Ներքին Անդորրութեան Ամրապնդման Գծով. Տարեվերջի Քաղաքական Բարեմաղթութիւններ

1230_naim-kassem--cheikhՀըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ներքին անդորրութեան ամրապնդման գծով: Տօնական առիթով եւ մարոնի պատրիարքական փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսի ներկայութեամբ, Հըզպալլայի կազմակերպած հացկերոյթի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, շէյխ Քասեմ ըսաւ. «Ան որ կը հաւատայ երկխօսութեան, ոչինչէ կը վախնայ ի խնդիր հայրենիքի կերտման»: «Օրին ըսինք եւ հիմա կը վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնը նախագահի ընտրութեան ճիգերուն, սակայն քրիստոնեաները պէտք ունին ներկայացուցիչի մը, եւ մենք կը յարգենք անոնց կամքը, ոչ սակայն «քրիստոնէական համազգեստ»-ի տակ թաքնուած պարտադրեալ թեկնածուի ընտրանքը: Այս գծով իմացուեցաւ, թէ իրանցի ղեկավար Շամխանի վերջերս Պէյրութի մէջ տեսակցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

Իսկ Մարատա հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իր զօրակցութիւնը յայտնեց կայացող եւ նախատեսուող միջլիբանանեան հանդիպումներուն, այնքան ատեն որ անոնք կ՛ըլլան ի սպաս երկրի կայունութեան ամրապնդման:

Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տերպաս երէկ յետմիջօրէին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ անոր հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը: Այս առիթով նախարար Տերպաս մաղթեց, որ նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւնը իրականանայ եւ կառավարութիւնը իր հրաժարականը ներկայացնէ անոր:

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ երէկ վերահաստատեց, որ երկիրը զերծ է երկպառակութեան վտանգէն, այնքան ատեն որ այս երկրին մէջ գոյութիւն ունի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նման ղեկավար մը:

Լիբանանի իսլամ կրօնաւորներու համախմբումի անդամ շէյխ Խտըր Քապաշ յայտնեց, որ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը կը միտի Լիբանանը փրկել իր տագնապներէն:

Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխան Զիատ Քատիրի անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութեան իրագործումը` ձերբազատուելու համար թափուր աթոռէն եւ վերակերտելու երկրին իշխանութիւնը:

Իր կարգին, նախկին նախագահ, զօրավար Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց լուրջ եւ անկեղծ ու սրտբաց երկխօսութեան` Լիբանանի քաղաքական զանազան կառոյցներուն միջեւ:

Նախկին նախարար Մարիօ Աուն իշխանութեան խափանումն ու անոր գործունէութեան խանգարումը վերագրեց Լիբանանի մէջ քաղաքագէտներու մօտ առկայ տրամադրութեան` շրջանցելու եւ խախտելու սահմանադրութեան տրամադրութիւնները:

Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ամենայն անկեղծութեամբ ու սրտբացօրէն երկխօսութեան կը նստի Հըզպալլայի հետ, հակառակ անցեալի ոչ քաջալերական փորձերուն: Ան ընդգծեց, որ այս երկխօսութիւնը դրական պիտի ազդէ աւելի քան 230 օրերէ թափուր մնացած նախագահական աթոռի հարցին լուծման վրայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )