Ըստ ՄԱԿ-ի Մէկ Զեկուցումին. Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Քայիտայի Առնչակից Խմբաւորումներու Զէնքի Մատակարարման Գլխաւոր Ճամբան Է

1230_Turkey-ISIL«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ըստ ՄԱԿ-ի մէկ զեկուցումին, Թուրքիոյ տարածքը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումները զէնքերով մատակարարելու գլխաւոր ճամբան է:

ՄԱԿ-ի Քայիտայի դէմ պատժամիջոցներու յանձնախումբին պատրաստած զեկուցումին մէջ նշուած է. «(Զէնքերու) մեծամասնութիւնը կա՛մ Իրաքի զինեալ ուժերէն, կա՛մ (աւելի նուազ չափով) Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութենէն, կա՛մ ալ մաքսանենգուած են ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի համար, գլխաւորաբար օգտագործելով ճամբաներ, որոնք կ՛անցնին Թուրքիայէն»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )