ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՔԱՂԱՔԻ ԵՐԿՈՒ ԿԱԶՄԵՐԸ` ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻՆ ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄ

Մանչեսթըր Եունայթըտ - Արսենալ մրցումէն

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին Մանչեսթըր Սիթի, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պոլթըն եւ Սթոք Սիթի իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:

Կիսաւարտականի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 16 եւ 17 ապրիլին, առաջինին իրարու դէմ պիտի մրցին Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը, մինչ երկրորդին` Պոլթըն եւ Սթոք Սիթի:

Աւելի քան 74 հազար համակիրներու ներկայութեան, Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Արսենալի` շնորհիւ Ֆապիոյի (28-րդ) եւ Ուէյն Ռունիի (49-րդ) նշանակած կոլերուն:

Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ռիտինկի (Բ. դասակարգ)` շնորհիւ Միքահ Ռիչըրտզի նշանակած կոլին (74-րդ):

Սթոք 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ուեսթ Համի, եւ վերջապէս` չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Պոլթըն` Պիրմինկհեմի, 3-2 արդիւնքով:

 

Share this Article
CATEGORIES