Ըստ Հարցախոյզի Մը. Թուրքիոյ Ժողովուրդին 25 Առ Հարիւրը Լուռ Մնացած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Շուրջ Հարցումներուն Դիմաց

1226_Survey«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Տնտեսութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը (ՏԱՈՒԿ) Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին կատարած է հարցախոյզ մը, որուն մասնակիցներուն ուղղուած են հետեւեալ հարցումները եւ պահանջուած, որ անոնք պատասխանեն անոնցմէ մէկուն կամ միւսին.

– 1915-ին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերու համար ներողութիւն պէտք է խնդրուի եւ պէտք է ընդունուի, որ գործուածը ցեղասպանութիւն էր:

– 1915-ին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերու համար ներողութիւն պէտք է խնդրուի, սակայն ատկէ զատ որեւէ քայլ պէտք չէ առնուի:

– 1915-ին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերու համար ցաւ պէտք է յայտնուի, սակայն ներողութիւն պէտք չէ խնդրուի:

– Պէտք է նկատի առնուի, որ 1915-ին իրենց կեանքը կորսնցնողները միայն հայեր չեն եղած, օսմանցի հայրենակիցներ ալ մահացած են, ուստի անոնց համար ալ պէտք է ցաւ յայտնուի:

– Որեւէ քայլ պէտք չէ առնուի:

– Այս նիւթին շուրջ գաղափար չունինք, ուստի պատասխան չունինք:

Այս հարցումներուն հիմամբ ձեռք բերուած արդիւնքներուն համաձայն, Թուրքիոյ ժողովուրդին կարեւոր մէկ տոկոսը կողմնակից եղած է 23 ապրիլ 2014-ին Էրտողանի կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութեան, այսինքն` դէպքերու համար ցաւ յայտնուի, սակայն ներողութիւն չխնդրուի: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 24 առ հարիւրը յայտնած է, որ 1915-ին միայն հայերը չեն, որ իրենց կեանքը կորսնցուցած են, ուստի բոլոր կորուստներուն համար միայն ցաւ պէտք է յայտնել: 12 առ հարիւրը` կորուստներուն համար հայերուն ցաւ յայտնուի, սակայն ներողութիւն չխնդրուի:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 9 առ հարիւրը միայն կողմնակից եղած է ցեղասպանութեան ճանաչման: Մէկ այլ 9 առ հարիւր նախընտրած է առանց ցեղասպանութիւնը ընդունելու ներողութիւն խնդրելու քայլը: Իսկ 21 առ հարիւրը պաշտպանած է այն տեսակէտը, որ Թուրքիա Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ պէտք չէ որեւէ քայլ առնէ:

«Մարմարա» կը նշէ, որ հարցախոյզին ընթացքին ամէնէն ուշագրաւ պարագան կը նկատուի այն իրողութիւնը, որ հարցախոյզին մասնակից անձերուն 25 առ հարիւրը նախընտրած է լուռ մնալ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն մօտ այդ համեմատութիւնը 30 առ հարիւր է, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մօտ` 28 առ հարիւր, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մօտ` 24 առ հարիւր:

ՏԱՈՒԿ-ի կողմէ նախապէս կատարուած հարցախոյզին մէջ այդ համեմատութիւնը 10 առ հարիւր էր, մինչդեռ այսօր այդ թիւը բարձրացած է 25 առ հարիւրի: Այս բարձրացումը կը մեկնաբանուի անով, որ այս նիւթին շուրջ հանրային կարծիքը զգայնութիւն ցոյց կու տայ:

«Պէ.Տէ.Փէ.»-ի կողմնակիցները առանձին, ներկայիս 40 առ հարիւրով կ՛աջակցին հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելուն: Իշխող կուսակցութեան եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմնակիցներուն միջեւ տոկոսի համեմատութեամբ որեւէ տարբերութիւն չկայ: Անոնք կը նախընտրեն, որ այս ուղղութեամբ որեւէ քայլ չառնուի:

«Մարմարա» կը գրէ, որ հարցախոյզի ամէնէն հետաքրքրական արդիւնքներէն մէկը կը նկատուի այն պարագան, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմնակիցներուն 23 առ հարիւրը կը յայտնեն, որ երկու կողմէն ալ մահացողներ եղած են:

Ստացուած ընդհանուր արդիւնքներուն համաձայն, պարզաբանուած է այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին, ժողովուրդին մօտ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը կը շարունակէ մնալ իբրեւ զգայուն նիւթ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )