ՃԱՏՐԱԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՇԱԲԱԹ, 19 ՄԱՐՏԻՆ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 19 մարտին կը սկսի Լիբանանի ճատրակի 2011-ի տարիքային ախոյեանութիւնը` Ժամհուր վարժարանին մէջ:

Այս ախոյեանութիւնը պիտի երկարի երկու շաբաթավերջերու վրայ: Շաբաթ, 19 մարտին տեղի պիտի ունենան առաջին հանգրուանի մրցումները, իսկ կիրակի, 20 մարտին` 2-րդ եւ 3-րդ հանգրուանի մրցումները: Շաբաթ, 26 մարտին տեղի պիտի ունենան 4-րդ հանգրուանի, իսկ կիրակի, 27 մարտին` 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուանի մրցումները:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել այս ախոյեանութեան, պէտք է առաւելագոյնը մինչեւ հինգշաբթի, 17 մարտ կապ հաստատեն ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վարդան Նաճարեանի հետ` հեռաձայնելով 03-305233 թիւին:

 

Share this Article
CATEGORIES