ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՇՐՋԱՆՑԵՑ 10 ՀԱԶԱՐԸ

Ցունամին աւերակոյտերու վերածեց ծովեզերեայ շրջանները

Ճափոնի մէջ երկրաշարժի եւ ծովաշարժի (ցունամի) զոհերուն թիւը շրջանցեց 10 հազարը, մինչ երկրին իշխանութիւնները աճապարեցին պայքարելու շարք մը հիւլէական կայաններու հնոցներու խանգարումին դէմ եւ հարիւր հազարաւոր աղէտեալ անձերու ըմպելի ջուր ու սննդեղէն տրամադրելու համար: Ճափոնի վարչապետը նշեց, որ ասիկա Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր յոռեգոյն տագնապն է:

Հիւլէական կայաններու աշխատաւորները պայքարեցան ցած պահելու ջերմաստիճանը շարք մը հնոցներու, որոնք երկրաշարժէն եւ ցունամիէն վնասուած էին: Պաշտօնատարներ զգուշացուցին հիւլէական կայանի մը մէջ տեղի ունենալիք երկրորդ պայթումէ մը, սակայն աւելցուցին, որ անիկա առողջութեան վտանգ մը պիտի չներկայացնէ:

Սաստիկ ցուրտը հիւսիսարեւելեան Ճափոնի մէջ անտուն մնացած հարիւր հազարաւոր վերապրողներու ողբերգական վիճակը ծանրացուց: Փրկարար աշխատանք տանողները շարունակեցին բազմաթիւ դիակներ դուրս բերել քանդուած տուներու  բեկորներու ցեխով ծածկուած կոյտերուն տակէն: Անոնք փրկեցին նաեւ 60-ամեայ անձ մը, որ ցունամիին կողմէ ծովուն բացերը քշուելէ ետք երկու օր իր տան քանդուած տանիքին վրայ մնացած էր, մինչեւ որ մարտանաւ մը զինք նշմարեց: Ան ծովափէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ էր:

Ուժգին երկրաշարժին պատճառով երկրագունդին առանցքը տասը սանթիմեթրով շեղեցաւ, իսկ Ճափոնի աշխարհագրական դիրքը 2.43 մեթրով փոխուեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES