ՄԱԹԷՈՒՍ. «ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ»

Լոթար Մաթէուս

Պուլկարիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լոթար Մաթէուս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ բարեկամական յաւելեալ մրցումներու կարիքը կայ` աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:

«Յառաջիկայ 29 մարտը բարեկամական մրցումներ կատարելու օր է, եւ մենք ցարդ չենք գիտեր, որ այդ օրը մրցում ունի՞նք կատարելիք, թէ՞ ոչ: Ազգային խումբին հետ միայն փորձեր կատարելը չի բաւեր, այլեւ անհրաժեշտ է բարեկամական մրցումներ կայացնելը, որպէսզի յաւելեալ փորձառութիւն կարենանք ձեռք ձգել եւ անշուշտ կարգ մը մարզիկներու ունեցած յատկութիւններուն տեղեակ ըլլանք: Կու գամ աւելցնելու, որ զօրաւոր մրցակիցներու դէմ մրցում կատարելը շատ աւելի լաւ կը նկատուի», ըսաւ 49 տարեկան Մաթէուս:

Նշենք, որ Եւրօ-2012-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Պուլկարիա, որ մաս կը կազմէ Է. խմբակին, յառաջիկայ 26 մարտին պիտի մրցի Զուիցերիոյ դէմ:

Պուլկարիա, որ ցարդ զտումի երեք մրցում կատարած է, Զուիցերիոյ նման ապահոված է 3 կէտ: Պարագլուխի դիրքը 10 կէտով կը գրաւէ Մոնթենեկրօ (չորս մրցում), մինչ անոր ետին կը գտնուի Անգլիա (7 կէտ եւ երեք մրցում):

Share this Article
CATEGORIES