Կաղանդի Ծաղիկը Փուէնսեթիան

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1227_poinsettia-1Երբ Կաղանդի շրջանը կը մօտենայ, ամէն ինչ կը ծածկուի փուէնսեթիաներուն կարմիրով: Անոնք Կաղանդի ամէնէն շատ սիրուած զարդարանքներէն մէկն են: Սակայն ինչպէ՞ս Մեքսիքայէն եկած արեւադարձային այս բոյսը դարձած է միջազգային Կաղանդի խորհրդանիշներէն մէկը:

Փուէնսեթիան հարուստ պատմութիւն մը ունի: Այս արեւադարձային թուփէն գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 100  տեսակներ: Իրենց բնական միջավայրին մէջ անոնք կրնան մինչեւ 3.5 մեթր աճիլ: Մեքսիքայի բնիկ ալթեքները ծանօթ էին այս թուփին, զոր կ՛անուանէին «Քուէթլաքսոչիթլ», որ կը նշանակէ «մորթի ծաղիկ»: Ազթեքները այս բոյսը կը գործածէին, օրինակի համար, հագուստները ներկելու, կամ կրօնական արարողութիւններու ընթացքին, որովհետեւ անոնց համար կարմիր գոյնը մաքրութեան խորհրդանիշն էր:

Սակայն գիտէ՞իր, թէ անոր կարմիր բաժինները ծաղիկին թերթերը չեն, այլ` բոյսին տերեւները: Ծաղիկները թուփին կեդրոնը գտնուող փոքրիկ դեղին ծիլերն են, մինչ կարմիր տերեւները կրնան ըլլալ նաեւ` վարդագոյն, ճերմակ կամ դեղին: Փուէնսեթիաները, որոնք ճանչցուած են իբրեւ «ասիական ծաղիկը» կամ «մեքսիքական բոցէ տերեւը», կը ծաղկին դեկտեմբեր ամսուն, հետեաբար անոնք Կաղանդի ամէնէն յարմար բոյսերն են:

Փուէնսեթիաները նախ կը հասնին Միացեալ Նահանգներ, 19-րդ դարուն: Անոնց անունը եկած է Միացեալ Նահանգներու Մեքսիքայի առաջին դեսպանին անունէն: Ճոէլ Ռոպըրթց Փուէնսեթ այս թուփին ծանօթացած է հարաւային Մեքսիքայի վայրի դաշտերուն մէջ, 1828-ին: Իր ազատ ժամերուն ան կը սիրէր պարտիզպանութեամբ եւ բոյսերով զբաղիլ: Ան այս թուփը հետը բերած է Հարաւային Քարոլայնա, երբ Միացեալ Նահանգներ վերադարձած է:

1227_poinsettia-2Սակայն ի՞նչ է փուէնսեթիային կապը Կաղանդին հետ: Ըստ մեկնաբանութեան մը, անիկա կը խորհրդանշէ Բեթղեհեմի աստղը, որ մոգերուն ցոյց տուաւ Յիսուս Մանուկին ծննդավայրը հասցնող ճամբան:

Իսկ մեքսիքական աւանդութիւն մը կը պատմէ ,որ Փեփիթա անունով աղքատիկ փոքրիկ աղջիկ մը տխուր էր, որովհետեւ ան Յիսուս Մանուկին չէր կրնար նուէրներ տանիլ միւս փոքրիկներուն նման: Իմաստուն մը կը փորձէ զայն մխիթարել` ըսելով, թէ նոյնիսկ ամէնէն համեստ նուէրը, երբ սիրով կը տրուի, մեծ գնահատանք կը ստանայ: Հետեւաբար Փեփիթա կ՛երթայ ճամբուն եզերքը բուսած, ոչ շատ գեղեցիկ թուփէ մը տերեւներ քաղելու եւ այդ տերեւներու փունջը կը տանի Յիսուս Մանուկին նուիրելու: Իր փունջը զետեղելու ժամանակ հրաշք մը կը պատահի. պարզ, կանաչ տերեւները գեղեցիկ մութ կարմիր գոյն մը կը ստանան: Եւ այդ դէպքէն ի վեր բոլոր վայրի փուէնսեթիաները վառվռուն գոյներով կը ծածկուին Կաղանդի շրջանին: Անոնք կը դառնան «Լաս Ֆլորես տը լա նոչէ պուէնա»` «Սուրբ գիշերուան ծաղիկները»:

 

Խոհագիր

Կաղանդի Անուշեղէններ

ԱՈսկեգոյն Պիւշը

1227_khoh-1Պէտք ունիս (8 հոգիի համար) – 4 հաւկիթ, 25 կ կարագ, 120 կ շաքար, քիչ մը վանիլա, 100 կ ալիւր, 25 կ քաքաօ, 33 սանթիլիթր քրեմ, 200 կ կարկանդակի տուրմ, արքայամորի (ֆրամպուազ) անուշ, արծաթագոյն շաքարէ ուլունքներ, ոսկեգոյն շաքար, պտղունց մը աղ:

Պատրաստութիւն

1227_khoh-21 – Փուռը վառէ 210 աստիճան տաքութեան վրայ: Կարագը հալեցուր, հաւկիթներուն ճերմկուցները բաժնէ դեղնուցներէն: Ճերմկուցներուն վրայ պտղունց մը աղ դիր եւ զանոնք մեքենայով զարկ, մինչեւ որ ուռին:

2 – Խորունկ ամանի մը մէջ զարկ հաւկիթի դեղնուցները` շաքարին եւ վանիլային հետ: Աւելցուր քաքաոն, ալիւրը եւ կարագը: Խառնէ: Վերջապէս աւելցուր ձիւնի նման զարնուած հաւկիթի ճերմկուցները եւ դարձեալ խառնէ:

1227_khoh-33 – Փուռի յատուկ քառանկիւն ափսէի մը վրայ փուռի մէջ եփելու յատուկ թուղթ դիր: Ափսէին մէջ պարպէ խմորը եւ տափակ սփաթիւլով մը զայն տարածէ, մինչեւ որ խմորը մօտաւորապէս կէս սանթիլիթր լայնքով քառանկիւնի ձեւ ստանայ: Խմորը փուռին մէջ եփէ 12 վայրկեան:

4 – Ափսէն փուռէն հանելէ ետք կարկանդակին վրայ դիր քիչ մը խոնաւցուած մաքուր խոհանոցի անձեռոց մը: Ափսէն դարձուր եւ հանէ վրայի թուղթը: Կարկանդակը սեղմ ոլորէ անձեռոցին հետ: Ձգէ, որ այս ձեւով պաղի:

1227_khoh-45 – Տուրմը տաշէ: Քրեմը եռացուր: Տուրմը դիր խորունկ ամանի մը մէջ, վրան պարպէ քրեմը: Խառնէ: Ձգէ, որ պաղի, եւ ապա զայն սառնարանը դիր 2 ժամ:

6 – Խմորը զգուշութեամբ բաց: Պատառաքաղով մը զայն բազմաթիւ տեղեր ծակծկէ, ապա զայն ծածկէ արքայամորի անուշի բարակ խաւով մը:

7 – Մեքենայով զարկ տուրմով քրեմը, մինչեւ որ խառնուրդը կարծրանայ: Այս քրեմին կէսը տարածէ անուշի խաւին վրայ, ապա պիւշը ոլորէ:

1227_khoh-58 – Տափակ դանակով մը պիւշին վրայ մնացած քրեմը քսէ: Զայն սառնարանը դիր 24 ժամ: Պիւշին երկու ծայրերը կտրէ եւ զայն զարդարէ արծաթագոյն ուլունքներով եւ ոսկեգոյն շաքարով:

 

1227_khoh-6ԲԿաղանդի Տուրմէ Պատառիկներ

1227_khoh-8-9Պէտք ունիս (մօտաւորապէս 20 տոպրակի համար)  – 200 կ սեւ տուրմ, 100 կ քորն ֆլէյքս, 50 կ կարագ, 15 նարինջի քաղցրացուած կեղեւի ճիւղիկներ, ոսկեգոյն շաքար, թուղթէ պզտիկ կարկանդակի գաւաթիկներ:

Պատրաստութիւն

1227_khoh-71 – Տուրմը եւ կարագը կտրտէ եւ զանոնք պզտիկ կաթսայի մը մէջ դիր: Շատ մեղմ կրակի վրայ զանոնք հալեցուր` փայտէ դգալով մը խառնելով:

2 – Նարինջի կեղեւի ճիւղիկները պզտիկ կտորներու վերածէ: Խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնէ նարինջի կեղեւներու կտորները եւ քորն ֆլէյքսը:

3 – Տուրմը պարպէ քորն ֆլէյքսներուն վրայ: Զգուշութեամբ խառնէ, որպէսզի տուրմը ամբողջովին ծածկէ քորն ֆլէյքսները` առանց զանոնք փշրելու:

4 – Սուրճի երկու դգալներ գործածելով` իւրաքանչիւր թուղթէ գաւաթիկին մէջ դիր այս խառնուրդէն պզտիկ կոյտ մը: Վրան ոսկեգոյն շաքար սրսկէ: Զանոնք սառնարանին մէջ դիր 30 վայրկեան, որպէսզի կարծրանան:

Կրնաս սեւ տուրմի կողքին գործածել նաեւ ճերմակ տուրմ եւ կաթով տուրմ:

3 – Տաքուկ Նեկտարը

1227_khoh-101227_khoh-11Պէտք ունիս – (4 հոգիի համար) – 1 լիթր խնձորի հիւթ, 2 ճիւղիկ կասիա, 2 աստղ անիսոն, 2 մեխակի գամեր, լիմոնի մը կեղեւին տաշուքը, պտղունց մը փոշի կոճապղպեղ:

Պատրաստութիւն

Բոլոր նիւթերը միասին տաքցուր, եւ ապա ձգէ, որ հանգչի: Զայն համտեսէ գաղջ, կտոր մը պիւշի հետ:

Ինչո՞ւ Կաղանդի Ծառի Կոճղ» Կ՛ուտենք

Ժամանակին, ըստ սովորութեան, Կաղանդի շրջանին, 24 դեկտեմբերին Ս. Ծնունդը տօնող երկիրներուն մէջ Ծնունդին գիշերը կրակարանին մէջ կը դրուէր ծառի կոճղի կտոր մը եւ կը ձգուէր, որ անիկա դանդաղօրէն վառի մինչեւ Նոր Տարի:

Մարդիկ ասիկա բախտաբեր սովորութիւն կը համարէին: Ներկայիս այս «Ծառի կոճղը» դարձած է Կաղանդի աւանդական թխուածք մը` պիւշ, որուն ձեւը կը յիշեցնէ ծառի մը հաստ ճիւղը:

Գիտէի՞ր, Թէ…

1227_kideir-te– … Կաղանդի առտուն Միջազգային անջրպետային կեդրոնին մէջ մնացող աստղաւաւորդններն ալ կը տեսնեն, թէ Կաղանդ Պապան եկած է նուէրներ դնելու իրենց ծառին տակը, 400 քմ բարձրութեան վրայ:

– Կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Քանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Զուիցերիա, կարելի է Կաղանդի բնական ծառ վարձել:

– Այս երկիրներուն մէջ մարդիկ, որոնք յաճաք բնական ծառեր կը գնեն զարդարելու համար, այդ ծառերը տաստինգ օր տուներուն մէջ պահելէ ետք կը լքեն մայթի մը վրայ:

– Սակայն երբ ծառը կը վարձուի, գործածուել ետք անիկ կրնայ իր կեանքը շարունակել: Եթէ անիկա տակաւին փոքր է, կը ձգուի իր թաղարին մէջ, մինչեւ աճի: Եթէ արդէն աճած ծառ մըն է, հողին մէջ կը տնկուի: Իսկ եթէ ծառը երկար ժամանակ տաքուկ տան մը մէջ մնալէ ետք փճացած է, կը վերամշակուի եւ կը կտրտուի:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու եղջերուները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու եղջերուները:

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ Պապայի եղջերուին` գտնելու համար իր զանգակներուն հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ Պապայի եղջերուին` գտնելու համար իր զանգակներուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )