ՏՕՆԵՐ-ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՎԱՐԴԱՎԱՌ

Վարդավառը շարժական տօն է. անիկա կը նշուի Զատիկէն 98 օր ետք եւ կրնայ իյնալ յունիս 28-էն օգոստոս 1-ի միջեւ: Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ Վարդավառը կը նշուէր յուլիս 22-ի յաջորդող կիրակին:

Հայոց մէջ Վարդավառը ուխտագնացութիւններու տօն էր, ամէնէն աւելի սիրուած ուխտատեղը Մշոյ Ս. Կարապետի վանքն էր:

Վարդավառը կը զուգադիպէր դաշտերուն մէջ հասունցած հացահատիկներու հաւաքին: Տօնին գրեթէ ամէնուր հասկեր կը տանէին եկեղեցի` խնդրելով, որ դաշտերը կարկուտէն ու մարախէն անվնաս մնան:

– Բասէնի մէջ, առաւօտեան եկեղեցիին խորանը կը զարդարուի հազարաւոր ծաղիկներով եւ վարդի փունջերով: Ընդհանրացած սովորութիւն էր, որ մինչեւ Վարդավառ խնձոր չուտէին, այսպէս ըսուած` «Խնձորի պաս» էր, տարուան առաջին խնձորը կ՛ուտէին Վարդավառին, ինչպէս առաջին խաղողը կ՛ուտէին վերափոխման կամ խաղողօրհնէքի տօնին:

– Շատախի մէջ երիտասարդները Վարդավառի շաբաթ երեկոյեան դէզեր կը պատրաստէին, որոնցմէ մէկը պէտք էր միւսներէն աւելի մեծ ըլլար: Երեկոյեան կարգով կը վառէին դէզերը` սկսելով փոքրերէն, եւ այսպէս մինչեւ առաւօտ կրակը չէր մարեր: Ահա այդ վառուող դէզերուն մէջ կը խորովէին խնձորները եւ կ՛ուտէին: Լուսեբացին կը վառէին ամէնէն մեծ դէզը, որուն շուրջ կը կատարուէին շուրջպարեր:

Աղջիկներու եւ տղաներու շուրջպարերուն սովորաբար կ՛ընկերակցէին երգային բանավէճեր, որոնք յաճախ յանպատրաստից եւ յօրինուած երգեր էին եւ կը պարունակէին անմեղ կատակներ իրարու հասցէին:

– Նախիջեւանի մէջ առտու կանուխ կիները թելերու վրայ ծաղիկներ, խնձոր, մանր վարունգ եւ վարդեր ամրացնելով խաչաձեւ կը կապէին երեխաներու կուրծքին եւ կը տանէին եկեղեցի:

– Ագուլիսի մէջ մինչեւ Վարդավառ նշանուած աղջիկները ամանի մը մէջ ցորեն կամ գարի կը ծլեցնէին: Տօնի օրը փայտը մը կը տնկէին այդ ծիլերուն մէջ ու կը զարդարէին մանր վարունգներով, խնձորներով ու վարդերով` խաչի տեսք տալով այդ փայտին: Զարդարուած խաչաձեւ փայտը ծիլերուն հետ միասին «Խնդրում» կը կոչուէր: Կէսօրէ ետք պառաւ կին մը կը վերցնէր խնդրումը, կը տանէր ու կը դնէր գիւղին հրապարակը եւ «կը հսկէր»: Ապա պառաւը խնդրումը կը դնէր գլխուն եւ կը պարէր, մինչ երիտասարդները կը փորձէին գաւազանով մը վար ձգել խնդրումը եւ ձեռք ձգել վարունգ մը կամ ծաղիկ մը, իսկ պառաւը կեղծ կ՛անիծէր յարձակող երիտասարդները:

– Տերսիմի մէջ, Վարդավառը կը նշուէր Մնձուր լերան քառասունի հասնող ակնաղբիւրներու մօտ: Կերուխումով, մարզախաղերով, պար ու նուագով Մնձուրը կը թնդար:

Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ Վարդավառի տօնը կը յատկանշուէր ջուրի խաղերով, բայց նաեւ` աղաւնի թռցնելով, գիշերային խարոյկներ վառելով, ցորենի խուրցեր եւ միրգեր զոհաբերելով, ծաղիկներ նուիրաբերելով եւ զանազան մրցումներ կազմակերպելով:

Տերսիմի մէջ, Վարդավառը կը նշուէր Մնձուր լերան քառասունի հասնող ակնաղբիւղներու մօտ:

 

ՋՈՒՐԸ

Ամրան տաք օրերուն ջուրը կենսական ըմպելի մըն է բոլորին համար` առանց տարիքի կամ սեռի խտրութեան: Սակայն, ինչպէս ուտելիքները, ջուրը եւս կրնայ թունաւոր դառնալ եւ ծանր հիւանդութիւններու դուռ բանալ, եթէ պատահական տեղերէ խմուի: Երեխաները եւ տարեցները շատ աւելի զգայուն կ՛ըլլան ջուրին պարունակած մանրէներուն հանդէպ եւ, բնականաբար, շուտով կ՛անհանգստանան. իսկ բոլորիս ծանօթ ախտանշաններն են` ջերմը, փորհարութիւնը եւ փսխուքը: Հետեւաբար պէտք է չափազանց բծախնդիր ըլլանք մեր ընտրած ու խմած ջուրին նկատմամբ, չխաբուինք շուկայի վրայ համեմատաբար աժան գինով ծախուող տեսակներէն, ընտրենք վստահելին ու մաքուրը:

ՋՈՒՐ

Կեանքին համար առաջին հիմնական տարրը թթուածինն է, իսկ երկրորդը` ջուրը: Մեծերու մօտ մարմնին 70 առ հարիւրը, իսկ փոքրերու մօտ 90 առ հարիւրը կը կազմէ ջուրը: Մարմնի բոլոր հիւսուածքները կը պարունակեն ջուր, սակայն` տարբեր քանակներով: Ջուրի հետ օրկանիզմ կը մտնեն անոր մէջ լուծուած կարեւոր աղեր, ֆոսֆոր, քալսիոմ, այոտին եւ այլն: Մեր մարմինը օրական երկու լիթր ջուր կը կորսնցնէ, եւ այդ կորուստին քանակը կ՛աւելնայ, երբ մարմնին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ կամ անձը կը կատարէ ֆիզիքական ծանր աշխատանք: Այդ կորուստը պէտք է վերականգնել, քանի որ ջուրը մարմնին համար կենսական է:

Որքա՞ն ջուրի կարիք ունի մեր մարմինը օրուան ընթացքին: Միջին հաշուով օրկանիզմը պէտք ունի 2,5 լիթր ջուրի, որուն կէսը կը ստանայ սնունդի միջոցով: Օրական 4-5 գաւաթ խմելը առողջապահական է, եթէ կան յատուկ պարագաներ` ինչպիսին են` կրծքով կերակրելը, օդի բարձր ջերմաստիճանը, ծանր ֆիզիքական աշխատանքը, հեղուկներու ընդունումը անհրաժեշտ է աւելցնել:

Ջուր խմելու արուեստը.- Շատ կարեւոր է ոչ միայն ճիշդ ուտելը, այլեւ` ճիշդ ջուր խմելը: Ջուրը խմել ուտելէ 10-15 վայրկեան առաջ կամ կէս ժամ յետոյ: Ջուր խմել պտուղ ուտելէ երկու ժամ յետոյ, իսկ ածխաջրատներով, փրոթէինով հարուստ սնունդ ուտելու պարագային` ջուր խմել առնուազն չորս ժամ վերջ:

Ջուր չխմել ուտելու ընթացքին, քանի որ ջուրը ստամոքսէ դուրս կու գայ տասը վայրկեան ետք, տանելով իրեն հետ ստամոքսաթթուն, արգելք ըլլալով մարսողութեան գործընթացին: Ջուրին հետ մարմինէն կը հեռանան նաեւ ջուրի մէջ լուծուող կենսանիւթերը: Ջուրը խմել դանդաղ, փոքր կումերով: Առտու, անօթի գաւաթ մը ջուր խմելը կ՛օգնէ գիշերուան ընթացքին երիկամներուն մէջ կուտակուած թոյները մաքրելուն, կը լուայ ստամոքսը եւ աղիքները: Սառած ջուր խմելը, այն ալ` ագահօրէն, ծարաւը չի յագեցներ, այլ կը ստիպէ անձը աւելցնել խմելիք ջուրին քանակը, ինչ որ դժուարամարսութեան պատճառ կը հանդիսանայ: Սառած ջուրը, թուլցնելով ստամոքսի մկանները, կը կրկնապատկէ խմուելիք ջուրին ծաւալը: Տաք օրերուն որքան ալ պաղ ջուր խմենք, այնքան կ՛աւելնայ քրտնարտադրութիւնը, հետեւաբար կարեւոր է զանազանել կեղծ ծարաւը իրականէն: Աշխատիլ ջուրը խմել գաւաթով, դանդաղ, բերանի մէջ պահելով` ծարաւի զգացումը մեղմացնելու համար: Խուսափիլ ծարաւը յագեցնելու նպատակով խմել օշարակ, քոլայի տեսակներ, մանաւանդ` սառոյցով կամ պաղ վիճակով, քանի որ պաղը ամբողջովին արգելք կ՛ըլլայ մարսողական հիւթերու գործունէութեան: Զովանալու նպատակով խմել պաղ եւ ոչ թէ սառած կամ սառոյցով ջուր: Չափէն աւելի ջուր խմելու պարագային, կը ծանրաբեռնէք ձեր սիրտը, երիկամները: Իսկ ջուրի պակասը կը խանգարէ նիւթափոխանակութիւնը, կը թանձրացնէ արիւնը, կը պատճառէ ընդհանուր տկարութիւն: Ջուրը այն լաւագոյն միջավայրն է, ուր տեղի կ՛ունենայ սննդանիւթերու մարսողութիւնը: Թէյը, սուրճը, ոգելից խմիչքները ջուրը չեն փոխարիներ, այլ ընդհակառակը, մեր բջիջները կը ջրազրկեն: Ախորժակը նուազեցնելու համար ուտելէ առաջ գաւաթ մը ջուր խմել:

Սառեցուած եւ ապա հալած ջուրի կառուցուածքը այլ է: Կարելի է զայն անուանել «աքթիւ-գործօն ջուր», քանի որ օժտուած է օրկանիզմը մաքրող իւրայատուկ յատկութեամբ: Զայն ստանալու համար ջուրը դնել սառցարան, 3-4 ժամ յետոյ հանել, չսառած մասը թափել, իսկ մնացածը հալեցնել եւ օգտագործել:

Ոչ մէկ ըմպելիք կարելի է համեմատել հանքային ջուրերու հետ: Անոնք ոչ միայն կը յագեցնեն ծարաւը, այլեւ կը բուժեն շատ մը հիւանդութիւններ, կը վերականգնեն օրկանիզմի ուժերը: Բնական հանքային ջուրերը կ՛ըլլան պարզ խմելիք, որոնց հանքային աղերու քանակը կը հասնի մինչեւ մէկ կրամի, մինչ բուժական հանքային ջուրերու մէջ հանքային աղերու քանակը մէկ լիթրի մէջ կը հասնի 10-15 կրամի: Հանքային ջուրերով բուժումը մէկ ամիսէ աւելի պէտք չէ երկարի, եւ կարեւոր է, որ բուժումը ընթանայ մասնագէտ բժիշկի հսկողութեան տակ: Արհեստական հանքային ջուրերը կը ստանան պարզ  ջուրին աւելցնելով չէզոք աղեր եւ կազ: Անոնք համով չեն տարբերիր բնական հանքային ջուրերէն, լաւ կը յագեցնեն ծարաւը, սակայն բուժական յատկութիւններով կը զիջին բնականին:

 

ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ

ԱՄՐԱՆ ՏԱՔ ՕՐԵՐՈՒ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Բոլորս ալ զգացած ենք, որ տաքը ախորժակը կը կտրէ: Ամրան եղանակի ուտելիքները բոլորովին կը տարբերին ձմրան ուտելիքներէն. մարմինը կը պահանջէ համեմատաբար թեթեւ, դիւրամարս եւ հաւասարակշռուած տեսակները:

Փոխանակ կարմիր միսի, կովու խորովածի եւ ոչխարի կողիկներու` կարելի է ուտել ճերմակ միս, հորթ եւ մանաւանդ վառեակ: Եթէ ասոնք առողջապահական ձեւով պատրաստուին, հետն ալ` ճոխ աղցան մը, հաճելի եւ օգտակար սնունդներ կը դառնան:

Աղցան ըսելով` պէտք չէ միայն հազար, վարունգ կամ լոլիկ հասկնալ, այլ` աղով, պղպեղով, քացախով կամ կիտրոնի հիւթով համեմուած պաղ կերակուրներ, որոնց բաղադրութեան մէջ կը մտնեն, բացի կանաչ տերեւներէն, հում բանջարեղէններ, օրինակ` տաշուած ստեպղին եւ եփած ու շերտուած բանջարեղէններ, ինչպէս` դդում, սմբուկ, պղպեղ եւ այլն…

Կարելի է որպէս կէսօրուան ճաշ աղցան մը նկատի ունենալ, պայմանաւ որ անիկա ճոխացուած ըլլայ խաշած հաւկիթով կամ անճարպ միսի կամ թոնի կտորներով, պանիրով, դդմաճով եւ, ինչո՛ւ չէ, նոյնիսկ բրինձով:

Ինչ կը վերաբերի պտուղներուն, Լիբանանը պտուղի երկիր է, ամրան եղանակին յանձնարարելի է ճաշէն ետք հրամցուող քաղցրեղէնները փոխարինել պտուղով` սեխ, ձմերուկ, սալոր, դեղձ, խաղող…

Շատ կարեւոր է նաեւ խմիչքի հարցը: Եթէ օդը տաք է, քրտինքի ճամբով կորսուած ջուրը պէտք է փոխարինել: Պէտք է խմել ճաշերու միջեւ, քիչ-քիչ եւ պզտիկ ումպերով: Ամրան ընթացքին բանջարեղէններու եւ պտուղներու հիւթը լաւ ըմպելիներ են. այսպիսով մարմինը կը ստանայ անհրաժեշտ կենսանիւթերն ու հանքայինները:

Տաք կամ պաղ թէյը` քիչ մը կիտրոնի հիւթով` ծարաւը կը յագեցնէ: Թանը իր կարգին զովացնող եւ սննդարար խմիչք մըն է:

Ստորեւ կու տանք վերը յիշուած ճոխ աղցանի մը խոհագիրը:

ԲՐԻՆՁՈՎ ԱՂՑԱՆ

Բաղադրութիւն

– Կէս գաւաթ ամերիկեան բրինձ
– 2-3 միջակ լոլիկ մանր, խորանարդաձեւ կտրտուած
– 1 կանաչ պղպեղ մանր, խորանարդաձեւ կտրտուած
– 1 կարմիր պղպեղ մանր, խորանարդաձեւ կտրտուած
– 2-3 կանաչ սոխ` շեղակի կտրտուած
– Կէս գաւաթ կորեկ
– Քառորդ գաւաթ կիտրոնի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ քացախ
– Աղ, ճերմակ փոշի պղպեղ
– Կէս գաւաթ մաքրուած սեւ ձիթապտուղ
– Կէս գաւաթ մանր, խորանարդաձեւ կտրտուած պանիր (ըստ ճաշակի)
– Կէս գաւաթ ձէթ

Պատրաստութիւն

Բրինձը խաշել, մինչեւ որ փափուկնայ. ապա հանել ջուրէն եւ ձգել, որ ցամքի:

Պատրաստել վերոյիշեալ բոլոր բանջարեղէնները, խառնել զանոնք բրինձին հետ, աւելցնել աղը, ճերմակ փոշի պղպեղը, կիտրոնի հիւթը, քացախն ու ձէթը: Ապա աւելցնել սեւ ձիթապտուղն ու պանիրը:

Հրամցնել հազարի կողքին:

 

ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ
ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԱՐԵՒԷՆ

Երեխաներուն մեծագոյն հաճոյքն է ծովափ երթալ եւ վայելել ջուրի, աւազի եւ արեւի բարիքները:

Իբրեւ ծնողք` ունինք կարեւոր պատասխանատուութիւն մը մեր զաւակներուն նկատմամբ. զանոնք առաւելագոյն չափով պաշտպանել արեւին վնասակար ճառագայթներէն, տրուած ըլլալով, որ անոնց մորթը շատ աւելի զգայուն եւ խոցելի է:

Հետեւաբար կարեւորութեամբ նկատի ունենանք հետեւեալ հիմնական կէտերը.

1.- Երեխային մարմինը առնուազն 2 անգամ օծենք արեւէն պաշտպանող, իրենց տարիքին յատուկ սերով:
2.- Երեխաները կէսօրուան ժամերուն հեռու պահենք արեւէն, յատկապէս` ժամը 11:00-2:00:
3.- Երեխաները օժտենք լայնեզր գլխարկով:
4.- Ջուրէն դուրս` երեխաներուն ուսերն ու փորը պաշտպանենք թեթեւ, ճերմակ թի-շըրթ մը հագցնելով:

Բացի այս հիմնական կէտերէն, ծովափ գացած երեխան պէտք է յաճախ ջուր խմէ. նոյնիսէ եթէ ինք չի պահանջեր կամ ծարաւ չի զգար:

Լողաւազանի մէջ լողացող երեխան պէտք է յաճախակի տուշ առնէ լողաւազանի քլորէն ու որոշ աղտերէ մաքրուելու համար:

Երեխան բոպիկ պէտք չէ պտտի. ան պէտք է մուճակ հագած ըլլայ. նախ` որպէսզի տաքէն ոտքերը չայրին եւ ապա ջուրին պատճառով չսահի ու չիյնայ:

Ծովափը թէ աւազանին մէջ, երեխան ի՛նչ տարիքի ալ ըլլայ, հսկողութեան կը կարօտի: Պէտք չէ մեր շրջապատին հետ խօսքի տարուելով` մոռնանք զանոնք, այլ պարբերաբար աչք մը նետենք ու վստահ ըլլանք, որ անոնք ապահով են:

Լողալու անվարժ երեխաները պէտք է որ պուէով օժտուած ըլլան, եթէ իրենց մնայուն ընկերակցող չկայ:

Ահաւասիկ հիմնական նախզգուշութիւններ, զորս բոլորս ալ պէտք է առնենք մեր զաւակներուն առողջութեան եւ ապահովութեան համար:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՏՂՈՑ
ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 28-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՄԱՀ ՔԱՋՈՐԴՒՈՅՆ

Դու զով խնդրես, մա՛յր իմ անոյշ.
Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցի՛ր հոս,
Անլաց աչոք դիտէ՛ զորդիդ
Ու յուր վէրքերն արիւնահոս.

Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն:

Ինչպէս երբեմն օրրանիս մէջ
Կակուղ ձեռքով փայփայելով
Մանկիկ մարմնոյս հանգիստ տայիր
Իբրեւ հրեշտակ նըուագելով.

Զիս հանգչեցուր ի հող, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:

«Նորեկ որդւոյս կենացն արեւ
Ձեզի համար փայլի՛, հայե՛ր»,
Այսպէս յայնժամ դու կ՛երգէիր`
Օրօրոցիս նըստեալ քովեր.

Անոնց համար շիջաւ, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:

Կարմիր կայլակք ցայտին վէրքէս,
Սակայն, մա՛յր իմ, նայէ՛ չորս դին,
Զարիւնըռուշտ թուրքերըն տե՛ս
Հազարներով փըռուած գետին.

Կերաւ զանոնք սուր մեր, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:

Մըռընչեցին ինչպէս վիշապ
Ու մեր վըրայ յարձակեցան.
Ո՜վ Հայրենիք, ի հուր, ի բոց
Քո համար մեր սիրտք վառեցան.

Կարմիր ներկան ձորք մեր, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:

Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերք,
Զի չէ՛ մեռած Հայոց կըրակ.
Ու ցընծացին այնչափ զոհեր,
Զի լուծաւ վրէԺ յարեան վըտակ.

Խնդաց Մասիս, մա՛յր իմ, եւ` դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:

Վերջին համբոյր տամ քեզ, մա՛յրիկ,
Հատուցանես զայն սիրուհւոյս.
Վերջին անգամ գրկեմ մեր հող,
Ուր արդ կ՛իջնամ ի ծոցն անլոյս:

Խաչ մը տընկէ վըրաս, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:

ՄԿՐՏԻՉ ՊԵՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES