ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան, Նելլի Աղինեան եւ Սիրանուշ Անդրէասեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յառաջիկայ 6-19 մայիսին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունենալիք Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական 12-րդ ախոյեանութեան:

Այլ գետնի վրայ, Լիլիթ Մկրտչեան յատուկ հրաւէր մը ստացաւ մօտ օրէն տեղի ունենալիք Թուրքիոյ ճատրակի ակմբային ախոյեանութեան մասնակցելու Շիշլի ակումբին հետ: Նշենք, որ Շիշլի Պոլսոյ մէջ գտնուող հայահոծ թաղամաս մըն է:

Նշենք, որ նախապէս Հրանդ Մելքումեան եւս հրաւէր մը ստացած էր նոյն ակումբէն:

 

Share this Article
CATEGORIES