ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔԸ ԹԵՒԱԿՈԽԵՑ ԻՐ Բ. ՏԱՐԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական թելադրանքով` անցեալ տարի կեանքի կոչուած «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ կրօնագիտութեան նիւթերու աշակերտական մրցումները, երկրորդ տարին ըլլալով, սկսան խանդավառ եւ յուսադրիչ նոյն մթնոլորտին մէջ:

Շաբաթ, 12 մարտ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, լիբանանահայ 17 վարժարաններ ներկայացնող շուրջ 60 աշակերտ-աշակերտուհիներ դարձեալ ժամադրուած էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի սրահին մէջ` միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու լիբանանահայ աշակերտութեանց հայ լեզուի եւ գրականութեան զոյգ մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար: 17 լիբանանահայ միջնակարգ վարժարաններ ներկայացնելու եկած էին 34 աշակերտ-աշակերտուհիներ, իսկ 12 երկրորդական վարժարանները` 23 թեկնածուներ:

Հայոց պատմութեան եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանքը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ օր, այս տարի նաեւ պիտի ընդգրկէ հայ մշակոյթին վերաբերող հարցումներ: Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական թելադրանքով` այս տարի, կազմակերպիչ յանձնախումբը հաստատեց ասմունքի մրցանքը` արտասանական շնորհ ունեցող հայ աշակերտները գործնապէս քաջալերելու եւ արուեստի այս սեռին շուրջ յաւելեալ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու յստակ նպատակով: Ասմունքի մրցանքները պիտի սկսին 26 մարտէն սկսեալ:

Share this Article
CATEGORIES