Դաւթաշէնի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Համար Կառուցուող Շէնքին Հիմնարկէքը
Երեւանի Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ տեղի ունեցած է սուրիահայերու համար կառուցուող բազմաբնակարան շէնքի հիմնարկէքի արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Դաւթաշէն վարչական շրջանի ղեկավարը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ եւ սուրիահայեր:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, «Օգնէ՛ եղբօրդ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Լիլիթ Գալստեան նշած է, որ հիմնադրամի նախաձեռնութիւններէն ամէնէն ծաւալունը Երեւանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու համար բնակարան կառուցելու ծրագիր իրականացնելն էր, որ ըստ էութեան, արդէն իսկ կեանքի կը կոչուի:
«Օգնէ՛ եղբօրդ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Թաթուլ Յարութիւնեանի խօսքով` սուրիահայերը այստեղ բնակարաններ կրնան գնել բուն արժէքէն աւելի նուազ սակերով: Շէնքը արդէն ունի 3 տասնեակէ աւելի շահառու:
Նշենք, որ շէնքին շինարարութիւնը կ՛իրականացնէ «Խարբերդշին» ընկերութիւնը, ճարտարապետն է Ալպեր Աճեմեան: Չորս ամիս առաջ սկսած շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2016-ին: Կառուցուելիք 14 յարկանի շէնքը նախատեսուած է 78 ընտանիքի համար: