ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԱՅՆՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ 5 ՄԱՅԻՍ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ՉԿԱՅ, 7 ՄԱՅԻՍ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՂ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ»

Զօր. Աուն կը պատասխանէ լրագրողներու հարցումներուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք փորձած է հասկնալ կիրակի օրուան հաւաքին արտասանուած խօսքերուն բովանդակութիւնը, ցոյցին մասնակիցներուն թիւը եւ այդ ցոյցին նպատակը: «Ինչ որ հասկցանք այն է, որ անոնք «Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ զէնքին» կ՛ըսէին, իսկ «Այո՛, այո՛ պաշտպանութեան»: Ինչպէ՞ս կարելի է ինքնապաշտպանութիւն կատարել առանց Դիմադրութեան եւ ո՞վ ըսաւ, որ մենք կը մերժենք բանակը, ընդհակառակն` մենք ենք, որ կ՛ուզենք բանակը», ըսաւ զօր. Աուն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հարց տուաւ, թէ ո՞վ լիբանանեան բանակը զրկած է մարոնիներէն, ո՞վ սպաննած է անոր զինուորները եւ ո՞վ ֆինանսաւորած է անոնք, որոնք վերջերս բանակի զինուորներն ու սպաները սպաննեցին հիւսիսի մէջ: «Մենք ենք, որ կը փափաքինք բանակը հզօրացնել եւ ոչ թէ անոնք, որոնք կ՛արգելակեն բանակին կատարուելիք օժանդակութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ Դիմադրութիւնն է ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանողը, իրենք պիտի զօրակցին Դիմադրութեան:

Անդրադառնալով կիրակի օրուան ցոյցին մասնակցողներուն թիւին` զօր. Աուն յայտնեց, որ ճարտարապետներու ներկայութեամբ կարելի է գիտնալ այդ թիւերը, որոնք մեզի համար կարեւոր չեն, այլ կարեւորը այդ նախաձեռնութեան ճակատագիրն է:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն շեշտեց, որ եթէ 5 մայիս պատճառող կողմեր չկան, ապա 7 մայիս ստեղծող կողմեր պիտի չըլլան: Ակնարկելով կառավարութեան կազմութեան` զօր. Աուն յայտնեց, որ մինչեւ օրս տակաւին հանդիպում մը չէ ունեցած վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, սակայն «մենք կը համբերենք, որպէսզի անոնք հանդարտօրէն աշխատին»:

Նշենք, որ զօր. Աուն շնորհաւորեց մարոնի համայնքի նորընտիր պատրիարք Պշարա Ռային եւ մարոնի համայնքը` մաղթելով, որ Աստուած կարողութիւն տայ Ռայի պատրիարքին նուաճումներ գործելու եւ լիբանանցիներուն ու մարոնի համայնքի զաւակներուն ձգտումները իրականացնելու: Ան յաջողութիւն մաղթեց Ռայի պատրիարքին` շեշտելով անոր նկատմամբ իր զօրակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES