ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ. «ՎԻՎԱՍԵԼ ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ռալֆ Եիրիկեան` դասախօսութեան պահուն

Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ «Վիվասել Էմ. Թի.Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան հանդիպում ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն հետ եւ ներկայացուց դասախօսութիւն` «Ղեկավարման մշակոյթը» նիւթով:

Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ուրախութեամբ նշեց,որ «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը յարատեւ վերելքի մէջ է ոչ միայն իր աշխատանքով, արհեստագիտական նորութիւններով, այլ նաեւ իր անձնակազմով եւ բաժանորդներով` ընդհանուր խանդավառութիւն մը ստեղծելով եւ ապացուցելով, որ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւն մը բազմաթիւ ծրագիրներ կրնայ իրագործել Հայաստանի մէջ, որ ինքնին արդէն յառաջդիմութեան մէջ է իբրեւ երկիր եւ տնտեսութիւն: Ան նաեւ յայտնեց, որ նախորդ տարի Հայկազեան համալսարանը «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, ըստ որուն, համալսարանէն 5 ուսանողներ Հայաստան պիտի երթային փորձառական շրջան մը անցընելու նպատակով «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ի մէջ, եւ ծանօթանալու ընկերութեան աշխատանքի ոճին` աւելցնելով, որ այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ տարիներուն եւս:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռալֆ Եիրիկեանին, որ Հայկազեան համալսարանը նկատի առած է իր ծրագիրներուն մէջ` յայտնելով միաժամանակ, որ այս գործակցութիւնը կը նպաստէ ոչ միայն Հայաստանի տնտեսութեան, այլ նաեւ` Լիբանանի: Իբրեւ շնորհակալական քայլ Հայկազեան համալսարանի նախագահը Ռալֆ Եիրիկեանին յանձնեց համալսարանի հրատարակութիւններէն ծաղկաքաղ մը:

Բարի գալուստի խօսքէն ետք համալսարանի ուսանողներէն Դալար Մանտոյեան շնորհակալական խօսք արտասանեց այն խումբին անունով, որ մեկնած էր Հայաստան` «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ի ամբողջական հովանաւորութեամբ: Ան նշեց, որ խումբին անդամները մէկ ամսուան ընթացքին տարբեր բաժանմունքներու մէջ աշխատելով` տեղեկութիւններ ստացած են անոնց գործելակերպին մասին, եւ շնորհիւ ընկերութեան աշխատակազմին անոնք յաջողած են ամբողջացնել իրենց վստահուած պարտականութիւնները: Իր խօսքին աւարտին Դալար Մանտոյեան իր ընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանին, որ այս առիթը ընծայեց այցելելու հայրենիք եւ այս շահեկան փորձառութեան համար, որ վստահաբար օգտակար պիտի ըլլայ իրենց ասպարէզի ընտրութեան մէջ:

Ապա խօսք առաւ «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց ընկերութեան նպատակները, աշխատելաոճը, արտադրողականութիւնը, անձնակազմը, զոր ինք կ՛անուանէ ընտանիք, ինչպէս նաեւ այն ուղիները, որոնք թոյլ կու տան մասնագիտական աշխատանք կատարողներուն եւ կամաւորներուն այցելելու Հայաստան եւ այդտեղի կեանքին մասնակից դառնալու ու մանաւանդ պահպանելու ազգային ինքնութիւնը:

Ռալֆ Եիրիկեան յայտնեց, որ 2005-ին հիմնուած այս ընկերութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ դարձաւ Հայաստանի առաջնակարգ ընկերութիւններէն մէկը` իբրեւ հեռաձայնային սպասարկութիւններ մատակարարող եւ օրինակելի աշխատելաոճ որդեգրած հաստատութիւն: Ուսանողներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Եիրիկեան յայտնեց, որ որեւէ ընկերութիւն, որուն արտադրողականութիւնը բարձր է եւ ինքզինք փաստած ուժ է, ինքնաբերաբար կը նպաստէ նաեւ տուեալ երկրին տնտեսութեան զարգացման, ինչ որ հիմնական առաքելութիւնն է գործարարութեան: Իսկ «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ը ըլլալով պատասխանատու ընկերութիւն մը պատրաստ է իր յաջողութեան գաղտնիքը փոխանցելու վաղուան ղեկավարներուն` այսինքն երիտասարդներուն, եւ այս է պատճառը, որ «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին հայ ուսանողներուն համար կը կազմակերպէ մասնագիտական եւ ուսանողական ծրագիրներ, որոնց նպատակն է պատրաստել յաջորդ սերունդը` դիմակալելու համար համաշխարհային մրցակցութիւնը:

Ռալֆ Եիրիկեան շեշտեց, որ կազմակերպութեան մը յաջողութիւնը կախեալ է անհատներէն, որոնք կը կազմեն այդ երկիրը կամ կազմակերպութիւնը: Ահա թէ ինչու «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» յաջողութիւն կ՛արձանագրէ` նպաստելով երկրին տնտեսութեան զարգացման, որովհետեւ ընկերութեան ներուժը իր աշխատակազմն է:

Ան ուսանողներուն հետ նաեւ քննարկեց ընկերակցական պատասխանատուութեան գաղափարը` աւելցնելով, որ «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ը առաջինը եղաւ Հայաստանի մէջ, որ որդեգրեց այս աշխատելաոճը` օրինակ դառնալով Հայաստանի մէջ գործող այլ ընկերութիւններու համար: Ընկերակցական պատասխանատուութիւնը առնչուած է շարք մը մարզերու, ինչպէս` մշակութային, մարզական, գիտական, կրթական, կենսոլորտի պաշտպանութեան եւ մանուկներու առողջութեան: Եիրիկեան ըսաւ. «Մենք ցոյց պէտք է տանք, թէ հայերը կրնան դիմագրաւել ժամանակի մարտահրաւէրները` միեւնոյն ժամանակ պահելով իրենց ազգային ինքնութիւնը, արժանիքները եւ սէրը հայրենիքին նկատմամբ: Մենք յաջողութեան հասանք, որովհետեւ հաւատացինք: «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը կը ձգտի տարածել գործարարական կառավարման ընկերակցական պատասխանատուութեան վրայ հիմնուած նոր մշակոյթ մը, որ կը ծառայէ հասարակութեան: Ընկերակցական պատասխանատուութիւնն է, որ կամուրջ պիտի հանդիսանայ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ»:

Իր խօսքի աւարտին Ռալֆ Եիրիկեան ուսանողներուն կոչ ուղղեց այցելելու Հայաստան, շնչելու հայրենիքի օդը, խմելու անոր ջուրը, չհաւատալու տարաձայնութիւններուն կամ համացանցի կայքերուն վրայ տեղադրուած լուրերուն, այլ ապրելու այդտեղ եւ անձամբ ունենալ այդ փորձառութիւնը:

Յայտնենք, որ այս տարի եւս Հայկազեան համալսարանէն 5 ուսանողներ պիտի այցելեն Հայաստան` «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»ի մէջ մասնագիտական փորձառութիւն ունենալու եւ ծանօթանալու ընկերութեան ամէնօրեայ գործունէութեան ու հիմնական հմտութիւններուն: Դասախօսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան երկու ծանուցողական վիտէօ երիզներ, որոնք կը ներկայացնէին «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան առաքելութիւնը, տարած աշխատանքն ու գործունէութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES