թունաւոր նիւթերը, իսկ տօնական ճոխ կերակուրներէն ետք այս գործընթացը կրկնակի անհրաժեշտ է:

 

3

1225saladԽուսափեցէ՛ք աղի կամ քաղցր կրկնեփուկներէն, որոնք որպէս ախորժաբերներ կը հրամցուին խմիչքի կողքին` նախքան ընթրիքի մատուցումը: Անոնց փոխարէն` նախապատուութիւնը տուէք կտրտուած, թարմ բանջարեղէններուն (պրոքոլի, ստեպղին, թարմ պղպեղ, վարունգ…)

 

4

 1225wine_1423468cՀրաժարեցէ՛ք ուիսքիէն եւ վոտքայէն, որոնց ալքոլի տոկոսը շատ աւելի բարձր է, քան` փրփրագինիին (շամփանիա) եւ գինիինը: Վերջիններուն պարագային երկուքական բաժակով բաւարարուեցէք:

 

5

Թեթեւ բան մը կերէք: Եթէ ընթրիքի ուշ պիտի նստիք, նախընտրելի է ձեր ստամոքսը պարապ չձգէք եւ թեթեւ բան մը ուտէք, ինչպէս` խնձոր մը, խաշած հաւկիթ մը եւ կամ պզտիկ պնակ մը մածուն:

 

6

Մէկ անգամ լեցուցէք ձեր պնակը եւ մի՛ նորոգէք զայն: Յաճախ աչքն է, որ չի կշտանար, մինչդեռ ստամոքսը արդէն լեցուն կ՛ըլլայ:

 

7

Դանդա՛ղ կերէք եւ երկա՛ր ծամեցէք: Ձեր ուղեղին ժամանակ տուէք, որպէսզի արձանագրէ, որ ստամոքսը լեցուն եւ կուշտ է:

 

8

Հրաժարեցէք քաղցրաւենիներէն: Եթէ աղը  մարմինին մէջ ջուրի կուտակում կը պատճառէ, շաքարը իր կարգին կը պատճառէ ճարպային բջիջներու կուտակում: քաղցրաւենիները փոխարինեցէք պտուղի աղցաններով կամ սովորական պտուղներով:

 

9

Ճաշի սեղանէն բաժնուելէ ետք կրկին չվերադառնա՛ք, որքան ալ քաշողական թուին աւելցած կերակուրներն ու աղանդները:

 

10

Ճաշի ժում չջնջէ՛ք: Շատեր յանցանքի զգացումէն մղուած` յաջորդ օրը ծոմ կը պահեն: Սխա՛լ որոշում, քանի որ ճաշի ժում ցատկելով` աւելի կ՛անօթենաք եւ կրկնապատիկ կ՛ուտէք:

 

Տօնական Սեղանի Պատառիկներ

Տօնական սեղանի զարդերն են նաեւ պատառիկները, որոնք իրենց համով, բայց մանաւանդ տեսքով կը գրգռեն ախորժակները:

  • Պատառիկները կարելի է պատրաստել հացի շերտերով, աղի կրկնեփներով, վոլ օ վաններով եւ այլն:
  • Տօնական օրերու պատառիկներու գլխաւոր բաղադրիչներն են սոմոն ֆիւմէն, պանիրեղէնը, որոշ բանջարեղէններ եւ ձկնկիթը: Այս բաղադրիչները կարելի է փոխել` ըստ քիմքի եւ պիւտճէի:
  • Պատառիկները կարելի է զարդարել ցպիկներով` թէ՛ ուտելը դիւրացնելու եւ թէ՛ անոնց գեղեցիկ տեսք տալու համար:
  • Տունը պատրաստուած պատառիկները կրնան շատ աւելի համեղ, մաքուր եւ առողջապահական ըլլալ, քան` տօնական օրերուն մեծաքանակ վաճառուող տեսականին:
  • Նկարներէն ներշնչուելով` կարելի է համեստ պիւտճէով մը ներկայանալի եւ համադամ պատառիկները պատրաստել: Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

1225bouchees-faciles

 

 

 

 

 

 

 

1225images

1225etoiles-salees-a-la-creme-de-thon

 

 

 

 

 

 

1225mille-feuille-aperitif-de-legumes-et-fruits.

1225escargot-et-saumon

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Սեւ Հացով Եւ Հաւով Շարլոթ

1225charlotteԲաղադրիչներ

Հաւու խաշած կուրծք
Մայոնեզ
Եգիպտացորեն
Մանրուած վարունգի թթուաշ
Սեւ համեմ
Աղ
Կիտրոնի տաշուք
(Բաղադրիչներուն քանակը` ըստ ձեր կաղապարին)

Պատրաստութիւն

Խաշած հաւու կուրծքը մանր բզկտել, աղել, համեմել, աւելցնել մանրուած թթուաշը, եգիպտացորենը, կիտրոնի տաշուքն ու մայոնեզը: Բոլորը միատեղ խառնել:

Տակէն բացուող կաղապարի մը ներսի պատերուն շարել սեւ հացի ձեւաւոր շերտերը, կեդրոնը լեցնել մայոնեզով միջուկը եւ սառնարանը պահել առնուազն 2-3 ժամ:

Սեղան բերելու ատեն կաղապարէն փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, շուրջը ժապաւէն մը կապել եւ երեսը զարդարել հաւու կտորներով եւ թարմ անանուխի տերեւով:

 

Սերգէյ Փարաջանովի Ամանորը

1225-parajanovՆշանաւոր արուեստագէտը Ամանորը կը սիրէր դիմաւորել տունը եւ ժամանակը անցընել հարազատներուն հետ:

Դժբախտաբար ան յաճախ տունէն եւ սիրելիներէն հեռու դիմաւորած է Նոր տարին. բայց մինչեւ իսկ բանտին մէջ ան չէ հրաժարած տօնածառի գաղափարէն եւ կտորէ ….շպարկերով տօնածառ շինած է:

Կը պատմուի, որ կալանաւորուած արուեստագէտը տարի մը բանտապետէն խնդրած է Նոր տարին անցընել բանտի իր բախտակից ընկերներուն հետ: Դեկտեմբեր 31-ին զայն միտումնաւոր ազատ կ՛արձակեն: Փարաճանովը այդ Ամանորը կը դիմաւորէ Խարքովի կայարանին մէջ…

 

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նոր Տարին

Այս գիշեր հագուած, սգուած նոր տարին
Առտուան լոյսին կը սպասէ տենդոտ.
Ոգիներ անդարձ կորզեցին տարին
Մե՜ր գիրկէն հինին ձայները ծանօթ:

Նոր տարուայ ընծայ պայծառ լուսինկան
Սազեր է գիւղին լեռները բոլոր.
Երգերը ծերին, ճիչերը մանկան
Կ՛արձագանգեն թունդ խազերով մոլոր:

Իղձերու շարք մը պլլուած սրտին`
Վառ յոյզերու մէջ կ՛օրրէ զայն ուժգին.
Բորբոքած հուրքովն յոյզերու անշէջ
Կը ծփան սիրտերը ըղձանքներու մէջ:

Գիշերուայ վերջին պահերուն լռին
Ձայներն ու լոյսեր յանկարծ կը մարին.
Եւ բեհեզներովն կապոյտ կամարին
Պճնըւած աշխարհ կու գայ նոր տարին:

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

1902, դեկտեմբեր 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )