ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ – ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ. 1935-1975 ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ 24 ԺԱՄ ՈՒՂԻՂ ԵԹԵՐ

«ԿՈՄԻՏԱՍ» ՌԱՏԻՈԺԱՄԸ ՏՕՆԵՑ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ
ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԸ 24 ԺԱՄ ՏԵՒՈՂ
ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄՈՎ

Արմենիա 19 յունուար 1976

«Կոմիտաս» ռատիոժամի աշխատակիցները կը վարեն 24 ժամ ուղիղ եթեր ծրագիր:

Սփիւռքահայ պատմութեան մէջ հայկական ռատիօ-հաղորդումները սկսած են ծնունդ առնել Հարաւային Ամերիկայի Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյէն, ուր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մօտ 15 հազար հայեր հաստատուած են, մեծամասնութիւնը կու գար Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներէն` Պէյրութի վրայով:

 

18 օգոստոս 1935-ին խումբ մը գաղափարական երիտասարդներ գեղեցիկ մտայղացումը կ՛ունենան հիմնելու հայկական ռատիոժամ մը, որպէսզի հայ օճախներուն լսելի դարձնեն հայ խօսքն ու երաժշտութիւն եւ մեծարելու մեր երաժշտութեան քուրմը: Անոր համար ռատիոժամը կը կոչուի «Կոմիտաս», որ հետեւեալ խօսքերով կը սկսի իր առաջին հաղորդումը.

«Կոմիտաս» հայ մշակոյթի եւ գեղարուեստի ժամը, հարազատ արտայայտիչը հայկական անարատ փառքերուն, կու գայ հաղորդակից ըլլալու ձեր բոլորին հետ եւ հնչեցնելու հայ երդիքներէն ներս` հայկական անզուգական մեղեդին եւ մեսրոպեան քաղցրահնչիւն բարբառը: Կը ձայնասփռուի CX 42 Radio Sonora A.M կայանէն:

Հիմնադրութենէն տարի մը ետք, «Կոմիտաս» կը դառնայ տեղւոյն Հ. Յ. Դաշնակցութեան պաշտօնական օրկանը եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

1935-ին Մոնթեվիտէոյի մէջ կը հիմնուի նաեւ «Ռատիօ Արմենիա»ն` անհատական նախաձեռնութեամբ, CX 5 Radoi Independecia A.M ալիքով, որ փակուեցաւ ասկէ քանի մը տարի առաջ:

1957-ին Ուրուկուէյ ծնած եւ Արժանթին հաստատուած Գէորգ Գարամանուկեան «Պուէնոս Այրեսի մէջ կը հիմնէ «Հայ Ժամը»` «La Hora Armenia»ն, որ կը ձայնասփռուի մինչեւ այսօր, Radio Pueblo-ն: Ընդգծեմ, որ պաշտօնակիցս փաստաբան է, Ան ասկէ 12 տարիներ առաջ սրտի գործողութեան ենթարկուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ նուիրատուի մը սրտով, որ ամէն օր կը բաբախէ բարձրախօսին առջեւ: Գ. Գարամանուկեան ամէնէն երկարակեաց հաղորդավարը կը համարուի, եւ կը կարծենք, որ պէտք է արձանագրուի «Կինես» գիրին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի «Կոմիտաս» ռատիոժամի  երկարամեայ գործունէութեան, ինծի վիճակուեցաւ 1970-2000` երեսուն տարիներ ստանձնել անոր հաղորդավարութիւնը: Այդ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ կարեւոր եւ պատմական դէպքեր տեղի ունեցան, որոնք հարստացուցին մեր պատմութիւնը եւ անկիւնադարձ հանդիսացան հայ ազգին համար: Հայաստանի վերանկախացումը, ազգային խորհրդանիշներու` «Մեր հայրենիք» եռագոյնի հանրապետութեան զինանշանի վերարժեւորումը: Արցախեան ազգային ազատագրական պայքարները եւ Լ. Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը, որոնք ցնցումով խօսեցանք 1988-ի ահաւոր երկրաշարժին մասին եւ միացանք աղէտեալներու օգնելու աշխատանքներուն:

Նաեւ առիթ ունեցանք ծանօթանալու եւ հարցազրոյցներ ունենալու քաղաքական անձնաւորութիւններու, կաթողիկոսներու, մտաւորականներու եւ բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ:

Հոգեկան մեծ գոհունակութիւնը ունեցած ենք ուժեղ սեղմելու հայ վրիժառու բազուկները, Արշաւիր Շիրակեանի, Միսաք Թորլաքեանի եւ Տաճատ Թերլեմեզեանի եւ` զրուցելու անոնց հետ:

Մեր յիշողութեան մէջ անմոռանալի կը մնայ Հայաստան այցելութիւնը, ուր տեղի ունեցաւ ռատիօ-հեռուստատեսութեան տնօրէններու առաջին սեմինարը, 1990 թուականին մայիսին, նախաձեռնութեամբ «Երեւանն է խօսում» եւ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին:

«Կոմիտաս» ռատիոժամի 40-ամեակը եւ 24 ժամ ուղիղ եթեր

«Կոմիտաս» ռատիոժամի հիմնադիրները Սիմոն Վրացեանի հետ (Մոնթէվիտէօ 1936):

1975 թուականին ռատիոժամի հիմնադրութեան 40-ամեակը կը հանդիսանայ եւ անոր համար փափաքեցանք տօնել բացառիկ եւ աննախընթաց յայտագիրով մը, որ յիշատակելի ըլլար հայկական ռատիօ-հաղորդումներու մարզին մէջ: Արդ, գաղափարը «24 ժամ ուղիղ եթեր»ի, որ առաջին անգամ ըլլալով գործադրուեցաւ 27 եւ 28 դեկտեմբեր 1975-ին:

 

1975-ի Ուրուկուէյի Հանրապետութիւնը իր անկախութեան հռչակման 150-ամեակը կը տօնէր ամբողջ երկրի տարածքին: Ընդառաջելով մեր խնդրանքին` մշակոյթի նախարարութիւնը հովանաւորեց 40-ամեակի հանդիսութիւնը եւ իր ազգային ֆոլքլորիք պարախումբը, մասնակցեցաւ կեդրոնական հանդիսութեան, որ գործադրուեցաւ մշակութային սրահին մէջ, գեղարուեստական յայտագրով մը, եւ որ ուղիղ եթերով ձայնասփռուեցաւ:

Արդարեւ, ծրագրուած երկարաշունչ յայտագիրը գործադրուեցաւ հեզասահ կերպով: Ռատիոժամի աշխատակիցները փոխնիփոխ խօսք կ՛առնէին: Ունկնդիրներ կը հեռաձայնէին եւ բարոյապէս ու նիւթապէս զօրակցութիւն կը յայտնէին: Շարժուն կայանները կը շրջէին քաղաքի զանազան շրջանները եւ կը զրուցէին լսարանի հիմնադիրներու եւ նախկին աշխատակիցներու հետ, որոնք գողտրիկ յուշեր կը պատմէին:

Շատ հաճելի եղաւ զրուցել Հայկուհի Ս.-ին հետ. ան եղած էր ռատիոժամի հիմնադիրներէն եւ հանդիսացած էր լսարանի առաջին սոխակը, որ իր քաղցր ձայնով երկար հմայած էր ռատիոժամի ունկնդիրները` մեր ժողովրդական, ազգային-հայրենասիրական երգերով:

Այդ օրը մեզի հետ խանդավառ զրոյց ունեցաւ լսարանի նախկին վարիչ Ասատուր Վանեսքահեանը, որ իր առաջին քայլերը առած էր «Կոմիտաս»ի բարձրախօսին առջեւ եւ ապա դարձած էր արհեստավարժ խօսնակ` Մոնթէ-Քարլօ կայաններու: Պէտք է ընդգծել, որ շնորհիւ Ասատուրի ջանքերուն, 18 նոյեմբեր 1970-ին եւ 1972-ին Ուրուկուէի խորհրդարանը եւ ծերակոյտը որոշում տուին թիկունք կանգնելու Սեւրի դաշնագիրին եւ Հայ դատին:

28 դեկտեմբերի առաւօտեան առաջին հեռախօսը ստացանք հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յարութիւն Ծ. վրդ. Թէքէեանէն: Ան ըսաւ. «Շատ հաճելի է արթննալ եւ լսել հայկական քաղցր մեղեդիներ ու խօսքեր` ձայնասփիւռէն: Կեանքիս մէջ առաջին անգամ է, որ կ՛ունկնդրեմ այսպիսի բան: Կ՛օրհնեմ ձեր աշխատանքը, որ միշտ հնչեցնէք «Կոմիտաս» ռատիոժամը եւ յաջորդական սերունդներու փոխանցէք ձեր հարուստ մշակոյթի արժէքները: Ապրի՛ք, տղաք, Տէրը օրհնէ ձեզ»:

Այնուհետեւ ձայնասփռումը շարունակուեցաւ հայոց առաք. Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցիէէն, ուր կատարուեցան հոգեհանգստեան հոգեպարար արարողութիւններ, նորոգ հանգուցեալ Կոմիտաս վարդապետի յիշատակին եւ բոլոր աշխատակիցներս գոհ տրամադրութեամբ հրաժեշտ առինք` հաստատելով նոր մրցանիշ հայկական ռատիօ-հաղորդումներու պատմութեան մէջ:

Անցած են 35 երկար տարիներ եւ յուզումով կը յիշեմ այդ օրը եւ բոլոր աշխատակիցները:

Շատ ուրախ եմ, որ այժմ օրն ի բուն կայքէջի վրայ կարելի է ունկնդրել բազմաթիւ հայկական ռատիօ-հաղորդումներ:

ԱԲՕ ՊԷԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES