Խոստանալով Չսաստկացնել Իրենց Քայլերը`. Առեւանգեալ Զինուորականներու Ընտանիքները Այցելեցին Սլէյման Ֆրենժիէի

1229_zinvornerou-dznoghnerԼրատուական աղբիւրներ օրըստօրէ կը շեշտեն առեւանգեալ զինուորականներու թնճուկի խրթին լուծումը` կարգ մը մտավախութիւններու լոյսին տակ: Այս ծիրին մէջ, Ժապհաթ Նուսրայի մէկ ղեկավարը բանագնացներէն մէկուն հետ կատակելով յայտնած է, թէ իրենք չեն աճապարեր փոխանակութեան գծով, որովհետեւ «արդէն մօտերս պիտի ներխուժենք ազատելու Ռումիէի բանտի մեր բոլոր բանտարկեալները»:

Այս մթնոլորտին մէջ, առեւանգեալ զինուորականներու ծնողներէն պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Պնըշհի, ուր տեսակցեցաւ «Մարատա» հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Հանդիպումի աւարտին, թաղապետ Թալալ Թալեպ պատուիրակութեան անունով յայտնեց, որ Ֆրենժիէ ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերած է այս հարցին` իր հաւանութիւնը յայտնելով փոխանակութեան պահանջին: Թալեպ ծնողներուն անունով խոստացաւ չսաստկացնել իրենց քայլերը, սպասելով այս գծով տարուող ճիգերու արդիւնաւորման: Թալեպ նաեւ կոչ ուղղեց վարչապետ Սալամին` յարգելու իր խոստումը եւ ազատելու իրենց զաւակները: Թալեպ պահանջեց ամանորեան տօներուն իբրեւ կաղանդչէք սերտացնել ճիգերը եւ ապահովել իրենց զաւակներուն տունդարձը` վերահաստատելով, որ իրենք իրենց քայլերը պիտի շարունակեն առանց աղմուկի:

1229_ahmadԻպրահիմ Կ՛ընդունի Ֆլիթին

Միւս կողմէ, Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի համաձայն, փոխ քաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի, որ վերջերս փորձած էր միջնորդել առեւանգեալ զինուորականներու ազատութեան գծով, երէկ տեսակցած է ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: «Եթէ մտադրութիւնները բարի են, հարցերը դիւրաւ կը լուծուին, ընդգծեց Հուժէյրի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )