Պաքուի Մէջ Այրած Է Նոր Տարուան Տօնածառը

1226_Azerbaijan«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «virtual.az» կայքը, կը հաղորդէ, որ Պաքուի Պիլաճարի շրջանի հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած Ամանորի հսկայ տօնածառը այրած է: Տօնածառի այրելուն պատճառը յայտնի չէ: Ականատեսները չեն բացառեր հրկիզման վարկածը:

Ազրպէյճանցի լրագրող Մուրատ Մազիմզատէ այդ առչնութեամբ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Պիլաճարի մէջ Նոր տարուան տօնածառը կ՛այրի: 2014-ը յաջող չեղաւ նաեւ տօնածառին համար: Հրդեհը շատոնց սկսած է: Սպասենք, որ Կաղանդ պապան յաղթահարէ ձիւնապատ սարերը եւ գայ մարէ այս տօնածառը»:

25 դեկտեմբերին Պաթումի մէջ եւս Ամանորի տօնածառը այրած էր: Նախնական տուեալներով` հրդեհին պատճառ դարձած է արհեստական եղեւնիին վրայ տեղադրուած ամանորեան լուսաւորման համակարգին մէջ ելեկտրական խանգարումը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )