Մենք Ու Նոր Տարին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ժամանակը կը սահի: Օրերը արագօրէն կը հալին: Տարին արդէն իր վերջին հասած է: Նոր տարին եկած է ու կը թակէ մարդոց դռները եւ անոնց մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը փորձէ գունաւոր երազներ հիւսել: Ներկայիս ամէն տեղ մնայուն արժէքները կը նուազին: Արժէքներու այս փոփոխութիւնները յուսահատութեան կը տանին մեզ:

Ինքնաբերաբար մեր հին քաղաք-ծննդավայրս կը յիշեմ: Հոն, այդ հին քաղաքին մէջ, ուր աւանդութիւնները իբրեւ սրբութիւն եւ տոհմիկ սովորութիւնները իբրեւ գերագոյն լուծում եւ միջոց կը գործադրուէին:

Որովհետեւ,

Երնէկ այդ օրերուն… Որովհետեւ այն ատեն, հոն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ հոն մեծերը մեծ էին, եւ փոքրերը` փոքր, ակնածանքն ու յարգանքը մարդոց առօրեայ կենցաղին մէջ ունէին իրենց արդար եւ հաստատ բաժինը: Հոն Նոր տարին տան մէջ կը դիմաւորէինք, տունը կ’անցընէինք, մեծին տունը` ազգականական կապի ներկայացուցիչ մեծին տունը, եւ մեր թիւին վրայ այդ գիշեր կ’աւելնար մեր մտերմիկ ընկերներէն եւ բարեկամներէն քանի մը հատը, անոնք, որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ:

Այդ գիշեր ընտանիքը հոն էր, մեծին տան սեղանին շուրջը հաւաքուած, բոլորուած, խմբուած:

Աւանդական սեղան` իր հարազատ սեղանակիցներով: Նախ կ’ընթրէինք, եւ ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ կ’աւելնային անբաժան զարդարանքները այդ օրուան` կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը:

Միւս կողմէ` վառարանին վրայ շագանակի «պայթումներուն» կ’ընկերանային մեր ձայներն ալ` ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով: Այսպէս, քիչ մը ուտելով, քիչ մըն ալ թուղթ խաղալով, քիչ մը երգելով եւ քիչ մըն ալ կատակելով եւ մանաւանդ «Երեւան»-ը մտիկ ընելով` կը դիմաւորէինք Նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կը յայտարարուէր մեր տան պատին վրայի հնամեայ ժամացոյցի ծանր զարկերով եւ ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքներէն:

Յետոյ…

Արդէն ժամը 12:00-էն մէկ երկու վայրկեան առաջ լոյսերը կը մարէինք ու Նոր տարին լոյսեր բանալով կը դիմաւորէինք: Եւ ապա մտովի եւ երբեմն ալ բարձրաձայն «Հայր Մեր»-ը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս եւ կամ պատանիներս երկիւղով կը համբուրէինք մեծին կամ մեծերուն աջերը:

Այսպէս, Նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարի մաղթանքներն ու համով հոտով օրհնութիւնները: Իսկոյն կը յիշուէին մեզմէ յաւերժ բաժնուածները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք, ապա վերադառնալով ներկային եւ  իրականութեան` կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատումը` առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք պէտք էր, որ եկեղեցի երթայինք, Աստուծոյ հետ, Նոր տարուան առաջին օրն իսկ, մեր կապը վերամրապնդելու, մեր հոգիին ու խիղճին տուրքը տալու` աղօթքով եւ, աւելին, մոմ մը կամ մոմեր վառելով:

Այսպէս էր հոն, այդպէս ալ մնաց` հակառակ մեծերուն յաւէտ մեկնումին եւ բացակայութեան: Ամերիկա կոչուած այս Աւետեաց երկիրը մեր հաստատուելուն առաջին Նոր տարիներն ալ այդպէս կրկնուեցան, կամ փորձեցինք կրկնել:

Դժուարին աշխատանք մըն էր, սակայն գէշ-աղէկ կատարեցինք, որովհետեւ  մեզի հետ բերած ու մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդութիւնները տակաւին տաքուկ պահած էինք:

Յետոյ զաւակներուն մեծնալով` կարծես այդ մէկուն թարմութիւնն ալ անցաւ, եւ մեր սովորութիւնը կորսնցուց իր հմայքը: Ու ինքնակամ, մեր իսկ ձեռքերով եւ մեր իսկ որոշումներով նոյն այդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնը բանտեցինք մեր միտքերու թանգարանին մէջ, նոյնիսկ կամովին բանտարկեցինք:

Ու հիմա …հոս Նոր տարի… Եթէ նախապէս հոն Նոր տարին դիմաւորող գիշեր մը ունէինք` իբրեւ սրբազան ընթրիք կամ հաւաքոյթ կամ ազգականական ու բարեկամական հանդիպում եւ մէկտեղում, հոս, սակայն, անոր վրայ աւելցան կամ ինքնաբերաբար տեղայնական հոսանքին հետեւելով աւելցուցինք Գոհաբանութեան օրը, «Քրիսմըս»-ը, անհատնում տարեդարձները, շրջանաւարտներու հաւաքոյթները, նշանտուքներն ու  հարսանիքները եւ հարսանիքի դրսեւորումով հոգեճաշերը, «պէյպ»-ի կամ «պրայտըլ շաուըրները»:

Ահա՛ քեզի Ամերիկա:

Այսպիսով, մեր ցանկը «գիրցաւ», երկարեցաւ, լայնցաւ, մեծցաւ մեր գրպաններուն ծախսերուն հետ, ու օրէ օր սկսանք դառնալ հետեւողներ, զիրար կապկող եւ նոյնիսկ անիմաստ եւ սակայն լուռ մրցակցութեան մը մասնակից դարձանք:

Մեր նախկին սովորութիւններն ու աւանդութիւններ արդէն իսկ կամովին գերեզմանած ենք:

Է՜հ, երանի՛ այն օրերուն:

Բայց կրկին ու միշտ շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ բոլորիդ:

 

[email protected]

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )