ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ. ՕՄԱՆ ԿՐՆԱ՞Յ «ՅԱՋՈՐԴ ԵԳԻՊՏՈՍԸ» ԸԼԼԱԼ

Սոհար նաւահանգիստ-քաղաքի վայրագութեան մակարդակը` մասնագէտներուն համար անակնկալ:

Դէտեր լարուած ջիղերով կը հետեւին Օմանի դէպքերուն, անցեալ ամսեվերջին տեղի ունեցած աննախընթաց ցոյցերէն ետք, որոնց ընթացքին մարդիկ սպաննուեցան:

Մեծ հարցումը այն է, թէ նախապէս կայուն Ծոցի այս երկիրը, որուն բնակչութեան կարեւոր համեմատութիւնը երիտասարդ է, կրնա՞յ յաջորդ Եգիպտոսը կամ Թունուզը ըլլալ, եւ թէ` կրնա՞յ ըլլալ, որ խռովութիւնները տարածուին դէպի դրացի հսկայ Սէուտական Արաբիա:

Օմանի եւ աւելի ընդարձակ արաբական հանրապետութիւններու գլխաւոր, բանալի տարբերութիւններէն մէկը այն է, որ ժողովուրդը վարչակարգի հիմնական փոփոխութիւն չի պահանջեր (ցարդ):

Փոխարէնը` անոնք պահանջած են այնպիսի բարեփոխումներ, որոնք ուղղակի կ՛առնչուին, կ՛ազդեն իրենց կեանքին վրայ. աշխատանքի առիթներու ստեղծում, սննդամթերքի, ուտեստեղէնի բարձրացող սակերու վրայ յաւելեալ պետական հսկողութիւն, կիսով ընտրուած խորհրդարանի ստորին պալատի լիազօրութիւններու յաւելում, կառավարութեան կարգ մը անդամներու զգալի փտածութեան դադրեցում:

Ցուցարարները նաեւ ուղղակի չքննադատեցին Օմանի ղեկավար Սուլթան Քապուս պըն Սայիտը, որ վերջերս նշեց իր իշխանութեան քառասնամեակը:

Ծոցի երկիրներու զարգացումներուն երկար ատենէ հետեւող դէտերուն համար, անակնկալ մը չէր օմանցիներուն ցոյցը: Վերջին քանի մը ամիսներուն երկու առիթներով խաղաղ ցոյցեր տեղի ունեցած էին: Բայց վայրագութեան մակարդակը Սոհարի մէջ` Օմանի ճարտարարուեստի մարզի կեդրոնը, շատերը անակնկալի բերաւ, ցնցեց:

Սոհարի սպանութիւններուն լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներ Մասքաթէն պահանջեցին` ինքնազսպում, երկխօսութեան նախաձեռնում եւ բարեփոխումներու գործադրում, որպէսզի «քաղաքական խաղաղ հոլովոյթ»ին մասնակցութիւնը ընդարձակուի:

«ՔԱՅԼ ՄԸ ԵՏ»

Օմանի բարեկարգումները շատ քիչ եւ շատ ուշ են: Ատոնք ժողովուրդին ակնկալութիւններէն քայլ մը ետ են:

Օման երկար ատենէ օգտակար արաբ դաշնակից մըն է ոչ առնուազն հետզհետէ մեկուսացող Իրանի հետ իր կայուն յարաբերութիւններուն համար: Օմանի մասնակցութեան շնորհիւ է, որ ապահովուեցաւ ամերիկացի ուղեւոր Սարահ Շուրտի ազատ արձակումը Թեհրանի բանտէն (2010 սեպտեմբեր):

Սուլթան Քապուս ցարդ արձագանգած է Ծոցը յատկանշող ձեւով` նուէրներ բաշխելով, աշխատանքի նոր առիթներ ստեղծելով եւ կառավարական արագ փոփոխութիւններ յայտարարելով:

Այս քայլերը բաւարար պիտի ըլլա՞ն հանդարտեցնելու համար ցուցարարները, որոնք անցեալ շաբաթ հաւաք մը կայացուցին Մասքաթի մէջ:

Կարգ մը դէտեր զիջումները կորուստ կը նկատեն` հարցնելով, թէ արդէն իսկ յագեցած հանրային մարզը ինչպէ՞ս կրնայ  խոստացուած 50 հազար պաշտօններ յատկացնել, եւ շեշտելով, թէ սեփական մարզն է, որ պէտք է մղուի աշխատանքային առիթներ ստեղծելու:

Վերլուծաբաններ կ՛ըսեն, թէ կառավարութիւնը (նախարարական փոփոխութիւններէն առաջ) կազմուած է համակարգին մէջ եղողներով:

«Հիմնականին մէջ բարեփոխումները շատ քիչ եւ շատ ուշ են: Ատոնք ժողովուրդին ակնկալութիւններէն քայլ մը ետ են», ըսաւ ակադեմական մը, որ խնդրեց ինքնութիւնը չբացայայտել` կացութեան զգայուն ըլլալուն պատճառով:

Սուլթան Քապուս իսկական ժողովրդականութիւն կը վայելէ Օմանի մէջ

Օմանի եւ դրացի երկիրներու միջեւ բանալի տարբերութիւններ կան, ինչպէս` Պահրէյն, ուր շաբաթներէ ի վեր խռովութիւններ տեղի կ՛ունենան: Օման կազմակերպուած եւ յանձնառու ընդդիմութիւն մը չունի, ինչպէս որ կայ Մանամայի մէջ, եւ քաղաքական համակարգին մէջ լուրջ ուժ մը չկայ, որպէսզի փոփոխութիւն պահանջէ:

 

Օման նաեւ զերծ է հատուածային բաժանումէ, բան մը, որ երկար ատենէ խնդիրներ կը ստեղծէ Պահրէյնի համար, եւ հայրենիքէն դուրս ապրող քաղաքայիններու հաւասարակշռութիւնը, Ծոցի այլ երկիրներու հետ բաղդատած, շատ լուրջ չէ: Քաղաքացիական հանրութիւնը տակաւին շատ տկար է եւ սուլթան Քապուս իսկապէս ժողովրդականութիւն կը վայելէ:

Բրիտանիոյ Արքայական Սանտհրաթ զինուորական ակադեմիայէն շրջանաւարտ միապետը հին դաշնակիցն է Լոնտոնի:

Օմանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ առեւտրական  յարաբերութիւնները եւս կարեւոր են: Զէնքի բրիտանացի գործարանատէրեր տասնամեակներու ընթացքին հսկայական շահեր ապահոված են:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Ծոցի վերջին շրջապտոյտին (փետրուարի վերջաւորութեան) Մասքաթ հրաւիրուեցաւ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ` ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

Քանի որ Օման երկար ատենէ ի վեր Ծոցի ամէնէն կայուն երկիրներէն է, վերլուծաբաններ ուշադիր կը դիտեն անոր դրացին` Սէուտական Արաբիան, որեւէ «վարակիչ» նշանի մը համար, որ եթէ խռովութիւնները հարուածեն սուլթանութիւնը, ի՞նչ պիտի պատահի Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան, որ կը տառապի աւելի լուրջ հարցերէ:

11 մարտին սէուտական «Զայրոյթի օր» կայացնելու կոչ եղաւ: Միայն քանի մը շաբաթ առաջ վերլուծաբաններ պիտի ըսէին, թէ ցոյցերու ոչ մէկ հաւանականութիւն կայ, բայց այժմ այնպէս կը թուի, թէ վայրագութեան հողը պատրաստէ:

ՕՄԱՆԻ ՍՈՒԼԹԱՆՈՒԹԻՒՆ
– 1774-էն ի վեր կը տիրապետէ Սայիտ գերդաստանը:
– Սանտհըրսթի մէջ մարզուած Քապուս սուլթանը իշխանութիւնը ձեռք առաւ իր հօրմէն, 1970-ին:
– Բնակչութիւն` 2,9 միլիոն:
– Գլխաւոր արտադրութիւն` քարիւղ:

 

Բազմաթիւ ձեւերով Սէուտական Արաբիա Ծոցի երկիրներուն մէջ ամէնէն լուրջ խնդիրները ունի. բազմամարդ, երիտասարդ եւ երբեմն ըմբոստ, անհանդարտ բնակչութիւն մը, որ կը մաշի ծերացող ղեկավարութեան տիրապետութեան տակ:

Երկրին մէջ բնորոշ են` գործազրկութիւնը, փտածութիւնը, քաղաքական անբաւարար յառաջընթացը  եւ անհատական ազատութիւններու սակաւութիւնը:

Խռովութիւններ տեղի ունեցան Նաժրան շրջանի եւ քարիւղով հարուստ արեւելեան շրջանին մէջ, ուր փոքրամասնութիւն եղող շիի բնակչութիւնը կեդրոնացած է:

Ապտալլա թագաւոր արտասահմանի մէջ բուժումի եւ ապաքինումի շրջան մը բոլորելէ ետք, 23 փետրուարին Ռիատ վերադարձաւ: Ասիկա անկասկած հանգստացուց իր կողմնակիցներէն եւ մարդոցմէ ոմանք: Թագաւորը ժողովրդական միապետ մըն է եւ տասնամեակներու ընթացքին ճկուն իշխանութեամբ ղեկավարած է Սէուտական Արաբիան` այլ սասանող շարժումներուն ընդմէջէն` համաարաբականութենէն մինչեւ իրանեան յեղափոխութիւն եւ մինչեւ իսլամական ահաբեկչութիւններ: Բայց բազմաթիւ սէուտցիներ դժգոհ մնացին թագաւորին վերադարձին առիթով կատարուած շնորհներէն, նուէրներէն շուրջ 36 միլիառ տոլար բաշխուեցաւ ընկերային ծրագիրներու, աշխատանքի առիթներու ստեղծման ծրարներու եւ աշխատավարձերու յաւելումին:

Այս խառնուրդին աւելցաւ հետզհետէ բազմացող յեղյեղուկ, ապիկար խմբակը իշխաններու եւ այն տեղեկութիւնը, թէ թագաւորը տակաւին ամբողջովին չէ ապաքինած դեկտեմբերին տեղի ունեցած վիրահատութենէն ետք:

Ոչ հաւաստի լրատու աղբիւրի մը վերջերս հաղորդած մէկ պատմութիւնը կ՛ըսէ, թէ Ապտալլա թագաւոր մահացած է, տեսած է քարիւղի սակին ոստումը` նախքան կայունանալը:

Բազմաթիւ արեւմուտքցի դէտեր ճի՛շդ ասկէ կը վախնան, խռովութեան նուազագոյն նշանը Սէուտական Արաբիոյ մէջ, որ քարիւղ արտադրող աշխարհի ամէնէն մեծ երկիրն է, կրնայ լուրջ հարուած մը հասցնել համաշխարհային տնտեսութեան:

ԷԼԻՈՆՈՐ ԿԻԼԵՍՊԻ

Share this Article
CATEGORIES