Տնտեսական Տագնապի Մատնուած Քուպան Լուծարքի Պիտի Ենթարկուի
Ռուսական մամուլին համաձայն, Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Քուպան, տարեշրջանի աւարտէն ետք լուծարքի պիտի ենթարկուի:
Armsport.am-ին համաձայն, տնտեսական տագնապի մատնուած քրասնոտարեան ակումբը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ` յունիս-յուլիս 2015-ի ժամանակամիջոցին:
Բացի ատկէ, ֆութպոլիստներէն շատերը, ինչպէս նաեւ խումբին գլխաւոր մարզիչը` Լէոնիտ Քուչուք, պիտի տեղափոխուին Մախաչքալայի Անժի:
Sport.ru կայքը կը յայտնէ, որ խումբին լուծարումին պատճառը այն է, որ Քուպանի նախկին բաժնետէր Օլեկ Մկրտչեան, Սիւլէյման Քերիմովի հետ միասին, այժմ կը զբաղի Անժիի զարգացումով:
CATEGORIES Մարզական