«ՆԵՐԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՊԸՐՐԻ

Նասեր Քանտիլ եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Նասեր Քանտիլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Քանտիլ յայտնեց, որ ինք շնորհաւորած է խորհրդարանի նախագահին պատմական կեցուածքը` համայնքային խտրութեան դէմ պայքարելու առումով:

Քանտիլ մաղթեց, որ լիբանանցի երիտասարդները կարենան իրենց շարժումներուն ընդմէջէն յանգիլ համայնքային վարչակարգի տապալման:

Ան կոչ ուղղեց արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը` ընկերակցութեամբ հայր Էլի Մատիի:

Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահը հաստատած է, որ ներլիբանանեան լարուածութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի չունենան կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն վրայ, որովհետեւ ժողովրդավարական խաղերը կը գտնուին երկրին սահմանադրութեան սահմաններուն մէջ եւ հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին հովանաւորութեան տակ:

Խազեն նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ համայնքային դրութիւնը ջնջելու առումով լիբանանցի երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուող ցոյցերը եւ ժողովրդային շարժումները:

Միւս կողմէ, Խազեն աւելցուց, որ ինք եւ հայր Մատի շնորհակալութիւն յայտնած են Պըրրիին` Պքերքէի մէջ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին նուիրուած մեծարգութեան պատարագին ներկայ գտնուելուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES