ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ
ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները նախապատրաստող եւ կազմակերպող պետական յանձնախումբին հաստատած ժամանակացոյցին համապատասխան, հանրապետութեան մարզերուն եւ մայրաքաղաքին մէջ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ կը նախատեսուին տօնական շարք մը հանդիսութիւններ:

Ըստ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի նախագահ Գայեանէ Տուրկարեանի, հանդիսութիւններու ծիրին մէջ պիտի իրականացուին ցուցահանդէսներ, պետական խորհրդանիշներ հանրահռչակող նախաձեռնութիւններ, համերգներ, փառատօն, անկախութեան տարիներուն արուեստի տարբեր բնագաւառները ներկայացնող հրատարակութիւններ` հանրագիտարան, տեղեկատու եւ այլն, ինչպէս նաեւ պիտի նկարահանուին շարժանկարներ: Ան հաղորդած է նաեւ, որ մասնաւորապէս Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եւ Հայաստանի ազգային արխիւին հետ միատեղ պիտի ներկայացուի «Հայաստանի երեք հանրապետութիւնները. նուաճումներ եւ խորհրդանիշներ» խորագիրով ցուցահանդէսը, իսկ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան հետ` Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան յուշադրամներու ցուցադրութիւնը: Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ Հայաստանի մշակոյթի, կապի եւ փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնները, «Հայփոսթ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան եւ Հայաստանի ֆիլաթելիսթներու միութեան հետ միատեղ պիտի ներկայացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշմաթուղթերու ցուցահանդէսը:

Գ. Տուրկարեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ պիտի ներկայացուի «Անկախութեան գունապնակ» խորագիրով անկախութեան տարիներու գեղանկարչութեան ցուցահանդէս: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռային ընկերութիւնը, Հայաստանի երգահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան հետ միատեղ պիտի իրականացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգին մասնագիտական ձայնագրումը` տարբեր կատարումներով:

Իսկ «Հայկ» վաւերագրական շարժանկարներու արուեստանոցը Հայաստանի շարժանկարի մասնագէտներու միութեան հետ միատեղ մայրաքաղաքի եւ մարզերուն մէջ պիտի իրականացնէ «Անկախութիւնը վաւերագրուած» խորագիրով վաւերագրական շարժանկարի փառատօն:

Ըստ Գ. Տուրկարեանի, պետական պատուէրով պիտի հրատարակուին «Հայ շարժապատկեր. անկախութեան տարիներ», «Անկախութեան 20 տարիները լուսանկարների մէջ», «Անկախութեան սերունդ» ժողովածուները, ինչպէս նաեւ` անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած նկարչական ցուցահանդէսին գրքոյկը եւս:

«ՎԻՎԱՍԵԼ – ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ը ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ
ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է ԱՆՎՃԱՐ
ԱՆԹԵԼ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՀԱՍՈՂՈՒԹԻՒՆ

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը կը տեղեկացնէ, որ այսուհետեւ Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին այցելուները կարելիութիւն պիտի ունենան վայելելու  գերարագ` երկվայրկեանը 10 մեկապայթ արագութեամբ անվճար անթել համացանցի հասողութիւն:

Անթել համացանցի հասողութեան պաշտօնական սկսման արարողութեան ներկայ գտնուած են Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի տնօրէն Ռուբէն Խաչատրեան եւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

«Այսօր «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի շնորհիւ կենդանաբանական պարտէզին մէջ հասանելի դարձաւ անվճար անթել համացանցի հասողութիւն: Այսուհետեւ այստեղ կրնաք ծանօթանալ բնութեան բազմազանութեան, օգտակար ժամանակ անցընել բնութեան գիրկին մէջ եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ համացանցի միջոցով կապի մէջ մնալ աշխարհին հետ: Համացանցը տեղեկատուութեանց աղբիւր է, եւ մենք կրնանք օգտագործել զայն մեր գիտելիքները աւելցնելու եւ տեղեկացուածութեան աստիճանը բարձրացնելու` յատկապէս այնպիսի կարեւոր հարցերու մասին, ինչպիսիք են` շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը, անհետացող անասուններու տեսակները եւ առհասարակ երկրագունդին բնութիւնը», նշած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Ձեռնարկին ընթացքին պարտէզին մէջ կը գործէր նաեւ բացօթեայ ելեկտրոնային գրադարանը, ուր այցելուները կարելիութիւն ունեցան օգտուելու հանրային անթել համացանցի հասողութենէն եւ ստացան տեղեկատուութիւն` վայրի բնութեան եւ անասուններու մասին, ինչպէս նաեւ դիտեցին լուսանկարներ, տեսանիւթեր եւ ժապաւէններ:

Անթել համացանցի հասողութիւնը կ՛ապահովէ նաեւ «Կենդանիներու խնամակալութիւն» ծրագիրի լիարժէք իրականացումը: Այսպէս, խնամակալ մը կրնայ նուիրել 100 հազար դրամ եւ ընտրել որեւէ անասուն, եւ ան կարելիութիւն կ՛ունենայ իր ընտրած անասունին հետեւելու համացանցի ճամբով` անոր վանդակին մէջ տեղադրուած տեսախցիկին միջոցով: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի տրամադրած անթել համացանցի հասողութեան շնորհիւ` ձեռնարկին ընթացքին գործարկուած է սպիտակ սիրամարգի վանդակին մէջ տեղադրուած տեսախցիկը:

Նշենք նաեւ, որ անթել համացանցի հասողութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ յառաջիկային գործարկելու Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին ներգործուն քարտէսը, որուն միջոցով այցելուն պիտի կարենայ ո՛չ միայն կողմնորոշուելու այգիին տարածքին մէջ, այլ նաեւ ստանալու հետաքրքրաշարժ եւ օգտակար լրացուցիչ տեղեկատուութիւններ` պարտէզին եւ անասուններուն մասին:

ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ «ԱՐԻ ՏՈՒՆ»
ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ԵՆ ՏԱՍՆՄԷԿ ԻՐԱՔԱՀԱՅ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան վերջերս ընդունած է իրաքահայ համայնքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետին` Պարոյր Յակոբեանը, Պաղտատի Ազգային մանկապարտէզի տնօրէնը` Անահիտ Թուրաբեան եւ խումբ մը իրաքահայ ուսուցիչներ, որոնք Հայաստան կը գտնուին սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրի շրջանակներուն մէջ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Իրաքի հայ համայնքի կրթական, մշակութային եւ երիտասարդութեան առնչուող հիմնական հարցերը: Ս. Պետրոսեան նշած է, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Իրաքի հայ համայնքի հիմնական հարցերուն եւ բազմաթիւ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ անոնց լուծման համար: Ան ընդգծած եւ կարեւոր համարած է իրաքահայ ուսուցիչներուն մասնակցութիւնը սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին:

Ս. Պետրոսեան անդրադառնալով երիտասարդութեան դերակատարութեան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ` ուրախութեամբ նշած է, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած են տասնմէկ իրաքահայ երիտասարդներ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՅ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ»
ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

4 օգոստոսին Գարեգին Նժդեհի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Բեմարուեստի ազգային փորձարարական «Գոյ» կեդրոն»ը Համազգային պետական թատրոնին մէջ պիտի ներկայացնէ «Հայաստան եւ ճշմարտութիւն» խորագիրով բեմադրութեան անդրանիկ ներկայացումը:

Ռազմահայրենասիրական ներկայացումը ստեղծագործուած է Գ. Նժդեհի ասոյթներուն եւ մտքերուն հիման վրայ, իսկ բեմադրութեան հեղինակն է Արմէն Մազմանեան: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքը:

Յիշեցնենք, որ հայ ռազմավար եւ քաղաքական գործիչ, ազգային հերոս Գարեգին Նժդեհ բուն անունով եղած է Գարեգին Եղիշէ Տէր Յարութիւնեան: Ան ծնած է 1 յունուար 1886-ին, Նախիջեւանի Կզնուտ գիւղը: Գ. Նժդեհ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Նախիջեւանի ռուսական դպրոցին մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Թիֆլիսի ռուսական գիմնազիային մէջ: Ան իր ուսանողական տարիներուն արդէն իսկ միացած է հայ ազատագրական շարժման, որմէ ետք ընդունուած է Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին իրաւաբանական բաժանմունքը:  Գ. Նժդեհ ուսումը կիսատ ձգելով` կը նուիրուի հայ յեղափոխական գործին: 1906-ին ան մեկնած է Պուլկարիա` ուսանելու համար Սոֆիայի սպայական դպրոցին մէջ եւ 1907-ին զայն աւարտելէ ետք վերադարձած է Կովկաս եւ անդամագրուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Զէնք ու զինամթերք տեղափոխելու յանցանքով 1909-ին ցարական իշխանութեան կողմէ ձերբակալուած է Կովկասի մէջ եւ բանտարկուած է մօտաւորապէս 3 տարի: Գ. Նժդեհ, երբ ազատ արձակուած է բանտէն, մեկնած է Պուլկարիա եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը «ներման արժանանալով» ցարական կառավարութեան կողմէ` վերադարձած է Կովկաս այն պայմանով, որ մասնակցի Թուրքիոյ դէմ մղուելիք պատերազմին:

Նշենք, որ այս տարի կը նշուի մեծ գործիչին ծննդեան 125-ամեակը:

14 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԵՐԳԱՀԱՆ,
ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՄԵԿՆԱԲԱՆ ՍԵՐԺ ԹԱՆԳԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ամերիկահայ երգահան, աշխարհահռչակ «Սիսթըմ օֆ է Տաուն» ռոք խումբի մեկնաբան Սերժ Թանգեանի հայաստանեան համերգի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 14-ին, նոյն բեմին վրայ ելոյթ պիտի ունենայ օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի սեմֆոնիք նուագախումբը: Այս մասին յայտնած է համերգի կազմակերպիչ «Տիմ քոմունիքէյշըն» ընկերութեան տնօրէն Րաֆֆի Նիզիբլեանը: Ան տեղեկացուցած է, որ մէկ ժամ 15 վայրկեան տեւողութեամբ համերգին բացումը պիտի կատարէ հայաստանեան սիրուած ռոք խումբերէն մէկը` «Տորեանս»ը, որ 30-40 վայրկեան հանդիսատեսին պիտի ներկայացնէ իր սիրուած երգերը: «Համերգին կազմակերպումը կարեւոր էր, որովհետեւ Սերժ Թանգեանի երեւանեան նախորդ համերգին շատերը տոմս չունենալու պատճառով չէին կրցած ներկայ գտնուիլ: Այս պատճառով այս անգամուան համերգը պիտի իրականացուի բացօթեայ եւ անվճար», նշած է Րաֆֆի Նիզիբլեան: Ան յայտնած է, թէ իրենք կ՛ակնկալեն, որ Սերժ Թանգեանի համերգին ներկայ գտնուին շատ մարդիկ եւ տիրապետէ բարձր տրամադրութիւն:

Հաղորդենք, որ Սերժ Թանգեանի համերգի կազմակերպիչներն են «Տիմ քոմունիքէյշըն»ը եւ «Ֆիուճիթիւ սթիւտիոզ» ընկերութիւնները: Նշենք նաեւ, որ համերգը պիտի սկսի ժամը 9:00-ին Հալապեան 16 հասցէին մէջ գտնուող «Թումօ» ընկերութեան բակին մէջ:

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ ԵՆ
ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱՅԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Թիֆլիսի ազգային գրադարանին մէջ կայացաւ աշուղ Սայաթ Նովայի բանաստեղծութիւններուն վրացական թարգմանութիւններուն շնորհահանդէսը: Թարգմանութեան հեղինակը բանաստեղծ Կիվի Շահնազար` Կիկուշ Շահնազարեանն է: Ան թարգմանած է մեծ աշուղին ստեղծագործութիւններէն մօտաւորապէս 40 բանաստեղծութիւն, որոնց մեծամասնութեան վրացի ընթերցողը ծանօթ չէ:

Գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ վիրահայոց թեմին պատկանող «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնին  աջակցութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Սայաթ Նովա` Յարութիւն Սայադեանին ծածկանունն է: Ան ծնած է 1712-ին եւ մահացած` 1795-ին: Հայ անուանի բանաստեղծը, երաժիշտը, աշուղը, սիրային քնարերգութեան վարպետը ծնած է Հալէպէն Թիֆլիս հաստատուած աղքատ ընտանիքի մը մէջ: Ան 19 տարեկանին ճամբորդած է` 7 տարի, սակայն այս ճամբորդութեան գաղտնիքները կը շարունակեն անյայտ մնալ մինչեւ օրս: Ան ճամբորդութենէն Թիֆլիս վերադարձած է Սայաթ Նովա ծածկանունով, որ Հինիդիէ թարգմանելով կը նշանակէ` երգասացութեան արքայ կամ երաժշտութեան տիրակալ: Զարմանահրաշ աշուղին մասին նոյն վայրկեանին լուրը կը սփռուի քաղաքին մէջ եւ կը հասնի վրաց արքային ականջը: Թագաւորը` արքայ Իրակլի 2-րդը երբ ունկնդրած է Սայաթ Նովայի երգը` շռայլօրէն պարգեւատրած է զայն եւ դարձուցած է իր պալատական աշուղը: Աւելի քան 10 տարի Սայաթ Նովա ապրած է արքունիքին մէջ` ծառայելով իբրեւ պալատական նուագախումբի ղեկավար, սակայն հետագային դարձած է պալատականներուն զոհը. արքան օգտակար դարձած է Սայաթ Նովային եւ թելադրած է, որ կտրէ մազերը եւ դառնայ հոգեւորական: Սայաթ Նովա կղերական ձեռնադրուած է Ստեփանոս անունով եւ դարձած է վրացական սահմանին մօտ գտնուող Հաղբատի վանական համալիրի եղբայրութեան անդամ եւ այնտեղ մնացած է մինչեւ պատերազմը ներքինի Աղա Մոհամմետ խանի դէմ: 1795-ին Թիֆլիսը գրաւուած է Աղա Մոհամմետ խանի կողմէ եւ անոր հրամանով 83-ամեայ հոգեւորական Սայաթ Նովան յայտնաբերուած եւ սպաննուած է Սուրբ Գէորգ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք, որ Սայաթ Նովա թաղուած է իր մահացած վայրին մէջ` Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ պատին տակ:

«ՄԻԼԵՆԱ ՄԵՐՔԻՒՐԻ» ՄՐՑՈՅԹԻՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՇԱՀԱԾ Է

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը վերջերս յաղթանակով վերադարձած է հայրենիք` Փարիզի մէջ կայացած «Միլենա Մերքիւրի» մրցանակաբաշխութենէն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսով մը լրագրողներուն յայտնած է Վլադիմիր Պօղոսեան: Ան իր խօսքին մէջ նշած է, որ «Այս մրցանակը անգամ մը եւս փաստեց, որ հայ ժողովուրդը աշխարհին ներկայացնելու շատ բան ունի եւ կրնայ առաջինը ըլլալ մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան ասպարէզին մէջ»:

Վ. Պօղոսեան տեղեկացուցած է, որ ծառայութիւնը արժանացած է մօտաւորապէս 15 հազար տոլար արժողութեամբ մրցանակի, որ պիտի օգտագործուի «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի վերանորոգման աշխատանքներուն համար:

«ՎԻՎԱՍԵԼ – ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ը 20 ՄԻԼԻՈՆ
ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑԱԾ Է «ՓԱՐՈՍ»ԻՆ

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը 20 միլիոն դրամ յատկացուցած է «Փարոս» սենեկային երգչախումբին մէկ տարուան աշխատավարձը ապահովելու համար:

18-ամեայ ստեղծագործական պատմութիւն ունեցող «Փարոս» սենեկային երգչախումբը կը բաղկանայ հիմնականօրէն Սպիտակի 1988-ի երկրաշարժին պատճառով անդամալուծուած երաժիշտներէ: Երգչախումբը համերգներ ունեցած է ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, այլ նաեւ` Լիբանանի, Վրաստանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Վատիկանի մէջ:

«Իւրաքանչիւրը պէտք է կարողանայ գնահատել կեանքը, մարդկային յարաբերութիւնները, ձեռքբերումները եւ, առհասարակ, առաջնորդի բարոյական արժէքներով: Այս մարդիկը չեն տկարացած ճակատագիրի հարուածէն եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն իրենց կեանքը գունեղ դարձնելու, դժուարութեան համար ոչ ոքի մեղադրելու եւ աջակցութեան համար երախտագիտութիւն արտայայտելու համար: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը կը գնահատէ այսպիսի վարք` երգչախումբին աջակցելու պատրաստակամութիւնը մեկնաբանելով կազմակերպութեան որդեգրած արժէքային համակարգով: Այդ գծով հոգատարութիւնը, յարգանք ու բարոյականութիւն է», ընդգծած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES