ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՇՐՋԱՆ

Ըստ ազրպէյճանական 1news.az լրատուական կայքէջին, երէկ , Պաքու այցելած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Իկոր Փոփով տեղեկացուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջանային այցելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն պիտի ներկայացնեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով գնահատման առաքելութեան զեկուցումը:

Ըստ անոր, միւս համանախագահները նաեւ շուտով պիտի այցելեն Պաքու: Այսօր տեղի պիտի ունենան ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւնները Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ:

Ազրպէյճանական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ այդ բանակցութեանց ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Աղտամի 9-ամեայ բնակիչի մը սպանութեան հարցը:

Փոփով տեղեկացուց, որ համանախագահները Երեւան պիտի այցելեն 16 մարտին` միաժամանակ նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելել-չայցելելու մասին տակաւին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն չունի:

Share this Article
CATEGORIES