Ազնուափայլ տիկին Գոհար Շաղզոյեան եւ զաւակունք- Լոս Անճելըս

Ազնուափայլ տիկին Գոհար եւ Շաղզոյեան ընտանիքի սգակիրներ,

Սիրելինե՛ր,

Այսու գրով, յանուն թեմիս կրօնական եւ ազգային բոլոր մարմիններուն, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ձեզի, բոլորին կողմէ սիրուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ-կաթողիկոսարանի իշխան Վիգէն Շաղզոյեանի մահուան տխուր առիթով:

Ասիկա կեանքին օրէնքն է. ծնունդին անպայմանօրէն կը յաջորդէ մահը: Ու մահուան դիմաց մեզի կը մնայ մտածել միայն կեանքի մասին, որպէսզի կարենանք մահուան պատճառած վիշտին ու ցաւին յաղթել:

Մահը մերն է, մենք` մահինը. երանի անոր, որ բարի յիշատակով կը մեկնի այս աշխարհէն: Այո, Վիգէնը իր անդարձ մեկնումէն առաջ Քուէյթի ազգային կեանքին մէջ որքա՜ն բարի յիշատակներ ձգեց: Գաղութի պատմութիւնը իր մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրած է այն կոթողային աշխատանքը, որ երկար տարիներու վրայ տարածուած նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւններու, աշխատանքի ու օժանդակութեան, նուիրումի ու ղեկավարութեան պատմութիւն է: Դժուար է հոս քանի մը տողերով խօսիլ անձի մը մասին, որուն կեանքը իսկապէս լեցուն եղաւ այնպիսի աշխատանքներով, որոնք միայն պատիւ բերին մեր բոլորին:

Թող Աստուած իր երկնային լուսոյ խորաններուն մէջ հանգչեցնէ հանգուցեալի հոգին եւ ձեզի ու բոլոր սգակիրներուս տայ երկար կեանք եւ Սուրբ Հոգւոյ յաւիտենական մխիթարութիւն:

Մնամք քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ օրհնութեամբ`
ի դիմաց Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմի
կրօնական եւ ազգային մարմիններուն

ԱՐՏԱԿ ՔՀՆՅ. ՔԵՀԵԱՅԵԱՆ
Հոգեւոր հովիւ Քուէյթի

Share this Article
CATEGORIES