«Ուքրանիա ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմում Կրնայ Ներկայացնել Միայն Բարեփոխումներ Կատարելէ Ետք» Ըսաւ Սթոլթենպերկ

Ենս Սթոլթենպերկ

Ենս Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց. «Ուքրանիա մաս կազմելու դիմում կրնայ ներկայացնել միայն կատարելէ ետք անհրաժեշտ բարեփոխումներ, որոնք կը վերաբերին երկրին պաշտպանութեան կազմակերպման, փտածութեան դէմ պայքարին եւ աւելի արդիւնաւէտ պետական կառոյցի ստեղծման»:

Ան ենթադրութիւններ չըրաւ, թէ այդ մէկը որքա՛ն ժամանակ պիտի տեւէ, սակայն յիշեցուց, որ ուքրանացիները կը խօսին վեց տարուան մասին:

«Մենք պիտի սպասենք բարեփոխումներուն աւարտին, ապա պիտի քննարկենք դիմումը, երբ ներկայացուի: Իսկ մինչ այդ շատ ժամանակ կայ», յայտնեց Սթոլթենպերկ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )