ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ԼԻՊԻՈՅ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ

Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիին հաւատարիմ ուժեր երէկ ռմբակոծեցին մայրաքաղաք Թրիփոլիէն արեւմուտք գտնուող Միսրաթա քաղաքը` ընդլայնելով երկրին արեւմտեան շրջանէն ըմբոստները դուրս մղելու արշաւը, իսկ արեւելեան Լիպիոյ մէջ անոնց արշաւը դանդաղեցաւ` շնորհիւ ըմբոստներուն ցուցաբերած դիմադրութեան:

Քազզաֆիի ուժերը մինչեւ երէկ առաւօտ ռմբակոծեցին Միսրաթան, սակայն հետագային ռմբակոծումը դադրեցաւ: Ըստ ըմբոստներուն, քաղաքին շուրջ հաւաքուած Քազզաֆիի համակիր ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, երբ կարգ մը ուժեր մերժած են քաղաքին վրայ արշաւել:

Արեւելեան Լիպիոյ մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած բուռն ռմբակոծումին պատճառով Պրիքայէն հեռացած ըմբոստները վերադարձան քաղաք: Կը թուի, թէ Քազզաֆիի ուժերը մարդուժի պակասէ կը տառապին եւ քաղաք մը բուռն կերպով ռմբակոծելէ ետք դժուարութիւն ունին, զայն իրենց վերահսկողութեան տակ պահելու: Ըմբոստները յայտարարեցին, որ Քազզաֆիի մասնայատուկ ուժեր Խամիսէն զինուորներ գերեվարած են:

Քազզաֆիի ուժերը երկուշաբթի օր ձեռնարկեցին Թրիփոլիէն 110 քիլոմեթր արեւմուտք եւ Թունուզի հետ սահմանին մօտ գտնուող Զուարա քաղաքը գրաւելու փորձի մը` բուռն կերպով ռմբակոծելով քաղաքը: Ըստ կարգ մը ականատեսներու, այդ ուժերը մուտք գործած են քաղաք եւ յառաջացած մինչեւ քաղաքի մզկիթը:

 

Share this Article
CATEGORIES