Տօնական Մթնոլորտի Զուգահեռ Ապահովական Միջոցառումներ. Գինով Վիճակով Մի՛ Վարեր Ինքնաշարժդ Եւ Թաքսիով Տուն Վերադարձիր Անվճար

377820_img650x420_img650x420_cropՆերքին ապահովութեան ուժերու պատկան մարմիններ երէկ յայտարարեցին, որ 1720 թիւով կարելի է փոխանցել որեւէ անախորժ արկածի կամ միջադէպի մասին, գործակցաբար քաղաքացիական ոչ կառավարական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու:

Այս գծով հարիւր թաքսիներ տրամադրուած են Կաղանդի գիշերը գինով քաղաքացիները անվճար իրենց տուները վերադարձնելու:

Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերը յատուկ անցարգելներով, տօնական օրերուն կը քննեն վարորդներու գինով կամ արթուն ըլլալը, ըստ այնմ տնօրինում կատարելով անոնց նկատմամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )