ՔԱՆԻ՞ ՍԽԱԼ ՄԷԿ ՃԻՇԴԻ ՀԱՄԱՐ

Բնակարաններու սակե՞րը: Այլեւս հրատապ նիւթ չէ: Այս օրերուն, երբ բարեկամներ իրարու կը հանդիպին, աւելի հաւանական է, որ անոնք մտահոգ զրուցեն Թուրքիոյ կառավարութեան խնայողութեան այժմու հանգրուանի կրճատումներուն, սեղմումներուն, ինչպէս նաեւ Ուիքիլիքսի սպրդասացութիւններուն մասին, կամ քսան տարիքը թեւակոխածներուն պարագային` արդեօք երբեւիցէ աշխատանքի բաւարար առիթներ պիտի ըլլա՞ն:

Բրիտանիոյ մէջ կառավարութիւնը յաղթահարեց հանրային անտառները վաճառելու իր ծրագիրին նահանջը, երբ ամբողջ կեդրոնական Անգլիոյ մէջ ընթրիքներու հաւաքոյթներու ընթացքին մրմունջները վերածուեցան գոռում-գոչումի:

Ի՞նչն է, որ կը գրաւէ, կը զբաղեցնէ Թուրքիոյ մէջ շատախօսող դասակարգերը: Պատասխանը, կ՛ենթադրեմ, իշխանութեան ուժի օգտագործումն ու շահագործումն է:

Պոլիս Գահիրէ չէ, ոչ ալ Անգարան` Թրիփոլի կամ Թեհրան: Եթէ թրքական օրինակ, տիպար մը կայ, ատիկա օրինակ մըն է կառավաութեան, որուն աւելի բարգաւաճ վաղուան մը խոստումը վաւերական է, եւ ուր ընկերութիւնը իւրացուցած է թափանցիկութեան, պատասխանատուութեան եւ օրէնքի իշխանութեան արժէքները: Միաժամանակ հանրութիւնը կը գիտակցի, որ կը դիմակալէ բնականոն, բարոյական երկմտանքներ, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի անցեալի բռնատիրութեան կտակին հետ: Թրքական հանրութիւնը միայն մտահոգ չէ, այլեւ` շուարած, շփոթած, թէ ի՛նչ բանի համար պէտք է մտահոգուիլ:

Առնենք անցեալ շաբթուան լուրերը: Ոստիկանութիւնը յատուկ գործողութեամբ մը ձերբակալեց անձնակազմը համացանցի վնասակար կայքէջի մը, որ կը փսխէր թունաւոր հռետորութիւն` փորձելով հրահրել բոլորին զայրոյթը:

Այսուհանդերձ, այնքան ալ մեծ չէ թիւը անոնց, որոնք կը հաւատան, թէ Օտաթվ-ը իսկական սպառնալիք մըն է երկրին պարկեշտութեան, եւ թէ` ոստիկանութիւնը ձեռնակապերով եւ մահակներով պէտք էր ճզմէր սակաւաթիւ անմիտները:

Այլ դէպք մը կը վերաբերի Պետական խորհուրդի որոշումին` Տողան խմբակին դէմ հաստատուած 1,8 թրիլիոն թրքական ոսկիի տուգանքի ջնջումին: Դարձեալ, ոչ ոք պիտի պաշտպանէ այս կազմակերպութեան անցեալի գործունէութիւնը, եւ ես խոստովանած եմ իմ անկարողութիւնս նոյնիսկ կոկորդիլոսի արցունքներ թափելու անոր դժուարին կացութեան կամ ուխտին վրայ: Միեւնոյն ատեն ոչ ոք հաւատաց, որ տուգանքը արդար էր, կամ, աւելի կարեւոր` քաղաքական դրդապատճառներէ զերծ:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ինչ որ մրմնջաց քիթին տակէն, կ՛ենթադրեմ, թէ Անգարայի ամբողջ դիւանագիտական անձնակազմերը կը նկատեն անշրջելի ճշմարտութիւն, որ այս կառավարութիւնը հակառակ չէ հեղձուցիչ տարակարծութեան: Ան յստակօրէն չ՛ուզեր տեսնել, որ փտածութեան ամբաստանութիւններ կ՛ուղղուին խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններէն առաջ:

Կը թուի, թէ շատեր կը փորձեն աչք խփել այս առաւելութիւններուն, հաւանաբար որովհետեւ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ այսպիսի զօրեղ բազուկի ռազմավարութիւնը թրքական հանրապետութեան պատմութեան մէջ օգտագործուած է, եւ արդարեւ, նախկին չափանիշներով ատոնք վստահօրէն ուժի չարաչար գործածութեան ամէնէն վատ օրինակները չեն:

Այս կառավարութիւնը թերեւս նեղէ իր չախորժած հաղորդակցութեան, տեղեկատուութեան միջոցները:

Անցեալին ընդդիմադիր թերթեր ականահարուած են, եւ այլախոհ լրագրողներ, թղթակիցներ` սպաննուած:

Եւ անշուշտ միւս պատճառը, թէ ինչո՞ւ կառավարութեան կողմնակիցները չեն արտայայտուիր, այն է, որ անոնք կը զգան, թէ անցեալի գաղտնի, սմսեղուկ ռազմավարութեանց զոհերը եղած են, եւ թէ` ժամանակը եկած է կրակին դէմ կրակով կռուելու:

Էրկենեքոնի դատական հետապնդումները ծափահարողները պէտք է մտահոգ ըլլան, որ եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր ուժը, իշխանութիւնը կորսնցնէր, իրե՛նք զոհերը պիտի ըլլան նոյնանման դատական հետապնդումներու:

2007 թուականի ընդհանուր ընտրութիւններուն ամէնէն մեծ հարցը այն էր, թէ ո՛վ իրաւունքը ունի կառավարելու, իշխելու:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յաջող կերպով, եւ իրաւացիօրէն, հաստատեց, որ զինուորականութեան գործը չէ որոշելը, թէ ո՛վ պիտի ընտրէ երկրի հանրապետութեան նախագահը:

1997 թուականին Բարօրութիւն կուսակցութիւնը սարսռաց` միջամտելու զինուորականութեան սպառնալիքին դիմաց, եւ անոնք ճիշդ ժամանակին, ըստ արժանւոյն ստորագրեցին Ազգային ապահովութեան խորհուրդին որոշումը, բանաձեւը, որ գործնականին մէջ զիրենք կը նկատէր երկրի մեծագոյն սպառնալիքը:

Տասնամեակ մը ետք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը զինուորականութեան ըրածը խաբկանք անուանեց եւ երկրին կոչ ուղղեց որոշելու, թէ ո՛վ օրինական իրաւունքը ունի իշխանութեան:

Այն պահուն, երբ նոր ընտրութիւնները հորիզոնին վրայ են, Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ինքզինք զոհ ցոյց տալու ռազմավարութեան կը հետեւի: Անոնք զբաղած են ընտրողներուն յիշեցնելով, որ զինեալ ուժերը իրականութեան մէջ չեն վերադարձած իրենց զօրանոցները, եւ թէ` անոնք տակաւին պատրաստ են դիմադրելու, ասպարէզ կարդալու ընտրողներու փափաքներուն:

Ասիկա ռազմավարութիւն մըն է, որ կրնայ սխալիլ, եթէ այդ նոյն զոհերը իբրեւ նախայարձակ նկատուին, ճանչցուին:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS