Արթուր Աբրահամ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Վահան Յովհաննիսեանի Հարազատներուն

1229_apraham-vahanՀայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ ցաւակցութիւն յայտնեց Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով:

«Խոր վիշտով կը ցաւակցիմ Վահան Յովհաննիսեանի հարազատներուն, մտերիմներուն, ընկերներուն եւ համայն հայութեան` մեծ հայրենակիցի վաղաժամ մահուան համար:

«Վահան Յովհաննիսեանի հետ իմ վերջին  հանդիպումս նախորդ 3 հոկտեմբերին էր: Այդ օր ան բարձր տրամադրութիւն ունէր, կատակներ կ՛ընէր եւ անոր առողջ կենսախնդութիւնը կը վարակէր բոլորս:

«Դժբախտաբար, այսօր արդէն մեզի հետ չէ ականաւոր հասարակական-քաղաքական գործիչը, մեծ հայն ու հայրենասէրը: Անոր մահը անդառնալի կորուստ է բոլորիս համար:

«Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակը մշտապէս վառ պիտի մնայ հայ մարդոց հոգիներուն մէջ:

«Մխիթարութիւն եւ սփոփանք` բոլոր վշտացեալ սրտերուն»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )