ՑՈՅՑԵՐ` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

ՔՈՒԷՅԹ

Քուէյթի մէջ ոստիկանութիւնը երէկ արցունքաբեր ռումբեր օգտագործեց ցրուելու համար յաւելեալ իրաւունքներ պահանջող որեւէ երկրի քաղաքացիութիւն չունեցող քոչուոր արաբներու մէկ փոքր եւ խաղաղ ցոյցը:

Քոչուոր արաբները երկար ատենէ ի վեր Քուէյթի մէջ կը բնակին: Անոնք անցեալ ամիս ոստիկանութեան հետ բախում ունեցան, երբ քաղաքացիութիւն, ձրի կրթութիւն, առողջապահական ձրի հոգատարութիւն եւ աշխատատեղիներ պահանջելով ցոյց մը կատարեցին:

Հարիւրաւոր քուէյթցիներ երեքշաբթի օր իրենց կարգին բախում ունեցած էին ոստիկանութեան հետ: Անոնք Քուէյթի վարչապետին հրաժարականն ու քաղաքական յաւելեալ ազատութիւններ կը պահանջէին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ

Հարիւրաւոր ոստիկաններ երէկ Ռիատի մէջ տեղակայուելով արգելք հանդիսացան ժողովրդավարական բարեփոխումներ պահանջող բողոքի ցոյցի մը կայացման: Ոստիկանները քաղաքի տարբեր մասերուն մէջ անցարգելներ հաստատեցին եւ անցորդները խուզարկեցին:

Հինգշաբթի օր ոստիկանները երկրին արեւելքը գտնուող Քաթիֆ քաղաքին մէջ կրակ բացին` ցրուելու համար շիի ցուցարարները:  Բախումներու ընթացքին երեք ցուցարարներ եւ ոստիկան մը վիրաւորուեցան:

ՅՈՐԴԱՆԱՆ

Ամմանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներ պահանջող ցուցարարներ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք ցոյց մը կատարեցին` անտեսելով թագաւորութեան հոգեւոր ղեկավարներուն ցոյց չկատարելու կրօնական հրամանագիրը: Շուրջ 150 ուսանողներ, անկախներ եւ ձախակողմեաններ «Սահմանադրութիւնը կ՛ուզենք փոխել» կը բացագանչէին: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին. «Ժողովրդավարութիւնը գործ է եւ ոչ միայն խօսք»:

Եմէնական բազմամարդ ցոյց մը

ԵՄԷՆ

Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ երէկ Եմէնի մէջ ցոյց մը կատարեցին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհին ցոյց տալու համար, որ բարեփոխումներու  առաջարկները իր հեռացումը պահանջող կոչերը պիտի չմեղմացնեն: Մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցողներուն թիւը յունուարէն ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերուն մեծագոյնն էր: Ցուցարարներուն թիւը գնահատուեցաւ շուրջ 40 հազարով:

Հարաւային Ատեն քաղաքին մէջ երկու ցուցարարներ վիրաւորուեցան, երբ ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար կրակ բացաւ եւ արցունքաբեր կազ արձակեց:

 

ԻՐԱՔ

Ցուցարար մը ինքզինք հրկիզել փորձեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանին մէջ, ուր ցուցարարներ հրապարակի մը վրայ նստացոյց կը կատարեն` պահանջելով տեղական ազդեցիկ վարչակազմին հեռացումը: Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ իրաքեան այլ քաղաքներու մէջ, թէեւ մասնակիցներուն թիւը նախորդ շաբաթներուն համեմատ նուազած էր եւ բռնարարքներ տեղի չունեցան:

 

Share this Article
CATEGORIES