Լայնածաւալ Կրճատումներ` «Սթաթոյլ Ազրպէյճան» Ընկերութեան Մէջ

1226_statoil_platform«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ համաշխարհային շուկային մէջ քարիւղի գինի անկումին պատճառով Ազրպէյճանի քարիւղի արդիւնաբերութեան մարզին մէջ զանգուածային կրճատումներ սկսած են:

Նոր տարիէն սկսեալ Ազրպէյճանի մէջ զանգուածային կրճատումներու պիտի սկսի նաեւ նոր մեծ ընկերութիւն մը: Քարիւղի շրջանակներէն գործակալութեան յայտնի դարձած է, որ «Սթաթոյլ Ազրպէյճան» ընկերութիւնը 2015-ի յունուարէն իր ամսականաւոր աշխատակիցներուն 50 առ հարիւրը կը պատրաստուի կրճատելու:

Կը նշուի, որ «Սթաթոյլ» ընկերութեան մէջ կրճատումներուն պատճառը ոչ միայն քարիւղի գիներուն անկումն է, այլ նաեւ այն, որ ընկերութիւնը որոշած է ընթացիկ տարուան մէջ ամբողջութեամբ լքել «Շահտենիզ» նախագիծը եւ Հարաւկովկասեան կազատարը, որուն մէջ մէկ տարի առաջ ունէր 25,5 առ հարիւրի մասնաբաժին, իսկ ետքը` 15,5 առ հարիւր:

Այս տարեվերջէն սկսեալ զանգուածային կրճատումներու սկսած է Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը` ՍՈՔԱՐ: 2015-ի առաջին օրէն կրճատումներու սկսելու մասին յայտարարած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ քարիւղի արտահանման գլխաւոր ընկերութիւնը` «Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ի «ՊՓ-Ազրպէյճան» դուստր ընկերութիւնը:

ՍՈՔԱՐ-ի մէջ արդէն սկսած են հաշուել քարիւղի գինի անկումին պատճառով սպասուող կորուստները: ՍՈՔԱՐ-ի փոխնախագահ Սուլէյման Գասըմով 25 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ քարիւղի մէկ տակառի ներկայ 60 տոլարի գինը նաեւ 2015-ին պահպանուի, ապա Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան կորուստը պիտի կազմէ շուրջ 400 միլիոն մանաթ (շուրջ 510 միլիոն տոլար):

Ազրպէյճանի 2015-ի պետական պիւտճէին մէջ քարիւղի գինը նախատեսուած է 90 տոլար: Ազրպէյճանի պետական պիւտճէն 66 առ հարիւրով կը ձեւաւորուի ուժանիւթի արտածումներէն ստացուող եկամուտներէն, գոյութիւն ունի նաեւ անուղղակի կախեալութիւն: Ազրպէյճանի արտածման 95 առ հարիւրը կը կազմեն կազը, քարիւղն ու քարիւղամթերքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )