Օրերուն Հետ. Հին Տարին

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

2014 տարին պիտի աւարտի քանի մը օրէն: Ինչպիսի՛ յոյսերով դիմաւորած էինք զինք, բայց ափսոս, որ երազներու բարի եւ յաջող օրեր նուազ եղան, աւելի` ծանրաբեռն: Ժողովուրդը ապրեցաւ յոյսով, բայց ի դերեւ ելան յոյսերը: Վայրագութիւններ, արկածներ, ոճիրներ իրարու յաջորդեցին եւ փակեցին յոյսին դռները Լիբանանի քաջարի բանակը անարգեցին չարերը իրենց անմարդկային արարքներով, առանց խղճահարութեան զանոնք սպաննեցին: Որդեկորոյս մայրեր լացին, որբերը բազմացան, ուրիշ տեղ մը բաց երկինքին տակ, վրաններու ապահովութեան վստահած հրդեհներու զոհ դարձան մանուկներ:

Որքան աղաչանք եւ պաղատանք ներկայացուցած էինք Նոր տարիին, սրտագին երգերով, ծափով եւ ծիծաղով դիմաւորած էինք Նոր տարուան խորհրդանիշ Կաղանդ պապան: Ան նուէրներ ալ բաշխած էր ոմանց շատ, ուրիշներու քիչ, ծերունին խոստացած էր բարին, սակայն իր խօսքը լսող չեղաւ: Չարը հալածեց մեզ զանազան չարիքներով:

2015-ի սեմին նոյն յոյսերով կ՛ապրինք` ապաւինած աստուածային կամքին, որ անպայման պիտի բերէ բարին:

Այսօր մեր առաջին խնդրանքն է, որ փրկուին գերեվարուած բանակայիններ, մեր քաջարի երիտասարդ զինուորները: Թող մայրեր չլան, սրբեն արցունքները, թող թշնամին զգաստանայ, խղճահարի, ապա անդրադառնայ, թէ չար օր մըն ալ նոյն փորձանքին կ՛ենթարկուի ինք:

Երկար ամիսներէ ի վեր Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր է, ժողովուրդը ինքզինք որբ կը զգայ: Կը յուսանք, որ 2015 տարին մեզի կը պարգեւէ խոհեմ եւ իմաստուն նախագահ մը, որպէսզի մեր երիտասարդները երկրէն գաղթելու մասին չմտածեն, շէնցնեն մեր երկիր Լիբանանը` իրենց նոր միտքերով, երիտասարդական կորովով:

Սիրելի՛ Կաղանդ պապա, մեր մաղթանքն է, որ խաղաղութիւն տիրէ մեր դրացի երկրին` Սուրիոյ մէջ, գաղթականները ուրախութեամբ վերադառնան իրենց տուները եւ վերանորոգեն իրենց հայրենիքը:

Սիրելի՛ Կաղանդ պապա, 2014 տարին մեզմէ խլեց շատ հարազատներ, երիտասարդ դէմքեր: Կը մաղթենք, որ այս տարի ըլլաս բարեհաճ, մեր մանուկները կ՛երջանկանան առատ նուէրներով, մեր հիւանդները կ՛առողջանան, եւ լիբանանցին կ՛ապրի ազատ, անկախ եւ ուրախ:

Տօնածառեր ծաղկած են տուներու մէջ, ճամբաներու երկայնքին, դպրոցներու մէջ: Մեր պողոտաները լուսաւորուած են ելեկտրական գեղեցիկ լոյսերով: Իւրաքանչիւր անձ դիտելով այդ լոյսերը հոգին ալ լուսաւորուի, որպէսզի խանդավառ սրտով երջանկութիւն մաղթէ իր հարազատին, բարեկամին, դրացիին, ոչ ոք մնայ անտէր հիւղի մը անկիւնին: Մեր պալատները եւ պալատականները աւելի լուսաւորուին եւ իրենց լոյսը շողարձակեն խեղճ ու անզօր լիբանանցիներու վրայ:

Այսօր կը մտածենք մեր երկրին, մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին մասին: Նոր տարին կը նկատենք հրաշագործ տարեդարձ, որպէսզի մեր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը յիշուի համայն աշխարհի մէջ, աշխարհի տէրերը ըլլան խղճամիտ եւ անշահախնդիր, որպէսզի հրճուին մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հոգիները:

Հայաստան հայրենիքը փրկէ ազերիներու յարձակումներէն, աղէտները չքանան, Հայաստանէն չհեռացաւ հայորդիներ եւ տէր կանգնին դարաւոր ու փառաւոր մեր հայրենիքին:

Մեր խնդրանքները ներկայացուցինք անմահանուն Կաղանդ պապային, որ իր կարգին ներկայացնէ ամենակարող Աստուծոյ, որպէսզի մենք ամենայն սրտով երգենք`

«Ծա՛փ զարկ, աշխարհ, ցնծա՛ այսօր»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )