5 Յունուար 2015-ին. Ֆեռնանտօ Թորես` Ա. Սէ. Միլանի Լիիրաւ Անդամ

1228_torresՉելսիի պաշտօնական կայքը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ 5 յունուար 2015-ին Ֆեռնանտօ Թորես պիտի դառնայ Ա. Սէ. Միլանի լիիրաւ անդամ:

Թորես այս տարեշրջանին սկիզբէն առաջ երկու տարիով փոխ տրուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի, որուն լիիրաւ անդամը պիտի դառնայ 5 յունուարին, երբ «Քալչիօ»-ի մարզիկներու փոխանցումները սկսին:

Եւրոպական լրատուամիջոցներուն համաձայն, 28 տարեկան Թորես Ա. Սէ. Միլանէն 18 ամսուան համար փոխ պիտի տրուի Աթլեթիքօ Մատրիտի, մինչ հակառակ ուղղութեամբ Ա. Սէ. Միլան պիտի տեղափոխուի Ալեզիօ Չերչի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )