Վան Կաալ. «Վիրաւոր Մարզիկները Պիտի Չմասնակցին Նիւքասըլի Դէմ Մրցումին»

1224_van-GaalՄանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ` Լուիս Վան Կաալ յայտարարած է, որ բոլոր այն մարզիկները, որոնք վիրաւոր են, տակաւին լիովին ապաքինած չըլլալուն պատճառով իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն յառաջիկայ ուրբաթ օր, Նիւքասըլի դէմ տեղի ունենալիք փրեմիեր լիկի մրցումին: Վիրաւորներուն մէջ են` Տէտլի Պլինտ, Մարքոս Ռոխօ, Լիւք Շօ, Մարուան Ֆելլայնի, Անտեր Հերրերա եւ Քրիս Սմոլինկ:

Եունայթըտ, որ ուրբաթ օր «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ պիտի հիւրընկալէ Նիւքասըլը, յառաջիկայ կիրակի հիւրը պիտի ըլլայ Թոթենհամի, ապա` Սթոք Սիթիին (յառաջիկայ), որմէ ետք Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին Գ. հանգրուանին առնչուող մրցում մը պիտի կատարէ Եէօվիլի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )