Գոնէ 2015-ին

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Վերջին օրերուն հայկական իրականութեան մէջ արձանագրուած դէպքերը մտածել կու տան, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, մենք համազգային անհրաժեշտ համախոհութեան չենք հասած տակաւին: Ըստ երեւոյթին, մեր ունեցած տարբերութիւններուն ու տարակարծութիւններուն մէջ հասարակ յայտարարներու պղտորութիւն մը կայ:

Փաստօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան գծով պետութեան կողմէ որդեգրուած խորհրդանիշ` անմոռուկ ծաղիկէն սկսեալ, մինչեւ գիրքի շնորհահանդէս մը, թուրքի մը Հայաստան այցելութիւնը, պատմաբան գիտնականի մը յայտարարութիւնը կրնան աննախատեսելի եւ երբեմն ալ անտեղի աղմուկ բարձրացնել, կրնան շեղել մեր աշխատանքներուն սլաքը, կրնան կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու համար հասարակութիւնը դրդելու եւ պառակտելու դրամագլուխ ապահովել, ուրիշներու «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» առիթ տալ, նոյնիսկ` փոխադարձ ամբաստանութիւններու, զրպարտութիւններու, ցեխարձակումներու, արհամարհանքի, մինչեւ իսկ մեր ազգակիցը դաւաճան յայտարարելու դուռեր բանալ:

Միթէ մենք այսպէ՞ս պիտի նշենք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Միթէ բունն ու խորքը մոռցած` կեղեւո՞վ պիտի զբաղինք: Միթէ մեր իսկական հակառակորդը` թուրքը ձգած, մեզի հետ համակարծիք չեղող մեր ազգակիցնե՞րը պիտի հարուածենք: Ինչո՞ւ գերզգացականութեամբ, անհեռատեսութեամբ եւ անհանդուրժողականութեամբ կը մօտենանք հարցերուն:

Բնականաբար, երբ մեր ազգային արժեհամակարգին անյարիր ու անընդունելի դէպքեր պատահին, մենք պէտք չէ լուռ մնանք ու չդատապարտենք: Բնականաբար, երբ մարդիկ «խօսքի ազատութիւն»-ը  չարաշահեն ու  վիրաւորեն մեր անհատական եւ հաւաքական արժանապատուութիւնը, պէտք չէ խուլ ու կոյր ձեւանանք, այլ հաշուետուութեան հրաւիրենք տուեալ յանցագործը: Բնականաբար, երբ տեսնենք, թէ բան մը տեղ մը, երեւոյթ մը մեր հաւաքական շահերուն կը հակասէ,  պէտք է բողոքենք ու համապատասխան լուծումներ առաջարկենք: Սակայն մտահոգիչ հարցը այս բոլորին մէջ մեր ունեցած հակազդեցութիւններուն որակին, ձեւին եւ  հետեւանքներուն կը վերաբերի…

Յատկապէս այս հանգրուանին, երբ թշնամին ո՛չ մէկ ջանք կը խնայէ մեր ընթացքը խափանելու, երբ թշնամին նիւթական ու մարդուժի հսկայ ներդրումներ կը կատարէ հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնելու եւ պատմութիւնը խեղաթիւրելու, մենք մեր հակազդեցութիւններուն մէջ առաւե՛լ զգօն, հաւասարակշռուած ու հեռատես ըլլալու հրամայականին առջեւ կը կանգնինք: Վստահաբար չենք ուզեր Թուրքիոյ ու աշխարհին առջեւ ներքնապէս խնդիրներ դիմագրաւողի, անհամաձայն եւ  իրերամերժ հասարակութեան պատկերով հանդէս գալ: Հետեւաբար հայութեան բոլոր հատուածներուն կողմէ կազմակերպուած իւրաքանչիւր ձեռնարկ նախքան գործադրուիլը, լրջօրէն սերտելը, իսկ պատահելէն ետք մեր ունենալիք հակազդեցութեան տարողութիւնն ու ազդեցութիւնը քննելը էական նշանակութիւն ունին:

Անախորժ դէպքերուն եւ կեցուածքներուն հակազդեցութիւնները արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ, երբ անոնք կառուցողական քննադատութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ այլակարծութեան մշակոյթի որդեգրման սահմաններուն մէջ կը կատարուին: Բնական երեւոյթ է, որ բոլորս մեր բոլոր հարցերուն շուրջ նոյնանման կեցուածք ու կարծիք չունենանք, բայց անբնական է, որ մեր  տարակարծութիւններուն ու տարբերութիւններուն մէջ հասարակ յայտարարներ չունենանք: Եւ որո՞նք են հայութեան հասարակ յայտարարները, եթէ ոչ` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, վնասուց հատուցումը, Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազգապահպանումը:

Գոնէ 2015-ին մէկ կողմ ձգենք մեր գաղափարական, կուսակցական, քաղաքական, կրօնական, անհատական եւ ընկերային տարակարծութիւններն ու անհամաձայնութիւնները եւ որպէս մէ՛կ ու անպարտելի բռունցք փարինք ու կառչինք մեր հասարակ յայտարարներուն, ինչպէս նաեւ միասնակամութեամբ դիմագրաւենք առկայ մարտահրաւէրները: Ա՛յս կը պահանջէ մեր նահատակներուն արեան կանչը, իսկ մենք ընդունակ ժողովուրդ ենք պահանջուած միասնակամութիւնը ապահովելու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )