ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՓԱՐԱԿՈՒԷՅԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ

Փարակուէյի դեսպանը եւ Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Փարակուէյի նոր նշանակուած դեսպան Մարսիալ  Պոպատիլիա Կիլիենը (նստավայրը`  Մոսկուա)`  հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով:

Շնորհաւորելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց անոր իր նոր առաքելութեան մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Փարակուէյի  առաջին դեսպանին հաւատարմագրումը պիտի նպաստէ հայ-փարակուայական կապերու խորացման` ամուր հիմքեր ստեղծելով անոնց հետագայ զարգացման համար:

Դեսպան Կիլիեն շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթանքներուն համար եւ յայտնեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան հաստատումով, եւ իր նշանակումը այդ ցանկութեան վկայութիւնն է: Ան վստահեցուց, որ պիտի կատարէ առաւելագոյնը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման համար:

Նախարար Նալբանդեան ողջունեց փարակուէյական կողմի առաջարկը երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարելու վերաբերեալ եւ համաձայնութիւն գոյացաւ մօտիկ ապագային համապատասխան յուշագիր ստորագրելու մասին:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու յաւելեալ խորացման առնչուող հարցեր եւ կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Փարակուէյի համագործակցութեան սերտացումը միջազգային կազմակերպութիւններու, յատկապէս` ՄԱԿ-ի շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակեցին շրջանային խնդիրներուն շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES