Ամանորի Խոհեր. Կաղանդ Պապուկի Կարմրաւուն Այտերուն Կարօտով (Սուրիահայ Մեր Եղբայրներուն Եւ Քոյրերուն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար չկայ տիպար մը, որ խորապէս կ՛առնչուի մարդկային կեանքի իւրաքանչիւր տրոփին, որքան Ամանորին շունչ, ոգի եւ իմաստ տուող անհատականութեան մը` յանձին Կաղանդ պապուկին, որուն ամէն տարի անհամբեր կը սպասենք նաեւ հաւաքաբար` ազգովին:

Պիտի ըսուի նաեւ, որ դարերու խորերէն ժամանող սպիտակահեր ու հեքիաթային այս տիպարին գրաւչութիւնը միթէ տարուէ տարի չէ՞ կորսնցուցած իր ուժգնութիւնը, հնչեղութիւնն ու խոհականութիւնը, երբ արդէն համայն մարդկութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի ինքնափճացման եւ ստոյգ այլասերման թոհուբոհին` արագասոյր եւ անվերահսկելի արհեստագիտական նուաճումներու իբրեւ հետեւանք:

Այլ խօսքով, պիտի գան ժամանակներ, շատ մօտիկ, երբ արդէն այլանդակ եւ կամ անդիմագիծ դարձած մարդկային կերպարը պիտի ցանկայ տեսնել Կաղանդ պապուկը մարմնաւորող մարդամեքենաներ` անշունչ ու անկենդան, որոնք պիտի փոխարինեն մարդկային էակի մէն մի կենարար արտայայտութիւն, յայտնապէս անոր եզակի ներաշխարհին եւ մտային կառուցուածքին բռնազբօսիկ ու կեղծ դարպասումով:

Եթէ երբեք մարդ արարած ցարդ կը հաւատայ, թէ իր աննախընթաց գիտական յառաջդիմութեան առընթեր տակաւին գոյութիւն ունի յոյսի եւ ներշնչումի աստուածակերպ միտքն ու մտածողութիւնը, ապա կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել ու շրջել մարդկութեան թաւալգլոր ընթացքն ու դէպի ինքնասպանութիւն տանող մոլուցքը:

Այլապէս  այս մոլորակէն դուրս ո՛ւր հարկ է փնտռել մարդու տեսակի շարունակականութիւնը ապահովող միջոցներն ու ձեւերը, իբրեւ  արժանահաւատ կեանքի ու յարատեւութեան զուգահեռ գործընթացներ:

Այս առումով է, որ յաճախ եւ անընդմիշտ լոյսին պէտք է բերենք Կաղանդ պապուկի հեզահամբոյր ժպիտին կախարդանքը, անոր բոցկլտուն աչքերուն սրահայեաց իսկութիւնը, կարմրախայտ թուշերէն ցայտող կենսասիրութիւնը, ալեհեր եւ ժանիքաւորուած մօրուսին վեհանիստ տեսքը, հսկայ ու թիկնեղ մարմնին ծանրակշիռ ազդեցութիւնը, կարմրացայտ զգեստին, սեւ մոյկերուն եւ պինդ պարեգօտին ներկայութիւնը, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ՛անձնաւորեն զինք, ապա միւս կողմէ կը խարսխեն անոր էութեան իսկութիւնը:

Այո՛, աստուածահաճոյ էութիւն, որով դարեր շարունակ մարդ կրցեր է յայտնաբերել ինքզինք իբրեւ գերագոյն բարիքի, ազնուական հոգիի եւ անշահախնդիր մօտեցումի արտայայտութիւն:

Այլ ասած, մարդկայնական արժանիքներու առաւել բոցավառում, վսեմ գաղափարներու ընդգրկում, բայց մանաւանդ` իրերօգնութեան, սիրոյ եւ ինքնարժեւորման պատեհութիւն:

Ահաւասիկ Ամանորի խորհուրդը, որ իբրեւ այդպիսին կը շարունակէ հրդեհել մեր ներաշխարհը, անսայթաք հունաւորել աղօտ ճանապարհները, առանձնապէս շիկացնել ընդարմացած տրամադրութիւնները, էապէս ջերմացնել ալեկոծ տարիները, գեղեցիկ ապրումներով շղարշել մեր առօրեայ մտահոգութիւնները, դէպի վեհափառ գագաթներ սաւառնել  հոգեթով թռիչքները, երջանկութեամբ պարուրել մեր կեանքի տեսադաշտը, անկոտրում կամքով պատուաստել հաւաքական մեր տենչերը եւ առհասարակ ներքին խաղաղութեամբ շնչաւորել հաւաքական մեր երթին ու տեսլականին քառուղիները:

Նման հասկացողութենէ թելադրուած մենք մեր յոյզերն ու սրտապինդ մտածումները կը սեւեռենք դէպի սուրիահայութիւն, որ աւելի քան չորս տարիէ կ՛ապրի իր ամէնէն թէժ տարեգրութիւնը, հայոց ահաւոր ցեղասպանութենէն առ այսօր:

Պարտադրուած պատերազմ մը ինքնին, որուն իւրաքանչիւր արարի ընդգծումն անգամ սարսափի վիճակներ կը ստեղծէ շուրջ բոլոր: Եղբայրասպան սահմռկեցուցիչ եւ բարբարոս օրագրութիւններ իրենք զիրենք կը հրմշտկեն երկրագունդի ամբողջ տարածքին` ցոյց տալով մարդակերի ու լենկթիմուրեան աւերումի հրէշային պատկերներ:

Երբեմնի մայր գաղութի կոչումին արժանացած դամասկահայութիւնն ու հալէպահայութիւնը, ճիշդ է, որ կը դիմագրաւէ լինելութեան, գոյերթի ու ինքնութեան պահպանման ամէնէն դժուարին ժամանակները, այդուամենայնիւ, ի գին մեծ զոհողութիւններու կը շարունակէ ցոյց տալ դիմադրական ոգիի այնպիսի դրսեւորումներ, որոնց նմանը հազիւ թէ տեսանելի ըլլան մեր շրջապատին մէջ:

Յայտնապէս հայահոծ երկու քաղաքներու մէջ ալ, հայկական շունչի եւ կամքի արտայայտութիւններու կը հանդիպինք ամէն քայլափոխի, երբ տօնական օրերու եւ յուշահանդէսներու վայելքը կ՛ապրինք` առօրեայ կեանքի կրթական թէ մշակութային իրագործումներու առընթեր:

Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ բառերը պիտի չկարենան բնութագրել մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապրած տառապանքին ու սարսափին ուժգնութիւնն ու ահաւորութիւնը, մեր աչքերը պիտի չկարենան ընդունիլ համատարած քանդումի տեսարանները, այդուհանդերձ, ի պատիւ մեր հարազատներուն, սուրիահայութիւնը իր բովանդակ շերտերով թէ պատկանելիութեամբ կը պայքարի յանուն գալիք օրերու բարեբեր հաստատման եւ ապագայատես հեռանկարներու ջրդեղման:

Եւ սա է գերազանցապէս ճշմարիտ եւ անհունօրէն սքանչելի տիպականութիւնը` հայասիրութիւնն ու հայապաշտութիւնը, տոկալու եւ ընդդիմանալու ամէն յորձանուտի, մահուան գաղափարի թէ վայրագ վերաբերումի:

Արդար է ըսել նաեւ, թէ հայոց Կաղանդ պապուկի հակազդեցութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլայ, ինչպիսի՛ բնոյթ պիտի ստանայ ի տես ոչ միայն տուներու եւ համալիրներու քանդումին, մարդկային կորուստին, այլեւ` Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնայատակ կործանումին:

Այո՛, լկտիաբար եւ թրքավարի կործանում սրբատաշ կառոյցի մը, որուն մէջ իրենց վերջին հանգիստն են գտեր Հայոց ցեղասպանութեան օրերու անթաղ մնացած սուրբ մասունքներ:

Փաստօրէն, այսպէս ասած ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր խաղաղ պահանջներու ետին կը կանգնէին մեծապետական մութ ուժեր եւ համայնակուլ ծրագիրներ, որոնց իրականացման համար ոչ մէկ միջոցի խտրութիւն դրուեցաւ, երբ ծայրայեղութեան, ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժող միտքերու եւ սեւ շրջանակներու պատեհ առիթներ ստեղծուեցան` հիմնովին կործանելու շէն քաղաքներ ու աւաններ,  այլապէս բնաջինջ ընելու մարդու ստեղծագործ մշակութային դարաւոր հարստութիւններ թէ մարդ էակի տեսակն անգամ, հաւատադրժողական մոլուցքի տարածման եւ հաստատման ի խնդիր:

Ի դէպ, եթէ երբեք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան հոգեգրաւ զոյգ խորհուրդներու տեսադաշտին ընդմէջէն` ի խորոց սրտի մեր հարազատ ու անսեթեւեթ բարեմաղթանքները կ՛ուզենք փոխանցել սուրիահայ գաղութի զաւակներուն, պարզապէս որովհետեւ այս սրբազան օրերու խորհուրդը էապէս կը պարփակէ մարդկային նուիրական արժէքներու ամէնէն վսեմ ու առաքինի արտայայտութիւնները, ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ ապրելու իրաւունքը, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բարիքները վայելելու արդար ակնկալութիւնը, յառաջադէմ եւ բարգաւաճ կեանք մը վարելու ազատութիւնը, քաղաքացիական կիրթ եւ ծառայական գիտակցութեան թովչանքը ցոյց տալու պատրաստակամութիւնը, բայց մանաւանդ` հայօրէն հպարտ, ինքնուրոյն մշակոյթ եւ ստեղծագործ միտք յանձանձելու համայնական պահանջը:

Այլապէս ալ, անժխտելի է այն իրականութիւնը, որ ժամանակակից կեանքի հայոց պատմութիւնը ոսկեզօծ արձանագրած է, թէ ազգեր ու հաւաքականութիւններ իրենց յաւիտենականութիւնը կը գտնեն միայն մայրենի հողին վրայ, ազգային առանձնայատկութիւններ կը փթթին լոկ հայրենիքի շունչով, պատկանելիութեան ու հաւատամքի ամէն դրսեւորում խոր արմատներ կ՛արձակեն եւ կը սնանին մայր հողին ակունքներէն, աւելի՛ն. իրերայաջորդ սերունդներ իրենց գոյութեան հիմքն ու յարատեւելու պատուանդանը կրնան միայն ապահովել ազգակերտ հողի ընդերքներուն:

Այդուհանդերձ, քաջ հաւատացողն ենք, որ յետեղեռնեան կազմաւորուած հայահոծ գաղութներ թէեւ կը դիմագրաւեն կեանքի դաժան պարտադրանքներու ահաւոր պայմաններ եւ, հակառակ թիւի ու քանակի զգալի նօսրացումին եւ շիջումին, պիտի կարենան գէթ որոշ ժամանակով վերահայանել եւ վերակազմակերպուիլ:

Իրօք, Ամանորի ամէնէն պատուական խորհրդանիշը համարուող Կաղանդ պապուկին հրաշալի կենցաղին, մարդասէրի ու ժողովրդանուէրի կազմաւորումին, ծառայասիրութեան, անոր ուրախութեան եւ յոյսի պսպղուն ցոլքերու սփռումին եւ վաղուան օրուան հաւատալու անբիծ տրամադրութիւններուն հետ ու միատեղ, մեր կարգին կը մաղթենք յոյսի եւ հաւատամքի, կամքի ու տոկունութեան ներշնչումներ` յանուն ազգային հաւաքական մեր կեանքի վերաթարմացման եւ յարատեւութեան:

Ճակատագրուած հաւաքականութիւններ չեն կրնար եւ կամ իրաւունքը չունին ընկրկելու կեանքի խենեշ պարտադրանքներու դիմաց եւ խուճապային մթնոլորտի ճնշումին տակ կորսնցնելու տասնամեակներու վաստկած հոգեկան ու ֆիզիքական հարստութիւններ:

Փորձութիւններու, օրհասի թէ  ահազանգային կացութիւններու դէմ յանդիման, մեր պարագային` հայութեան ամէնէն ազդու եւ վճռորոշ զէնքն է հանդիսացեր իրերօգնութեան վեհափառ արժանիքը, նեղմիտ ու տխեղծ առօրեայ մտմտուքներէ ձերբազատելու խոր գիտակցութիւնը, բայց մանաւանդ` հաւաքական կամքի դրսեւորում ցոյց տալու ունակութիւնը, ինչ որ կ՛ենթադրէ առողջ ու կայտառ կազմակերպուածութիւն:

Սա է ճշմարտացի մեր հասկացողութիւնը Կաղանդ պապուկի կերպարի խոհականութեան մէջ, ուր ան դարաւոր կեանքի փորձառութիւնը իր շալակին կը շարունակէ փարոս հանդիսանալ իրերայաջորդ սերունդներու յոյսի ու լոյսի, ուրախութեան եւ երջանկութեան, յարատեւութեան եւ կամքի փայլատակումներ սփռել համայն մարդկութեան, առանց բարդոյթի եւ ակնկալութիւններու:

Արդ, ամանորեան մեր մտորումներուն, հոգեկան ապրումներուն թէ մաղթանքներուն կիզակէտը ինչ կրնայ ըլլալ եթէ ոչ հայոց ու համայն մարդկութեան ամենայն բարիք եւ յստակատեսութիւն:

Ապահովաբար, Կաղանդ պապուկի կարմրաւուն այտերէն եւ փայլուն աչքերէն գեղեցկօրէն կ՛արտացոլան մեր բոլորին փափաքները:

Բարի Ամանոր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )